Կռփամարտ. Ազգային Հաւաքականին Մարզիչը Բաւարար Գնահատեց Հայրենի Մարզիկներուն Ելոյթը` Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութեան
Անդրադառնալով նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ աւարտած կռփամարտի աշխարհի երիտասարդութեան ախոյեանութեան ընթացքին հայրենի մարզիկներուն արձանագրած արդիւնքներուն` հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Դերենիկ Ոսկանեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Ախոյեանութեան ազդանշանին տրուելէն սկսեալ բոլոր մարզիկներուն մօտ ալ լարուածութիւնը շատ մեծ էր: Սակայն Նիկոլ Յարութիւնով, միակն ըլլալով մեր տասը մարզիկներուն մէջ յաջողեցաւ ոսկի մետալին տիրանալ` 81 քկ դասակարգին մէջ: Կրնանք ըսել, որ մեր ամբողջ հաւաքականը բաւական յաջող ելոյթ ունեցաւ: Մենք մեր դէմ ունեցանք աշխարհի զօրաւորագոյն խումբերը: Կրնամ ըսել, որ մէկ ոսկին եւ մէկ պրոնզը մեծ նուաճումներ էին մեզի համար», յայտնեց «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով Ոսկանեանի խօսքերը:
CATEGORIES Մարզական

