ՀՅ Դաշնակցութեան 122-ամեակ. Գաղափարին Ուժը
ԲԱԲԳԷՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Միլիոնաւոր տարիներու կեանք ունեցող երկրագունդի վրայ անցողակի է ամէն ինչ, բացի գաղափարէն:
Անպարտելի են այն ժողովուրդները միայն, որոնք ֆիզիքական ուժին կը միացնեն ոգեկանը: Լենկթիմուրներն ու Ճենկիզ խաները կ՛անցնին, իրենց ետին թողելով անուն մը միայն. անոնց կրունկներուն տակ ճզմուած ժողովուրդները կը վերականգնին, եթէ չէ մեռած գաղափարը անոնց հոգիին մէջ, եթէ դեռ ծարաւ են լոյսի եւ ազատութեան:
Խորենացի ու Մաշտոց, Եզնիկ ու Եղիշէ չեն ծնիր մէկ օրէն միւսը, այլ կը կերտուին աստիճանաբար, դարերու ընթացքին, ժողովուրդի գաղափարական քուրային մէջ ու յանկարծ ժայթքելով կը մարմնաւորեն իրենց ազգը:
Ժողովուրդներուն պատմութիւնը վերելք չէ միայն, այլ նաեւ անխուսափելի վայրէջք:
Բիւզանդական ու պարսկական պալատներու շքեղանքը հետզհետէ տկարացուց ոգեղէնը, որ հայունն էր, ու զօրացուց նիւթականը, որ օտարէն կու գար. եւ հայութիւնը ապրեցաւ վայրէջքի երկարատեւ շրջան մը, դարեր ամբողջ: Հայուն գաղափարապաշտութեան բոցավառումը դադրեցաւ, կայծկլտում մը մնաց միայն լերան ծերպերուն փակած վանքերու խուցերուն մէջ, կամ հայ դաշտերուն հեծկլտուքը ունկնդրող գիւղացիին սրտին մէջ: Անթեղուեցաւ կրակը, բայց չշիջեցաւ: Հայ հոգիին մետաղը զարնուեցաւ պատմութեան փորձաքարին ու տոկաց:
Պատմութիւնը, սակայն, վայրէջք չէ միայն, այլ նաեւ սլացք դէպի վեր, եթէ չէ մեռած ոգեղէնը, եթէ մարած հնոցը ազատատենչ գաղափարաբանութեան: Սպասումէն բիւրեղացած, անթեղուած տենչը պոռթկաց, սարսելով հողն ու հոգին հայութեան:
«Հայը մի տեսակ անդունդ է, որի մէջ եթէ քար նետես, արձագանգները կը խօսակցին եւ անտեսանելի աշխարհներ կը կենդանանան…»:
Վաթսուն տարի առաջ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրները կը նետէին հայու ոգեղէն աշխարհի անդունդն ի վար գաղափարաբանութեան քարը եւ, առանց արձագանգին սպասելու, ձեռք կ՛առնէին առաքեալի ցուպը:
Հաշուի չնստան անոնք հայ ժողովուրդին հետ, տուին ամէն ինչ, առանց պահանջելու, չսակարկեցին իրենց արիւնը անգամ: Եղունգներով ակօսեցին հոգին հայութեան, մտքերն իրենց որպէս հունտ աւանդ տուին հայ հողին, ու արիւնովն իրենց սրտին ոռոգեցին երկիր մը ամբողջ, աննիւթական ու սրբազան գաղափարի մը համար:
Ինկան բոլորը, դեռ չհասած: Իրենց հետ, իրենցմէ ետք, հազարաւորներ ինկան նոյն ճամբուն վրայ, բայց ապրեցաւ Դաշնակցութիւնը: Շաղախուեցաւ ու նոյնացաւ անոնց հետ, անոնց կեանքին, իտէալին ու մահուան հետ եւ ուռճացաւ, աճեցաւ, գաղափարի սալին վրայ դարբնուելով` պողպատացաւ:
Հայութիւնը իր ծոցէն ծնունդ առած այս «խենթ»երուն պահ մը նայեցաւ հիազարհուր, ապա «արձագանգները սկսան խօսակցիլ ու անտեսանելի աշխարհներ կենդանացան»: Դաշնակցութեան շնորհիւ, Դաշնակցութեան միջոցով հին հնոցը բոցավառեցաւ, եւ հոգիներուն ու սրտերուն վրայէն ժանգերը հալիլ սկսան: Հայ միտքը բիւրեղացաւ, Հայկի սիրտը վերսկսաւ բաբախել Սերոբներու, Գէորգներու կուրծքին տակ:
Եկա՛ն շարան-շարան, անվարան ու աննահանջ, հայու արգանդէն ծնած ընտիրները Դաշնակցութեան ծոցին մէջ: Մահը ժողովուրդին համար, մահը հայրենիքին համար, մահը Դաշնակցութեան գաղափարներուն համար դարձաւ գրաւիչ հեռանկար մը նոր սերունդներու աչքին:
Երեսուն տարի շարունակ ինկան աննման հերոսները, Դաշնակցութեան հնոցին մէջ դարբնուած. ինկան կռուի դաշտին վրայ, ինկան հպարտօրէն, հրճուանքով, յաղթանակը գուշակող ժպիտը իրենց դէմքին: Նօսրացան շարքերը, ապա լեցուեցան նորեկներով:
Երեսուն տարի շարունակ, կռուի դաշտէն հեռու, գաղթաշխարհի անհարազատ երկինքներու տակ, ուրիշներ շարունակեցին կռիւը, կրկնակի դժուար կռիւը անտեսանելի թշնամիին դէմ: Ինկան հայրենի հողէն հեռու, հայրենիքի կարօտին թախիծը աչքերնուն մէջ, բայց նոյն անխախտ հաւատքով դէպի հայուն ապագան: Նօսրացան շարքերը նորէն ու լեցուեցան իսկոյն նորեկներով:
Վաթսուն տարի շարունակ դադար չունեցաւ Դաշնակցութեան զոհաբերութիւնը հայութեան համար. դադար չունեցաւ նաեւ հայուն զոհաբերութիւնը Դաշնակցութեան համար: Այս նուիրումը գաղտնիք մնաց բոլոր անոնց համար, որոնց սրտերը չկրցին բաբախել Հայկօրէն:
Հայը տեսաւ ու կը տեսնէ, որ իր ծնունդի օրերէն մինչեւ Օհանջանեան, Զաւարեանէն մինչեւ Աղբալեան, հայուն ծոցէն ծնած ընտիրները իրենց արիւնն ամբողջ ի սպաս կը դնեն հայ ժողովուրդին, Դաշնակցութեան գաղափարին մղումով:
Հայը տեսաւ ու կը տեսնէ, որ վաթսուն տարի շարունակ, ամէն նեղ օրի ու սեւ ժամի, կը լքեն զինք ամէնքը, բացի Դաշնակցութենէն:
Տեսան ամէնքը, որ ամէն վսեմ գործ, որպէս փառքի պատմուճան, Դաշնակցութիւնը կը նետէ հայութեան ուսերուն, իրեն վերապահելով միայն պատասխանատուութիւնը ձախողանքներուն:
Տեսան ամէնքը: Բայց ստրկամիտ հոգիներ կը նախընտրեն լռել: Կը տեսնեն ամէնքը, բայց օտարին ծախուած հոգիներ կը նախընտրեն չտեսնել ու հայհոյել Դաշնակցութեան, հարուածել զայն ամէն անգամ ու աղաղակել ի սփիւռս աշխարհի. «Մեռա՜ւ Դաշնակցութիւնը»:
Կը մոռնան անոնք, որ անպարտելի ուժ է գաղափարը ու անընկճելի է Դաշնակցութիւնը, քանի հայ ժողովուրդը կը մնայ փարած ազատութեան գաղափարին: Ամէն հարուածէ ետք հնչած է Դաշնակցութեան ձայնը ու պիտի շարունակէ հնչել աւելի ուժեղ. «Կենդանի՜ եմ…»:

