Լիբանանեան Պասքեթպոլ. 2012-2013 Տարեշրջանին Ազդանշանը Շաբաթով Մը Յետաձգուեցաւ

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած յատուկ ժողովին ընթացքին որոշեց Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը շաբաթով մը յետաձգել:

Սկզբունքով Ա. հանգրուանի մրցումները, որոնք պիտի սկսէին շաբաթ, 27 հոկտեմբերին, այժմ պիտի սկսին ուրբաթ, 2 նոյեմբերին:

Այդ յետաձգումը կատարուեցաւ, որպէսզի գոյանան յաւելեալ համաձայնութիւններ, ինչ կը վերաբերի լիբանանեան պասքեթպոլը յուզող կարգ մը հարցերուն:

Նշեալ ժողովը կը գլխաւորէր Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթ:

 

Share this Article
CATEGORIES