Ճատրակ. Կիրակի, 16 Դեկտեմբերին` Ֆրերներու Մրցաշարքը

Տարիներու իր սովորութեան համաձայն, Ֆրերներու վարժարանը (Ֆըրն Շըպպեք) կը կազմակերպէ ճատրակի իր տարեկան մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ մէկ օրուան վրայ եւ կը սկսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին` տարբեր տեսակի դասակարգերու մրցումներով:

Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է շաբաթ, 15 դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 17:00-ը:

Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց անունները արձանագրել, պէտք է կապ հաստատեն կա՛մ Էլի Խէյրալլայի (03-883225), կա՛մ ալ Էլի Հուլիշեանի (03-705210) հետ:

Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի ճատրակի նորընտիր ֆետերասիոնը իր գումարած անդրանիկ ժողովին կատարեց պաշտօններու բաժանումը` հետեւեալ ձեւով.

Նեպիլ Պատըր` նախագահ, Ռոլան Ախրաս` փոխնախագահ, Շըհատէ Ապու Նըմրի` ընդհանուր քարտուղար, Նազարէթ Սէօքիւնեան` գանձապահ, Ալի Ժաուիշ` հաշուապահ, Հանի Միքաթի` քարտուղարի պաշտօնակատար, Ալի Շահրուր` գանձապահի պաշտօնակատար, Հիւսէյն Համմուտ, Ֆատի Իտ, Էլի Խէյրալլա, Ռապիհ Ռապպահ եւ Իզզեթ Քրայթեմ` խորհրդականներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES