Աթլեթիզմ. Արեւմտեան Ասիոյ 2-րդ Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Տուպայ
Երէկ` երկուշաբթի, 10 դեկտեմբերին, Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մեկնեցաւ Լիբանանի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի 2-րդ ախոյեանութեան:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 12-15 դեկտեմբերին:
Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ լիբանանեան պատուիրակութեան պիտի միանայ չորեքշաբթի, 12 դեկտեմբերին:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն երկու հայեր: Անոնք են` Կրեթթա Թասլաքեան եւ Լորի Թաշճեան:
CATEGORIES Մարզական