Քարթինկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. 6-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Արդիւնքները
Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին շաբաթ, 27 հոկտեմբերին, «Փիթ Սթափ»-ի վազքուղիին վրայ (Զուք) տեղի ունեցան Լիբանանի քարթինկի 2012 տարեշրջանի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումները:
10-13 տարեկան դասակարգին մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Քարլ Խըտրա, որ արձանագրեց 23′ 27″ 87 արդիւնք մը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի 14-17 տարեկան դասակարգին, առաջին հանդիսացաւ Մայքըլ Փաթրիք Ազար, որ արձանագրեց 22′ 00″ 14 արդիւնք մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի պատասխանատուներուն կողմէ:
CATEGORIES Մարզական


