Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Ընդառաջ. Յիշողութիւնը Կեանք Է Մոռացումը` Մահ
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
100 տարի եւս անցնի, դարձեալ սարսափազդու վկայութիւն պիտի լսենք Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն ընթացքին օսմանեան Թուրքիոյ ծրագրած ու գործադրած Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Այս տպաւորութիւնը եւ սոսկումը զգացինք, երբ կարդացինք «Ազդակ»-ի 1 նոյեմբեր 2012-ի համարի էջերուն տպուած ծաւալուն յօդուածը «Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն շրջանաւարտ եւ Եղեռնին նահատակուած հայ բժիշկներ» խորագիրով:
Մոռցուած յիշողութեան մը յայտնաբերումը կը փոխանցուէր ընթերցողին: Վստահ ենք` իր ժամանակին էջի մը մէջ արձանագրուած էր այս Եղեռնին նահատակուած հայ բժիշկներուն մասին, անոնց անուան յիշատակութեամբ: Այս պարագային, սակայն, երբ նոր ու նորոգեալ նախաձեռնութիւն մը կ՛իրագործուի, երբ լոյսին կը բերուի մոռացութեան մատնուած, յաւերժ յիշատակելի անուններ, մեր սիրտերը կը մղկտան օսմանցի թուրքերուն ջարդարար տրամադրութեան դիմաց, աններելի յանցագործութիւն մը, զոր կ՛ուրանայ ցարդ աշխարհը իր ափերուն մէջ ճզմելու պատրաստ էր տողաններու Թուրքիան:
Այս պատմական եւ անմոռանալի յայտնաբերումը կը վերաբերի Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի այժմու ուսանողներու «Արմինիըն էրիթէյճ գլապ – աւանդական ակումբ), որ Եղեռնի 100-ամեակին ընդառաջ կազմակերպուելիք ձեռնարկներու մթնոլորտին մէջ յիշած է այս անլուր սպանդը, 1915-1918 տարեշրջաններուն, Ճեմալ փաշայի` Լիբանանի տիրապետութեան ժամանակաշրջանին սպաննուած 17 հայ բժիշկները: Սպաննուած բժիշկներուն ցանկը, որ արձանագրուած էր, 35 բժիշկներ են, մեծ մասամբ քրիստոնեայ, մէկ-երկու` ոչ քրիստոնեայ:
Յիշողութեան վերականգնումի այս նորութիւնը ունի իր պատմութիւնը:
Համայն լիբանանցիք կը յիշեն, թէ 1975-1990 երկարած լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն ռմբակոծման պատճառով փուլ եկած էր նաեւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Քոլէճ հոլ» կառոյցը, որուն պատին վրայ գամուած էր պրոնզէ յուշատախտակ` օսմանեան Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութեան տարիներուն նահատակուած, Ամերիկեան համալսարանէն շրջանաւարտ նահատակ բժիշկներու անուանացանկը, որոնց 17-ը` հայ բժիշկներ:
Քանի մը տարի ետք վերակառուցուեցաւ «Քոլճ հոլ» շէնքը, բայց մոռցուեցաւ անոր պատին գամելու նոր յուշատախտակը` նահատակ բժիշկներու անուանացանկին:
«Ճառագայթը Չի Թաղուիր»
Այս իմաստութիւնը յիշեցինք այս նախաձեռնութեան առիթով: Ամերիկեան համալսարանի այժմու ուսանողներէն Հրաչ Քեսթենեանի ջանադիր եւ հետեւողական աշխատանքին կը պարտինք նահատակ բժիշկներու անուանացանկին վերյիշումը եւ «Քոլեճ հոլ»-ի պատին հաստատ մնալը:
Յիշենք, որ 1923 թուականի յունիսի 26-ին կատարուած է քողազերծման բացման արարողութիւնը յիշեալ յուշատախտակին, որ փճացած էր կառոյցին քանդումին հետ:
Մէկ օրէն միւսը աւարտելիք եւ իրագործուելիք աշխատանք մը չէր վերայայտնաբերելու այսքան կարեւոր եւ պատմութիւն հաստատող յուշատախտակը: Հրաչ Քեսթենեան, 21 տարեկան եւ պատմութեան ճիւղի ուսանողը հետաքրքրուած է այս հարցով, որովհետեւ իր դասերուն վերաբերեալ արխիւներու պրպտումի ճամբով հանդիպած է օսմանեան պետութեան սարքած ոճիրի զոհերուն, շրջանաւարտներ` նոյն համալսարանէն, ապա` առաքուած Թուրքիոյ զանազան շրջաններու հիւանդանոցները, օգտակար ըլլալու հիւանդներու բուժման: Երբ կը կարդանք այս նահատակ բժիշկներուն անունները եւ կենսագրական համառօտ գիծերը, կը տեսնենք, թէ անոնք եկած են ընդհանրապէս Մեծ Հայքէն եւ Կիլիկիոյ տարածքներու, տարբեր քաղաքներէն: Բազմաթիւ են Երզնկայ առաքուած բժիշկները` տեղւոյն «Ազիզիէ» հիւանդանոց գործուղման աշխատանքով: Երզնկայ, Սողոմոն Թեհլիրեանի ծննդավայրը… Կարելի է հետեւցնել, թէ ինչպիսի՛ արհաւիրք ստեղծուած է հոն, երբ Սողոմոն Թեհլիրեան կը խոստովանի, թէ իր 40 անդամներէ բաղկացած ընտանիքէն միայն ինք ողջ մնացած է:
Թուրքը օգտագործած է հայ բժիշկներուն նուիրեալ ջանքերը, բայց նոյն յետայն սպաննած զանոնք` հիւանդանոցներու բակերուն մէջ…
Այս նորայայտ վերազարթնումի առիթով կը յիշուի նաեւ նշանաւոր հայ բժիշկ Յովհաննէս վարդապետը, որ եկեղեցական մը չէ, պարզապէս իր մականունն է, հաւանաբար` ԵԱՆ մասնիկը զեղչեալ: Ամերիկեան համալսարանը Պէյրութի մէջ հիմնուած է 1886-ին, ձեռամբ 7 անձերու, 6-ը ամերիկացի, աւետարանական, իսկ մէկը հայ` Յովհաննէս Վարդապետ, առաքելական: Ան անգլերէն գիտնալով հանդերձ, եղած է նաեւ արաբագէտ: Ան հիմնած է ամերիկեան համալսարանի բժշկական կաճառը, ապա` պարտադրած, որ դասաւանդութիւնը ըլլայ արաբերէն լեզուով: Տաղանդաւոր գիտնական մը եղած է ան, որուն անունով փողոց մըն ալ կայ Էշրեֆիէի մէջ:
Նոր տեղադրուած յուշատախտակին բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ 1 նոյեմբեր 2012-ի, ներկայութեամբ եւ բացման խօսքով համալսարանի տնօրէն Փիթըր Տորմենի: Ան գնահատեց հայ ուսանողները եւ մասնաւորաբար Հրաչ Քեսթենեանը` յիշողութեան նոր զարթնում տալու պարտաճանաչ եւ յանձնառու կեցուածքին համար:
Խօսք առաւ նաեւ Հրաչ Քեսթենեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնին` անոր գործակցութեան գնահատանքին համար, նման պատմական արժեւորումի մը վերահաստատման:
Այսպիսի փաստերու եւ պաշտօնական վկայութիւններէ ետք Թուրքիա տակաւին պատմաբաններ կը փնտռէ հաստատելու համար, թէ եղածը ցեղասպանութի՞ւն էր, թէ՞ սովորական բան մը, շինծու պատմութիւն:
Շնորհակալութիւն` մեր համալսարանական երիտասարդ սերունդին, «Արմինիըն հերիթէյճ քլապի» ուսանողներուն, որոնք կրցան պաշտպանել իրաւունք մը, որ մոռացութեան տրուած էր եւ կրնար յաւէտ մոռացուիլ: Մեր նահատակները չեն մեռած, անոնք արդարութիւն կը պահանջեն:

