Նամակ 329
Ա. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Անոնք, որոնք կարդացին թիւ 328 նամակս, ուր հայրենասիրութեան մասին խօսած էինք, պիտի նշմարեն, թէ` այն օրերուն ինչպիսի հասկացողութիւն մը կար հայրենասիրութեան մասին: Այսօր հայրենասիրութիւնը միայն դրամ տալու մէջ կը կայանայ, ինչ որ երբեք ալ «առողջապահական» չէ:
Ոսկրաբեկումի մը պատճառով մօտ երկու ամիս վայելեցինք տան հանգիստը եւ առիթէն օգտուելով` դասաւորեցի կարգ մը թուղթեր: Զարմանալիօրէն իմ անցեալի «հայրենասիրական» մէկ գործս յայտնաբերեցի. թուականը` 28/11/1994, եւ ցուցակէն յայտնի կ՛ըլլայ, որ այնթապցի մեր հայրենակից եւ հայրենաբնակ Վահագն Տեմիրճեանին ղրկած են 1006 կտոր գիշերանոց, 912 կտոր մանուկի գոգնոց, 72 կտոր խաղալիք, 18 կտոր քրեմ եւ մեր հայրենակցականին օրացոյցներէն: Նամակ մըն ալ գրած եմ 1/12/94 թուակիր (քիչ անդին)` յանձնարարելով, որ պէտք եղած տեղերը բաժնեն:
Այդ նամակին վերջաւորութեան ասեղներու հարց մը կայ. հոս` քիչ մը պատմութիւն: Ինչպէս գիտէք, սփիւռքի համայն այնթապցիութիւնը 1970-ական թուականներուն ձեռնարկեց հանգանակութեան մը, եւ Նոր Այնթապ գիւղը օժտուեցաւ ժանեակի առաջնակարգ գործարանով մը: Անկախութեան օրերուն այս հոյակապ գործարանը (երկրորդը Խորհրդային Միութեան մէջ) սեփականաշնորհուեցաւ` շատ անշնորհք որոշումով մը: Արդեօք կարելի՞ է դատի տալ այսօր այդ անշնորհք աւազակները: Այդ բացառիկ գործարանը այսօր գոյութիւն չունի…
Տարիներ ետք կարիքը զգացուեցաւ մանկական գուլպաներու գործարանի մը, եւ մեր աննման հայրենակիցը` Գէորգ Պագըրճեան, ինծի զանգեց` աւետելով, որ արդէն հինգ մեքենայ ապահոված է կարգ մը բարերարներու կողմէ, եւ շուտով պիտի առաքուին Նոր Այնթապ, 125 հազար տոլար արժէքով:
Մեր այցելութիւններուն մէկուն ընթացքին մեզմէ խնդրեցին, որ գուլպայի մեքենաներուն ասեղներէն հայթայթէինք: Իրենցմէ այդ ասեղներուն նմուշներէն խնդրեցինք: Հոգ չէ, թէ` կոտրուած, որ Պելճիքայէն ապսպրենք: Տեղւոյն վրայ կարելի չեղաւ ստանալ, խոստանալով պանդոկ ղրկել: Տակաւին պիտի ղրկեն…
Չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ նման կարծիք մը յայտնած եմ օրուան տնօրէնին մասին: Բայց կ՛երեւի, թէ արժանի էր. փաստ` ասեղներու մասին իր անհոգութիւնը: Ցաւ ի սիրտ, այսօր ալ նման տնօրէններ կան:
Այս հինգ գուլպայի մեքենաներն ալ արժանացան ժանեակի հսկայ մեքենաներուն ճակատագրին…
Աստուած թողութիւն շնորհեսցէ:
***
Արօտավայրի մը մէջ երկու կովեր իրարու կը հանդիպին:
– Գիտե՞ս որ,- կը յարէ մէկը,- վերջին ամսուան ընթացքին իմ արտադրողականութիւնս աճած է օրական եօթը լիթրով:
– Զարմանալի է,- կ՛ըսէ միւսը,- բայց ինչպէ՞ս կ՛ընես:
– Ես չեմ ըներ, այլ տէրս կ՛ընէ:
Սփիւռքեան բոլոր կովեր, միացէք…
***
Վահագն Տեմիրճեան, Երեւան, Հայաստան
Սիրելի՛ հայրենակից,
Յուսամ ամէն ինչ կարգին է, ինչպէս խօսած էինք: Ձեզի ուղարկեցի 11 քարթոն մանուկներու գիշերանոց, 1006 կտոր, որոնց մէջ կան 20 հատ կանացի գիշերանոց, թիւ 2 քարթոնին մէջ: Կան նաեւ 312 հատ մանուկներու գոգնոցներ (bavette):
Թիւ 9-ի մէջ դրի 18 կտոր ձեռքի քրեմ, զոր կրնաք կա՛մ ծախել` հասոյթը հայրենակցականին, եւ կամ ալ ձեր յարմար տեսածը ընել:
Իսկ 72 կտոր խաղալիքները եթէ կարելիութիւն կայ, կը յանձնէք առաջնորդարանի բարեգործականին, Պ. Ծուլիկեանին, որ մեր ՀԲԸՄ-ի որդեգրուած որբերուն բաժնէ:
Տակաւին կը սպասենք ասեղներու նմուշներուն, զորս խոստացած էր Նոր Այնթապի գործարանին տնօրէնը, որ շատ ալ յարմար չտեսայ այդ գործին:
Այս 11 քարթոնները արդէն հասած ըլլալու են երէկ` 30/11/94-ին:
Կը սպասենք ձեր նոր եւ լաւ լուրերուն:
Ողջոյններով`
Ա. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

