Հեծելարշաւ. Արմսթրոնկի Եօթը Տիտղոսները Ոեւէ Մէկուն Պիտի Չտրուին

Հեծելանւորդներու միջազգային ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ խթանիչ դեղերու գործածութեան համար կախակայուած ամերիկացի հեծելանւորդ Լենս Արմսթրոնկի «Թուր տը Ֆրանս»-ի եօթը տիտղոսները պիտի չտրուին ոեւէ մէկու:

Նմանօրինակ որոշում պիտի տրուի նաեւ բոլոր այն մարզիկներուն համար, որոնք 1998-2005 տարիներուն խթանիչ դեղեր գործածած են:

Վերոնշեալ ֆետերասիոնը Արմսթրոնկէն նաեւ պահանջեց, որ ան վերադարձնէ բոլոր այն նիւթական գումարները, զորս ստացած էր ան այդ տարիներուն` իր ստացած տիտղոսներուն զուգահեռ:

Share this Article
CATEGORIES