ՀՅ Դաշնակցութեան 122-ամեակ. Ամենայն Հայոց Կուսակցութիւնը
ԲԵՆԻԱՄԻՆ ԹԱՇԵԱՆ
Կը համարձակինք յայտարարել, թէ Դաշնակցութիւնը Ամենայն Հայոց Կուսակցութիւն է:
Այս յայտարարութեան մէջ` ոմանք յաւակնութիւն պիտի տեսնեն թերեւս ուրիշներ` մեծամտութիւն:
Մենք ո՛չ մէկը կը տեսնենք, ո՛չ միւսը: Եթէ տեսնէինք, նման յայտարարութիւն չէինք ըներ:
Համոզուած ենք ուրեմն, որ Դաշնակցութիւնը նա՛խ կուսակցութիւն է` այս բառին լայն իմաստովը, ապա հայ կուսակցութիւն է` այս բացատրութեան ամէնէն մոլեռանդ առումովը: Վերջապէս Ամենայն Հայոց Կուսակցութիւն է, իր բարոյական տարողութեամբը:
Իր ժողովուրդին մէկ մասնիկը ըլլալով հանդերձ, այսինքն` ըլլալով ամբողջին մէկ մասը, Դաշնակցութիւնը կ՛ապրի ու կը գործէ ամբողջին համար. համա՛յն հայութեան համար:
Իրապէս, մենք գաղափարի հակառակորդներ չունինք հայութեան մէջ. ունինք գործելակերպի, այսպէս կոչուած «ռեժիմ»-ի՛ հակառակորդներ:
Մեր խօսքը հայերո՛ւ մասին է, ո՛չ թէ անոնց, որ ամէն կապ խզած են իրենց ժողովուրդին հետ եւ կ՛ապրին անկէ դուրս. հոգիով` ինչպէս մարմինովը:
Մեր Ազգային Ուխտը կրնանք ամփոփել միակ նախադասութեան մը մէջ.- ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ` ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՄԲ:
Մենք ունինք «չազատագրուած» Հայաստան մը, որ մաս կը կազմէ Ազգային Ուխտին:
Մենք ունինք նաեւ «չազատագրուած» հայութիւն մը, որ նոյնպէս մաս կը կազմէ այս Ուխտին:
Արդ` կ՛ուզենք գիտնալ անունը այն հայուն, որ դէմ է մեր Ազգային Ուխտին այս երկու կէտերուն` ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ:
Կ՛ուզենք տեղ մը արձանագրել անունը այն մէկ հատիկ հայուն, որ այս ուխտին հետ չէ: Չենք ըսեր դէմ է, այլ հետը չէ:
Ահա թէ ի՛նչ բանի մէջ կը կայանայ մեր «յաւակնութիւն»-ը, կամ թէ ի՛նչ իմաստ ունի մեր «մեծամտութիւն»-ը:
Ճի՛շդ այս մտածումներով է, որ մենք համարձակեցանք Ամենայն Հայոց Կուսակցութիւն անուանել Դաշնակցութիւնը:
Իր համրանքով չէ, որ մեծ է Դաշնակցութիւնը. այլ` իր ոգիով, ինչպէս իր համրանքով չէ, որ մեծ է հայ ժողովուրդը, այլ` նոյն այդ ոգիով, որմէ կը կարծենք, թէ մասնիկ մը կայ ամէն իրաւ հայու մէջ:
Կարելի չէ սահմանել ոգին, որ իրականութիւն մը ըլլալով հանդերձ երազ մըն է եւ երազ մը ըլլալով հանդերձ իրականութիւն մըն է: Մենք այս երկուքը խառնած ենք իրարու, որովհետեւ գտած չենք կերպը զանոնք իրարմէ բաժնելու:
Դաշնակցութիւնը խիստ է ու դաժան նախ ինքն իրեն, ապա նաեւ` ուրիշներուն հանդէպ:
Յաւիտենական դժգոհն է ան ու յաւիտենական պահանջատէրը:
Ունի այն խոր գիտակցութիւնը, թէ անտեսուած ու ոտնահարուած են իր ժողովուրդին իրաւունքները եւ աննահանջ յամառութեամբ կը պահանջէ զանոնք:
Հաշուի չ՛առներ իր ուժերը, հաշուի կ՛առնէ միայն իր իրաւունքները: Որովհետեւ գիտէ, թէ ուժը չէ յաւերժական, այլ` իրաւունքը:
Իր քաղաքական ու յեղափոխական փոթորկայոյզ կեանքի ընթացքին սորվեցաւ ու ըմբռնեց, թէ իրաւունքները, ինչպէս ազատութիւնը, չեն տրուիր, կ՛առնուին:
Սորվեցաւ ու ըմբռնեց նաեւ, թէ առնելու համար բաւական չէր անարիւն յեղափոխութիւնը:
Այս պատճառով ալ երբեք չխուսափեցաւ իրմէ պահանջուած զոհողութիւններէն: Վկա՛յ իր վաթսունամեայ պատմութիւնը, ուր իրենց վարշամակներուն տակ յաւիտենական նինջով կը ննջեն բազմահարիւր վկաներ:
Վաթսուն տարի շարունակ խիզախ ու անվհատ պայքար մղած է, իր ժողովուրդը միայն ունենալով իրեն հովանի ու առաջնորդ:
Հաւատարիմ իր ուխտին, Ազգայի՛ն Ուխտին, ան միշտ ներկայ եղած է ամէն ուր որ եւ ե՛րբ որ կանչած է զինք իր ժողովուրդը:
Եղած է բաժնեկից անոր ցաւերուն, ինչպէս ուրախութիւններուն ալ: Այս տարի բովանդակ գաղթաշխարհի մէջ կը տօնուի Դաշնակցութեան վաթսունամեակը:
Ուրիշ գաղութներ իրենց կարգին պիտի տօնակատարեն անվերջ ու աննահանջ պայքարի վաթսուն տարիները, ի փառս հայ ժողովուրդին:
Մեր թերթերը, մեր բանախօսները ամէն տեղ պիտի ծանրանան անշուշտ մեր Ազգային Ուխտին երկու անբաժանելի կէտերուն վրայ.- ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ` ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՄԲ:
Այս ուխտին իրագործումը միայն կրնայ լուծարքի ենթարկել Դաշնակցութիւնը:
Ուրիշ ճամբայ չկայ:
Չենք կարծեր, որ մեզմէ տարբեր կը մտածեն անոնք, որ Դաշնակցականի անդամատետր չունին իրենց գրպանը, բայց մասնակից են, իրենց կամքով կամ հակառակ իրենց կամքին` Դաշնակցութեան Հաւատամքին եւ Ուխտին:
Այս իմաստով էր արդէն, որ մենք Դաշնակցութիւնը կոչեցինք Ամենայն Հայոց Կուսակցութիւն: