Թրքերէնով Նոր Գիրք` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Թեռնոն

«Ակունք» կայքը կը տեղեկացնէ, թէ «Պելկէ» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է ֆրանսացի պատմաբան Իվ Թեռնոնի «Հայկական թապուի դատը` 20 տարի ետք» գիրքը: Աշխատութիւնը թարգմանած է Էմել Աքկիւլ, իսկ զայն հրատարակութեան պատրաստած է հրատարակչատան տնօրէն Ռակըպ Զարաքօլու:

Թեռնոն 568 էջնոց սոյն աշխատութեան մէջ կը հերքէ Հայկական հարցին վերաբերեալ թուրք պաշտօնական պատմագրութեան միակողմանի տեսակէտները:

Զարաքօլու գիրքի յառաջաբանին մէջ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ մէջ թապու եղած հայկական նիւթերու վերաբերեալ աշխատութիւններ հրապարակելու գործընթացը, իր կնոջ` Այշենուրի դէմ յարուցուած դատը եւ Թուրքիոյ մէջ վերջին 20 տարիներուն Հայոց ցեղասպանութեան մասին քննարկումները:

Յիշեցնենք, որ «Պելկէ» հրատարակչութիւնը 1993-ին տպագրած էր նաեւ Թեռնոնի «Հայկական թապու» գիրքը, որ դարձած էր Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին լոյս ընծայուած առաջին աշխատութիւններէն մէկը:

Share this Article
CATEGORIES