Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնութեամբ. Մրցանակաւոր Մեր Աշակերտներուն Գիրքը Կարդացէք
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Լիբանանահայ մեր կեանքին մէջ աննախընթաց կը թուի ըլլալ նման նախաձեռնութիւն: Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան-հրատարակչատան կազմակերպած գիրքի ցուցահանդէսին հետեւեցան հայ լեզուի զարգացման եւ ճիշդ հնչեղութեան առնչուած մրցումներ, որոնք տեղի ունեցան 2012-ի 23 մարտէն մինչեւ 9 ապրիլ: Ստեղծուեցաւ հիանալի գործակցութիւն, քանի որ տարին «Հայ գիրքի» տարի էր` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետ Արամ Ա. կաթողիկոսին հռչակումով: Առիթը ձեռնտու էր եւ օգտագործելի: Մրցումներ յայտարարեց «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութիւնը` գիր ու խօսքի, աշակերտական մակարդակի ստեղծագործական աշխատանքներու, լիբանանահայ վարժարաններու մասնակցութեամբ:
Մօտ ամիս մը «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը եռուզեռի մէջ մնաց: Նախ ցուցադրուեցան գիրքեր, գլխաւորաբար` մանկապատենական հրատարակութիւններ, նաեւ` այլ լեզուներով լոյս տեսաւ: Ցուցահանդէս-վաճառքը ունեցաւ բախտաւորներ` յատուկ վիճակաձգութեամբ, մինչեւ` Հայաստան երթ ու դարձի տոմս:
Եթէ նման նախաձեռնութիւններու չհետեւի բնական եւ լուրջ կազմակերպուածութիւն, աշխատանքը կը կաղայ եւ իր նպատակին չի հասնիր:
Վկաները եղանք տարուած բծախնդիր աշխատանքին, ծրագրուած գործունէութեան: Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան առաքելութիւնը կը սկսի հայ գիրքի լոյս ընծայումով եւ զայն տարածելու աշխատանքով: Գիրք մը ստեղծելն էր կենսականը, բայց այս անգամ` աշակերտներու կողմէ գրուած եւ հրատարակուած:
Իւրաքանչիւր մասնակից վարժարան իբրեւ թեմա պիտի ունենար գիրքը, հայոց լեզուն եւ անոր նուիրեալները:
Չորս անդամներէ բաղկացած դատական կազմը կարդալէ եւ քննելէ ետք, գնահատանքի արժանացուցած է հայ վարժարաններու աշակերտներ: Նշենք, որ մրցման պիտի մասնակցէին միայն միջնակարգի երեք դասարանները, 7, 8 9-րդ դասարաններու աշակերտները: Լաւագոյն գնահատականը ստացած էին հետեւեալ եօթը վարժարաններու աշակերտները:
Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան` երեք մրցանակ, դասարանային երեք բաժիններով, 9-րդ, 8-րդ եւ 7-րդ դասարաններ:
Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ` 9-րդ եւ 8-րդ դասարաններ: Ազգ. Լ. եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ` 9-րդ դասարան, Հայ աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան` 9-րդ եւ 8-րդ դասարաններ: Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան քոլեճ` 8-րդ եւ 7-րդ դասարաններ: Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձր. վարժարան` 7-րդ դասարան: Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարան` 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններ:
Իւրաքանչիւր դպրոց ունեցած է իր շնորհալի գրողներու խմբակ մը, թեմային պատմութիւնը ներկայացնելու, երկրորդ խմբակ մը` տուեալ պատմութեան յարմար նկարներ գծելու:
Երբ սկսանք կարդալ, կարծեցինք, թէ հասուն տարիքի գրողներ են: Ընդհանրապէս որդեգրած են երեւակայութեան սլացք տուող գրելաձեւ մը, որ տեղ-տեղ զգեցած է հեքիաթի բնոյթ: Անոնք դիմած են այս ձեւին, որովհետեւ կախարդական թռիչքով, այլաբանական ոստումներով հասած են մեր հին դարերը, հանդիպած են Մեսրոպ Մաշտոցին, մեր սուրբերուն, հերոսներուն, մինչեւ Սասունցի Դաւիթ եւ Ձէնով Օհան, եւ դեռ ինչե՜ր, ինչե՜ր…
Այս մրցանքը խայծ մը եղած է մեր թարմատի սերունդին` առաւելագոյն ճիգերով պրպտելու հայոց պատմութեան էջերը, իրենց սորվածին եւ գիտցածին վրայ յաւելեալ մանրամասնութիւններ գումարելով, ինչ որ խրախուսեց մեզ եւ ապահովեց ապագայի նկատմամբ, թէ պիտի գոյատեւենք հայկական դիմագիծը անաղարտ պահած հայորդիներով:
Այս կապակցութեամբ կ՛ուզենք շնորհաւորել անոնց ուսուցիչները, որոնք յստակ եւ ճշգրիտ ուղղութեամբ առաջնորդած են իրենց աշակերտները` անոնց երեւակայութիւնը զարգացնելով եւ հայկական ջիղը զօրացնելով: Այս է, որ կ՛ըսենք` ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄ:
Հիացանք նոյնպէս պատանի գեղանկարիչ աշակերտներուն վրձինին եւ երեւակայութեան, անոնց գունաւորած գեղեցիկ նկարներուն, որոնց մէջ տիրապետող հայոց այբուբենը` տարբեր ձեւերով եւ գոյներով: Դիմանկարներ, բնութեան եւ աշխարհագրական տեսարաններու ներկայացում, անշուշտ` հայոց աշխարհի բնանկարներէն ներշնչուած: Անկեղծ ենք մեր արտայայտութիւններուն մէջ, գիտութեան եւ արհեստագիտութեան դարուն չեն մոռցած մեր արժէքները, նուիրական աւանդութիւնները, սրբութիւնները, թեւաւորած են անոնց միտքերը, մաքուր է եւ հայադրոշմ անոնց հոգին: Այս ամէնը միայն հայ դպրոցին մէջ կը փոխանցուի:
Ինչ կը վերաբերի անոնց լեզուական գիտութեան, գրելու ոճին, մէջբերուած փաստարկումներուն, մէկը միւսին գերազանցող, դիպուկ, ոչ շատախօս, այլ` նիւթին մատչելու արարումով: Ոչ մէկ տող անտեսեցինք:
Կարդացինք գիրքը ծայրէ ծայր, զոր պատրաստած էր իւրաքանչիւր դպրոց, զանոնք ի մի բերած էին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութիւնը եւ անձնակազմը, ներկայանալի ձեւաւորումով:
Մեր աշակերտները սորված են պրպտել եւ օգտագործել համայնագիտարան եւ համակարգչային գիտելիքներ: Ուրեմն համակարգիչը ժամանցի համար չէ, այլ` գիտելիք ստանալու «ուղեղ»: Նոր սերունդը պէտք է լաւ հասկնայ այս իրողութիւնը եւ գիտնայ արժեւորել համակարգիչին ընկերակցութիւնը:
Մեր աշակերտները այս գիրքով ներկայացուցած են նաեւ իրենց ԽՕՍՔԸ: Անոնք տուած են իրենց կարծիքը, տեսակէտները Յակոբ Մեղապարտին, «Ուրբաթագիրք»-ին, եւ` բացատրած, թէ ինչո՛ւ Յակոբ Մեղապարտ այս գիրքը անուանած է «ՈՒՐԲԱԹԱԳԻՐՔ»:
Սիրելի՛ ընթերցող, գիտէի՞ր, թէ հայոց առաջին գիրքը տպուած է 1512-ին, եւ այս տարի 500-ամեակն էր առաջին հայ գիրքին տպագրութեան:
Մեր աշակերտները էջեր գրած են այս մասին եւ յանձնած` մեր զաւակներուն եւ անոնց ծնողներուն:
Սիրելի՛ ընթերցող, գիտէի՞ր, թէ 1512 թուականէն ետք մինչեւ 1660-ական թուականները քանի՞ հայերէն գիրք տպուած է եւ ի՞նչ միջոցներով, ո՞ր քաղաքներու կամ երկիրներու մէջ, Եւրոպայէն մինչեւ Ասիա: Գիտէի՞ր, թէ այդ դարերու յաջորդական տարիներուն տպուած են հինգ գիրքեր. համրենք:
«Ուրբաթագիրք» պարզատումար», «պատարագատետր», «Աղթարք եւ տաղարան»: Միտք պահէք այս անունները եւ թուականները, հաւատարիմ հայորդիներ կը կոչուիք: Ուրեմն կարդացէք այս գիրքը, որուն հեղինակները ձեր զաւակներն են` սիրելի, խելացի, ազնիւ եւ աշխատասէր աշակերտներ:
Նկատառելի վրիպակ մը նշմարելի է, որ կը վերաբերի 1512-ին, Յակոբ Մեղապարտի լոյս ընծայած «Ուրբաթագիրք»-ին տպուած վայրին, որ ոմանց համար Վենետիկն է, ուրիշներու համար` Ամսթերտամ (Հոլանտա): Ո՞րն է արդեօք ճիշդը. այս իրողութիւնը վրիպած է սրբագրիչներու ուշադրութենէն: Վենետիկ է ճիշդը:
Վերամուտի սա խորհրդաւոր օրերուն բարին կը մաղթենք մեր վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, հոգաբարձութեանց եւ վարժարանին սատարող մեր բարերարներուն:
Այս ամէնը գրելէ ետք մեր վերջին խնդրանքն է` գիրք կարդացէք, եւ այս օրերուն մասնաւորաբար, ձեր զաւակներուն` այս նոր գիրքը:


