Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը. Նախնիք

ԱՀՄԵԹ ԱԼԹԱՆ

Ահմեթ Ալթանի յօդուածը յանդուգն պատասխան մըն է վարչապետ Էրտողանին, որ վերջերս խիստ ոճով քննադատած էր Թուրքիոյ եւ աշխարհի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող հեռատեսիլային հաղորդաշար մը` «Հրաշալի դարաշրջան»-ը, եւ հրաւիրած է արդարադատութիւնը, որ պարտն ու պատշաճը տնօրինէ ժապաւէնը ցուցադրող կայանին եւ զայն պատրաստողներուն դէմ:

Գ. Կ.

Պէտք է ընդունիլ, որ մենք` թուրքերս, գիւտարարներ չենք եղած, սակայն շատ լաւ կեղծող եւ յարմարցնողներ ենք: Թերեւս այս է պատճառը, որ ամէնէն շատ ձաբռտողները ամենաբարձր դիրքերու կը հասցնենք, թերեւս ալ քաղաքականութիւնը մեզի համար յերիւրանքի մրցանք մըն է: Մեր ամենալաւ յերիւրած բաներու շարքին հաւանաբար «պատմութիւնը» իր մասնայատուկ տեղը ունի, եւ իմ ամէնէն աւելի սիրածներուս մաս կը կազմեն մեր «նախնիներուն» վերաբերեալ յերիւրանքները:

Գիտէի՞ք, թէ մեր նախնիքը համարուող խալիֆաներուն, «ձիէն վար չիջնող» սուլթաններուն գրեթէ բոլորին մօրենական մեծ հայրերը քրիստոնեայ, նոյնիսկ ոմանք ալ քահանայ եղած էին:

Վստահ եմ, որ ձեզմէ ոեւէ մէկը, ներառեալ` վարչապետը, չի գիտեր սուլթան Սիւլէյմանին մեծ հօր անունը: Մի՛ յոխորտաք` այդպէս գիտակ ձեւացնելով, Պայեզիտ Բ.ը հօրենական մեծ հայրն էր, իսկ ո՞վ էր անոր մօրենական մեծ հայրը:

Շա՛տ լաւ, ինչպէ՞ս բացատրել եկեղեցիի մը գոյութիւնը խալիֆաներուն պալատը` Թօփգաբուի բակին մէջ:

Որո՞նք էին օսմանցիէն առաջուան մեր նախնիները:

Օսմանցին ո՞վ է: Ենթադրենք, թէ օսմանցին եկած է «քայը» կոչուած ցեղախումբէն. ի՞նչ գիտենք «քայը» ցեղախումբին մասին: Կարելի չէ, որ շատ բան գիտցած ըլլաք, որովհետեւ պատմութեան մէջ ալ շատ տեղեկութիւն չկայ, նոյնիսկ կասկածելի է «քայը» ցեղախումբին գոյութիւնը:

Քիչ մը աւելի ետ երթանք. օսմանցիները իրենց պետութիւնը հիմնեցին 1299-ին, իսկ թուրքերը Անատոլու եկան 1071-ին: Ալփարսլանի հետ Անատոլու եկած թուրքերուն թիւը ի՞նչ էր:

Մէկ կողմ ձգենք «ովքե՞ր են թուրքերը» հարցումը, եւ ուրիշի մը անցնինք:

Այսօր մեր «թուրք» անուանած 70 միլիոն մարդերը արդեօք Ալփարսլանին հետ եկած «թուրքերուն»  հարազատ զաւակնե՞րն են, թէ՞ ոչ մենք խառն զաւակներն ենք ներխուժող թուրքերուն եւ այդ ժամանակ Անատոլուի մէջ ապրող բիւզանդացիներուն, հայերուն, յոյներուն եւ քիւրտերուն:

Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ մեր «նախնիքը» մի միայն թուրքեր եւ իսլամներ եղած են. անոնց միջեւ բիւզանդացիներ չկա՞ն: Ինչո՞ւ մեր նախնիներուն հանդէպ նախատինք չի համարուիր, երբ յաճախ «պոռնիկ բիւզանդացի» ասացուածքը կը գործածենք:

Որովհետեւ պատմութիւնը կը յերիւրենք մեր ուզած ձեւով. մենք մեզի համար թուրք եւ իսլամ պատմութիւն մը կը յօրինենք: Անգոյ կը համարենք Անատոլուի բոլոր ժողովուրդներն ու հսկայ Բիւզանդական կայսրութիւնը: Կարծես թէ Անատոլուի մէջ կեանքը սկիզբ առած է Ալփարսլանի բանակներուն ժամանումով:

Անշուշտ, երբ պատմութիւնը սկսինք այս ձեւով ձեւաւորել, մնացեալ ամէն բան նոյն ձեւով կը յերիւրենք: Այսպիսով, օսմանցի սուլթաններն ալ տարբեր յերիւրանքներու նիւթ կը դառնան: Մինչեւ այսօր քեմալականներն էին, որ պատմութիւն կը յօրինէին, հիմա կարգը եկած է պահպանողականներուն. ըստ անոնց, օսմանցի սուլթանները եղած են մաքրամաքուր մահկանացուներ, որոնք ո՛չ համբուրուած են, ո՛չ ալ սիրաբանած, այլ իրենց ամբողջ ժամանակը անցուցած են աղօթելով եւ ձիերու վրայ` նուաճելու համար անհամար երկիրներ:

Խալիֆա Սելիմ Բ.ի ածականն էր «Հարբած Սելիմ», իսկ Մուրատ Դ.ն մահացաւ չափազանց խմիչք գործածելէն: Երբեք հետաքրքրուա՞ծ էք, թէ ի՞նչ քանակութեամբ խմիչք կը ներածուէր կայսրութեան մայրաքաղաքը համարուող Պոլիս: Կրնաք ստուգել այդ օրերուն եղած «ներածումներուն» արձանագրութիւնները, եթէ կը հետաքրքրուիք:

Խալիֆաներուն հարեմները լեցուն էին կիներով. անոնցմէ միայն մէկո՞ւն հետ էր, որ սուլթանները կը սիրաբանէին. աւազանի խրախճանքներ չէի՞ն կազմակերպեր. պալատական այլատեսակ սադրանքներու մէջ դեր չունեցա՞ն այդ կիները:

Եթէ մենք ամէն մէկ վարչապետի համար նոր պատմութիւն մը պիտի ստեղծենք, վերջացած ենք:

Ամէն մէկ պետութիւն կ՛ունենայ իր «պաշտօնական պատմութիւնը». եւ քանի որ ժողովուրդներու պատմութիւնը լեցուն է ամօթներով, անոնց մէկ մասը կը «բարեփոխուի» պաշտօնական պատմութեան կողմէ: Բարեբախտաբար գոյութիւն ունին արուեստագէտներ եւ անկախ պատմաբաններ, որոնք առիթ չեն տար, որ մարդ արարածը մնայ «տգիտութեան» մէջ:

Հաւաքականութիւն մը կը զարգանայ, երբ ձերբազատի պատմութեան սուտերէն եւ կամ զարգանալով` կը ձերբազատի իրեն պարտադրուած սուտերէն:

Լաւ եւ գէշ անցեալներով լեցուն հարուստ պատմութեան մը զաւակներն ենք. երկու խոշոր կայսրութիւններու հասարակաց հողերուն վրայ կ՛ապրինք եւ այդ կայսրութիւններուն ժառանգորդներն ենք. չեմ կրնար հասկնալ, որ ինչո՞ւ մենք զմեզ կը դատապարտենք այսպիսի յետամնացութեան եւ ողորմելի վիճակի:

Այսօր մեծ հաճոյքով մեր ունկնդրած «ալաթուրքա» երաժշտութեան աղբիւրը Բիւզանդիոնն է. նոյնպէս օսմանեան պետութեան «աւանդոյթ»-ներն ու վարչաձեւի կարեւոր մէկ մասը փոխ առնուած է Բիւզանդիոնէն:

Մեր «նախնիները», բոլոր «նախահայրերու» նման, ունեցած են լաւ եւ վատ կողմեր. երբ մենք մեզի յատուկ սուտ պատմութիւն մը կը ձեւաւորենք, եւ երբ այդ սուտ պատմութեան կաղապարներուն չենթարկուողները դատի կը քաշենք, մենք զմեզ աւելի ամօթալի խեղճութեան մը մատնած կ՛ըլլանք, քան` մեր նախնիներուն համբուրիլն ու սիրաբանիլը:

Իրականութիւններէն վախնալու հարկ չկայ:

Այնքան հարուստ պատմութիւն մը ունինք, որ նախանձը կրնայ գրգռել շատերու. այդ պատմութիւնը լեցուն է տարբեր ազգութիւններու եւ կրօններու պատկանող «նախնիներով», հոն կան մարդկութեան բոլոր «վիճակները»:

Փոխանակ պարծենալու կեղծ պատմութիւններով` հպարտացէք ձեր պատմութեան հարստութեամբ:

«Թարաֆ»

Հայացուց Գ. Կ.

28-11-12

————————————————————-

Անկապ Կապակցութիւն

Ներեցէ՛ք այս անկապ խորագիրին համար: Հարցը հայկական հարց է. ժողովուրդները իրենց լեզուական շտեմարանը անընդհատ կը զարգացնեն, բայց յատուկ թափ եւ ճոխութիւն կը ստանայ տուեալ ժողովուրդի հետաքրքրութիւններուն ու նախասիրութիւններուն վերաբերող բառապաշարը, մինչ միւս ոլորտներուն վերաբերող պաշարը աւելի դանդաղ զարգացում կ՛ապրի:

Այսպէս, խիստ աղքատիկ է մեր` հայերուս, քարոզչական կամ շուկայացման ոլորտներու «թեքնիք» բառապաշարը: «Քարոզչական» ըսելով` կ՛ակնարկեմ «փրոփականտա»-ին, որ անպայմանօրէն ճշմարիտի կամ արդարի կամ ուղիղի սփռումը չէ. իսկ «շուկայացում» ըսելով` կ՛ակնարկեմ «մարքեթինկ»-ին, որ անպայմանօրէն սպառողական ապրանքի չի վերաբերիր: Այսպէս, յերիւրանքի եւ ճշմարտութիւնները խեղաթիւրելու, ապատեղեկատուութեան եւ բանավիճելու ու համոզելու «արուեստներուն» «թեքնիք»-ներուն ճշգրիտ հոմանիշները չկան (հարկ է համեստ ըլլամ. գէթ ե՛ս չեմ գիտեր): Հետաքրքրական է, որ Արեւմուտքը ընդհանրապէս որդեգրած է յունարէն եւ լատիներէն եզրերը:

«Փրոփականտա»-ի, ապատեղեկատուութեան, եւ «համոզելու արուեստ»-ին մէջ տարածուած մարտավարութիւն է «անկապ կապակցութիւն» ստեղծելը: Այսպէս, ճարտասան մը կամ «փրոփականտիսթ» մը նախ կը հաղորդէ անհերքելի, ընդունուած կամ հաճելի պատգամ մը` ունկնդիրը դրականօրէն տրամադրելու համար, եւ առաջինին ձեւականօրէն կը կապէ այլապէս հաւանաբար անկապ եւ ունկնդիրին առանձնաբար անընդունելի պատգամ մը:

Ամէն քաղաքագէտ, հրապարակախօս, հրապարակագիր եւ լրագրող իր մասնագիտութեան բերմամբ անհրաժեշտաբար ուսումնասիրած պէտք է ըլլայ ճարտասանութեան, վիճաբանութեան, քարոզչութեան, (ապա)տեղեկատուութեան ու խեղաթիւրման «թեքնիք»-ներն ու կանոնները: Վերեւ բացատրուածը «commisceamini et ad transferandum»ն է:

Թուրք լրագրող Ահմեթ Ալթան իր մասնագիտութեան բերմամբ քաջածանօթ պէտք է ըլլայ այդ «թեքնիք»-ին, թէկուզ անոր պառնէյզեան «կապեր եւ փոխանցէ» տարազով (Էտուըրտ Պառնէյզ կը համարուի ամերիկեան արդիական ծանուցման, շուկայացման եւ «փրոփականտա»-ի հոգեւոր հայրն ու առաջին գործնապաշտ տեսաբանը):

Այսպէս, Ահմեթ Ալթան թարգմանաբար հրամցուող յօդուածին մէջ կը հաղորդէ երկու հիմնական միտքեր:

Առաջին միտքը, որուն ներկայացման համար յատկացուած է յօդուածին 80 տոկոսը, այն է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները հետեւողականօրէն կը խեղաթիւրեն պատմութիւնը: Ասիկա անհերքելի ճշմարտութիւն մըն է, եւ բնական է, որ հաճելի հնչեղութիւն ունենայ այդ խեղաթիւրումէն տուժած եւ տուժող կողմերուն (հայ, քիւրտ, յոյն, արաբ, պուլկար, պարսիկ եւ այլն) համար:

Այնուհետեւ, յօդուածին վերջին երկու-երեք կարճ պարբերութիւններուն մէջ Ալթան կը կատարէ հաստատում մը եւ կ՛ուղղէ կոչ մը: Ան կը հաստատէ, որ` «հարուստ պատմութիւն մը ունինք, որ նախանձը կրնայ գրգռել շատերու». ապա կոչ կ՛ուղղէ թուրքերուն` ըսելով. «Հպարտացէ՛ք ձեր պատմութեան հարստութեամբ»:

Յօդուածի երկու բաժիններուն եւ միտքերուն միջեւ կապը ձեւական ու նպատակաուղղուած է: Եթէ հանրայայտ է այն ճշմարտութիւնը, թէ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնները միշտ խեղաթիւրած են պատմութիւնը, եթէ հաճելի է լսել այդ ընթացքը սրբագրելու թրքական խղճամիտ կոչ մը, եթէ կը յարգենք ու կը գնահատենք «լաւ թուրք» Ալթանի «հայասիրութիւնը» կամ «ճշմարտախօսութիւնը» կամ «Ցեղասպանութեան ճանաչումը», ապա պարտաւո՞ր ենք նաեւ հալած կարագի պէս կուլ տալով ընդունիլ, որ թուրքը հարուստ եւ նախանձելի պատմութիւն ունի:

Այդ պատմութիւնը հարուստ է միայն մարդկութեան դէմ ոճիրներով եւ այդ ալ` առաւելագոյն «սատիզմ»-ով եւ շնականութեամբ ու լկտիութեամբ: Իսկ ինչ կը վերաբերի այդ պետութեան մշակութային եւ նիւթական հարստութեան, ապա անոր ամբողջութիւնը թալանի եւ աւարառութեան արգասիք է:

Բայց ասոնք ալ հանրայայտ ճշմարտութիւններ են: Յամենայն դէպս անոնց քննարկումը պատմաբանի գործ է: Ես ընեմ ի՛մ գործս` «փրոփականտիսթ»-ներու, «մարքեթինկ»-ներու եւ ճարտասաններու ձեռնածութիւններուն մասին:

Ճ. Գ.

Յ. Գ.- Ի՞նչ առիթով արտայայտուած է Ալթան:

Թրքական պատկերասփիւռի «Հրաշալի դարաշրջան» հաղորդաշարը ներկայացուցած էր խման եւ կիներուն ենթակայ սուլթան մը: Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան ընդվզած ու դատապարտած էր հաղորդումը` ըսելով, որ թուրքերը այդպիսի նախնիներ չեն ունեցած եւ դատական հետապնդումի պէտք է ենթարկել հաղորդումի պատասխանատուները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )