Կռփամարտ. Կորիւն Սողոմոնեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեան
Քալինինկրատի մէջ (Ռուսիա) աւարտած Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդներու (19-22 տարեկան) ախոյեանութեան գերազանցօրէն հանդէս գալով, 49 քկ դասակարգի ախոյեան հանդիսացաւ Կորիւն Սողոմոնեան, որ աւարտականին 11-10 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հիուճ Մայերսը, տիրացաւ ոսկի մետալին եւ բնականաբար հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, կը յայտնէ ArmFootball.com:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչ` Արամ Աւագեան, 56 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ արծաթ մետալին` աւարտական մրցումին պարտուելէ ետք ռուս Վլատիմիր Նիքիթինէն:
Նշենք, որ աւելի կանուխ Հայաստանի համար պրոնզ մետալ մը ապահոված էր Նարեկ Աբգարեան:
CATEGORIES Մարզական

