ՆԱԽԱՐԱՐ ՏԷՏԷԵԱՆԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ

Ա. Տէտէեան` մամլոյ ասուլիսի պահուն

Ճարտարարուեստի նախարար Աբրահամ Տէտէեան անցեալ ամսուան ընթացքին նախարարութեան կեդրոնին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց նախարարութեան գործունէութիւնը, որ աւարտած էր կառավարութեան հրաժարումով:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տանի Ժատաուն եւ խորհրդականներ` Հուրի Տէր Սարգիսեան, Թոնի Ապի Նատեր եւ Ռամեզ Ապի Նատեր:

Ասուլիսի ընթացքին նախարար Տէտէեան նշեց, թէ իր որդեգրած ուղին հիմնականին մէջ կը կայանայ ճարտարարուեստի մարզին մաս կազմող մարդոց հետ զօրաւոր կապեր հաստատելուն մէջ` աւելցնելով նաեւ այլ նախարարութիւններու հետ գործակցելու կարեւորութիւնը:

Մամլոյ ասուլիսին կողքին, նախարարը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի մարզի մեծ թիւով ներկայացուցիչներ եւ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան անդամներ ու սենտիքաներ, որոնցմէ իմացաւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները եւ փորձեց լուծումներ տալ:

Այլ գետնի վրայ, նախարար Տէտէեան ակնարկեց նաեւ այն իրականութեան, թէ ինք զանազան շրջաններ այցելած եւ շրջած է ճարտարարուեստի մարզի գործարանները` Մեթնի, Պէյրութի հարաւային արուարձաններու, Ժիպէյլի, Թրիփոլիի, Մքալլեսի, Աքքարի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ:

Ա. Տէտէեան շեշտեց, որ ինք նախարարութեան տէրն ու տիրականը չէ, այլ կ՛աշխատի ի խնդիր ճարտարարուեստի մարզին բարգաւաճման: Այս առումով ան կոչ ուղղեց ճարտարարուեստի մարզի բոլոր ներկայացուցիչներուն` նախարարութիւնը նկատելու իրենց տունը եւ միասնաբար գործելու, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխատանքի յաւելեալ առիթներ ստեղծել լիբանանցի երիտասարդներուն համար, որոնք կը նպաստեն երկրին տնտեսութեան բարգաւաճման:

Նախարար Տէտէեան շեշտեց, որ իր որդեգրած այս ուղին նպաստած է երկրին արտածումներուն մէջ 30 առ հարիւրի աճ մը արձանագրելու: Յայտնենք, որ արտածումներուն պարագային արձանագրուած աճը կը վերաբերի 2010 թուականին, բաղդատաբար նախորդ տարուան` 2009-ին արձանագրուած աճին:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ նախարարութեան իրագործումներէն հետեւեալները.

– Նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնի նշանակում:

– Նախարարութեան շէնքի վերանորոգում եւ յարդարում` Կեդրոնական դրամատան տրամադրած օժանդակութեամբ:

– 18 յունիս 2010-ին կառավարութիւնը վաւերացուց ճարտարարուեստի նախարարին առաջարկը, որուն հիման վրայ ճարտարարուեստի մարզին արտածումները պէտք է զերծ կացուցուին տուրքերէ:

– Ճարտարարուեստի մարզին ներկայացուցիչներուն արտօնուեցաւ իրենց օգտագործած ելեկտրականութեան հաշուիչները արձանագրել իրենց գործարաններուն անունով, որպէսզի կարելի ըլլայ օգտուիլ ճարտարարուեստի մարզին յատուկ ելեկտրական հոսանքի համար ճշդուած ցած սակերէն: Իսկ ելեկտրականութեան հաշուիչները գործատէրերուն անունէն գործարանին անունով արձանագրելու գործառնութեան համար վճարուեցան չնչին գումարներ:

– Ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներուն նկատմամբ օժանդակութիւն մը կատարեց նախարարութիւնը, եւ այդ օժանդակութեան շնորհիւ` կարելի եղաւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ վերստանձնել ճարտարարուեստի մարզին յատուկ կառոյցը:

– Նախարարութիւնը քաջալերեց բոլոր երիտասարդները` դիմելու նախարարութեան, որ դիւրացուց նաեւ անոնց արտօնագիրներ տրամադրելու աշխատանքը:

– Նախարարութիւնը շարունակեց վիճակագրութիւնը եւ ՄԱԿ-ին հետ գործակցաբար աշխատեցաւ ամբողջացնել այդ աշխատանքը, որպէսզի կարելի ըլլայ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները ունենալ երկրի ճարտարարուեստի մարզի ընդհանուր պատկերին թիւին մասին:

– Ճարտարարուեստի մարզին պատկանող զանազան մարմիններուն մէջ, ինչպէս` Լիպնոր, Քոլիպաք, ճարտարարուեստի մարզի ուսումնասիրական կեդրոնին մէջ նշանակուեցան նոր վարչութիւններ:

– Նախարարութիւնը աշխատեցաւ ամբողջացնելու Քոլիպաքի օրէնքները:

– Ճշդուեցան 380 չափանիշներ, որոնք նախարարութեան կողմէ թելադրուեցան գործադրել ճարտարարուեստի զանազան մարզերու մէջ:

– Նախարարութեան կողմէ օրէնքները բարեփոխուեցան` ճարտարարուեստի մարզին լաւագոյնս ծառայելու համար:

– Ճարտարարուեստի նախարարութեան երկու նոր մասնաճիւղեր հիմնուեցան Պաալպեքի եւ Աքքարի մէջ:

– 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն տուժած գործարաններուն տրամադրուած հատուցումներն ու ՄԱԿ-ին կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւնները շարունակուեցան նախարարութեան կողմէ:

– Ճարտարարուեստի մարզին պարագային ստորագրուեցան նոր համաձայնագիրներ` զանազան երկիրներու հետ. այդ երկիրներէն են` Յորդանանը, Եգիպտոսը եւ Քուէյթը:

– Նախարարութիւնը ճարտարարուեստի միութեան հետ շարունակեց գործադրել «Լիրա» ծրագիրը:

– Նախարարութիւնը ստանձնեց ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող ցուցահանդէսներուն եւ համագումարներուն հովանաւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES