Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ Յաղթեց Ռիատիի` 78-73 Արդիւնքով
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան բաւական հետաքրքրական մրցումէ մը ետք աւարտեցաւ Շանվիլ – Ռիատի ճակատումը ի նպաստ առաջինին` 78-73 արդիւնքով:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 13-15, 27-15, 17-19 եւ 21-24:
Շանվիլէն 27 կէտ եւ 10 ռիպաունտ նշանակեց Նիքոլոզ Չիթիշվիլի, մինչ Ռիատիէն Իսմայիլ Ահմետ` 27 կէտ:
Շանվիլի մարզիկ Ֆատի Խաթիպ բաւականացաւ 7 կէտով:
Նշենք, որ այսօր կ՛աւարտի 8-րդ հանգրուանը, երբ յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին տեղի կ՛ունենայ Պիպլոս – Ամշիթ մրցումը:
CATEGORIES Մարզական