«Օլտ Թրեֆորտ»-ի Մէջ Մանչեսթըր Եունայթըտ Ալեքս Ֆերկըսընի Արձանը Պիտի Զետեղէ

Պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով` «Փրեմիեր լիկ»-ի դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Եունայթըտ յայտնեց, որ ակումբի մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի պաշտօնավարութեան 26-րդ տարուան առիթով եւ անոր նկատմամբ իբրեւ երախտագիտութիւն, անոր արձանը պիտի զետեղէ «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ, կը յայտնէ «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը:

Արձանը պիտի զետեղուի յառաջիկայ 23 նոյեմբերին, Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն օր մը առաջ:

Ճիշդ այս մրցակիցին դէմ էր, որ այս դաշտին վրայ 22 նոյեմբեր 1986-ին Ֆերկըսըն իբրեւ մարզիչ կատարած էր իր առաջին մրցումը:

Արձանը պիտի զետեղուի ակումբին այն մուտքին մօտ, ուր տարի մը առաջ ցուցատախտակ մը զետեղուած էր Ֆերկըսընի անունով:

Պէտք է նշել, որ Ֆերկըսըն Անգլիոյ ֆութպոլին մէջ ամէնէն աւելի յաջողութիւն արձանագրած մարզիչն է: Ան Եունայթըտի հետ 12 անգամ շահած է «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսը, 2 անգամ` Եւրոպայի բաժակը, 5 անգամ` Անգլիոյ բաժակը, իսկ 4 անգամ ալ` Լիկայի բաժակը:

Ֆերկըսըն, որ անցեալին եղած է նաեւ Ապըրտինի (Սկովտիա) մարզիչը, անոր հետ տիրացած է Եւրոպայի բաժակակիր խումբերու բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին, երբ 1983-ին յաղթած է Ռէալ Մատրիտի:

Share this Article
CATEGORIES