Category: Հայկական
Կումինսքի. «Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի Անդամակցութեան Ճամբուն Վրայ Խոչընդոտներ Կան»
Վիքթոր Կումինսքի Աշխատանքային այցելութեամբ անցեալ շաբաթավերջին Հայաստան հասած Պիելոռուսիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Վիքթոր Կումինսքի կիրակի օր լրագրողներու հետ հանդիպման ատեն ըսաւ, որ Եւրասիական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան ճամբուն վրայ խոչընդոտներ կան: Պատասխանելով ... Շարն.
Թուրք Նախարարը Հայաստանի Հետ Յարաբերութեանց Նոր Ժամանակաշրջանի Կոչ Կ՛ուղղէ
Վոլքան Պոզքըր Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հետ հարցերու նախարար Վոլքան Պոզքըր յայտնած է, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները յառաջ մղելու իր բաժինը կատարած է, եւ ... Շարն.
Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Ազրպէյճանէն Պետրոսեանի Գործով Բացատրութիւն Պահանջած Է
«Ընդդէմ իրաւական կամայականութեան» հասարակական կազմակերպութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը Ազրպէյճանի մէջ գերութեան մէջ սպաննուած Կարէն Պետրոսեանի ընտանիքի հայցին ընթացք տուած է` Ազրպէյճանի կառավարութենէն բացատրութիւն պահանջելով: Պետրոսեանի ... Շարն.
Ծերակոյտին Մէջ Պիտի Քննուի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Մէջ Դեսպաններու Թեկնածուներու Հարցը
Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի ուշադրութեան կեդրոնը յառաջիկայ շաբաթ պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ: Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմինի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 17 սեպտեմբերին պիտի քննէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ... Շարն.
Մանոյեան. «Պէտք Է Միասնական Ըլլալ»
Մօտ օրէն կը հրապարակուի Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման ուսումնասիրութեան խումբի ուսումնասիրութիւնը, որ քննարկումի առանցքային նիւթ պիտի ըլլայ, որովհետեւ անհրաժեշտ է, որ մենք համախոհութիւն ունենանք, թէ ի՛նչ կը պահանջենք եւ ինչպէ՛ս պիտի ... Շարն.
Պասքերու Խորհրդարանը Ճանչցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնորոշման Իրաւունքը
«Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը յայտնէ, որ Պասքերու տարածքային խորհրդարանը 12 սեպտեմբերին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով որդեգրած է փաստաթուղթ մը, որ կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման: Պասքերու խորհրդարանին ... Շարն.
Օհանեան. «Հայաստանի Համար Անընդունելի Են Միակողմանի Զիջումները»
Սէյրան Օհանեան «Ազրպէյճան կը փորձէ սահմանին վրայ սադրանքները օգտագործել ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին վրայ ազդելու համար»: Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանին մէջ ուսանողներու եւ դասախօսական կազմի հետ հանդիպման ատեն այս ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Իբրեւ Պատրիարքներու Բանբեր Նախագահ Օպամային Պարզեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Մտահոգութիւնները
Հինգշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ուաշինկթընի մէջ քրիստոնէական համաժողովին մասնակցող Միջին Արեւելքի մարոնի, հայ, ասորի, յոյն կաթողիկէ եւ ասորի կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, Սպիտակ տան մէջ շուրջ ժամ մը տեւող ... Շարն.
Պասքական Կիփուզքոա Մարզը Ճանչցած Է Արցախի Անկախութիւնը
«Սիվիլնեթ» կը հաղորդէ, որ «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան մեկնած է Պասքերու երկիր, ուր շարք մը հանդիպումներ ունեցած է շրջանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն ... Շարն.
Վարդանեան. «Ծառուկեան Իր Հարցազրոյցին Մէջ Բոլորովին Նոր Բան Ըսաւ»
«ՀՅԴ-ն համոզուած է, որ կառավարման գործող համակարգը, ե՛ւ իր բովանդակային, ե՛ւ գործնական առումով, խնդիրները կը լուծէ ի շահ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան», ըսաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան` ... Շարն.
«2015-ին Աշխարհը Պիտի Միանայ Հայերուն» Կ՛ըսէ Մուրատ Փափազեան
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պաշտօնական ձեռնարկները Ֆրանսայի մէջ կը սկսին յառաջիկայ տարուան յունուարէն: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան` շեշտելով, որ ձեռնարկները ... Շարն.
Աւստրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Պաքուի Մէջ Եւս Խօսած Է Ղարաբաղեան Խնդիրի Լուծման Անհրաժեշտութեան Մասին
Քուրց եւ Ալիեւ «Արմէնփրես»` յղում կատարելով ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց այցելած է Ազրպէյճան, ուր հանդիպում ունեցած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ... Շարն.
Թուրքիա. «Յունաստանի Որդեգրած Օրէնքը Ժողովրդավարութեան Սկզբունքներուն Եւ Խօսքի Ազատութեան Դէմ Է»
Թանժու Պիլկիչ «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուշի ուշով հետեւած է Յունաստանի խորհրդարանին մէջ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող ... Շարն.
Նիւ Սաութ Ուէյլզի Օրէնսդիր Խորհուրդը Յայտարարութիւն Ընդունեց
Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի օրէնսդիր խորհուրդը 10 սեպտեմբերին ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի նախայարձակումը դատապարտող յայտարարութիւն մը: Ըստ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի կայքին, նախաձեռնութեան հեղինակն է ... Շարն.
Ուորլիք. «Յառաջիկայ Ամիսներուն Շատ Աշխատանք Ունինք Կատարելիք»
Ճէյմս Ուորլիք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանած է Կալեսի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ծիրին մէջ տեղի ունեցած Սարգսեան-Քերրի-Ալիեւ հանդիպումը եւ ... Շարն.
Պուէնոս Այրեսի Մէջ Մերժուեցաւ Ազրպէյճանի Անունով Հրապարակի Կառուցման Նախագիծը
Պուէնոս Այրեսի քաղաքային խորհուրդը մերժեց այն նախագիծը, որ կ՛առաջարկէր քաղաքի Քոլրէի շրջանին մէջ «Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն» անունով հրապարակ կառուցել: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, օրէնքի նախագիծը քննարկման առաջին իսկ վայրկեանէն արժանացաւ արժանթինահայ համայնքի քննադատութեան ... Շարն.
Ստորագրահաւաք` «Հայերու Եւ Թուրքերու Միջեւ Խաղաղութեան Ժամանակաշրջան» Սկսելու Համար
Ըստ «Աուր քոմըն տրիմ»-ի, համացանցին մէջ ստորագրահաւաք սկսած է, «հայերու եւ թուրքերու միջեւ խաղաղութեան դարաշրջան» սկսելու համար: Ստորագրահաւաքին նպատակն է երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնել` յարգելով իւրաքանչիւր կողմի պատմութիւնը: «Մեր ... Շարն.
Ըստ Life.Panorama.Am-ի. «Գրաքննութեան Միջոցով Թուրքիոյ Մէջ Կը Փորձեն Կանխարգիլել Ցեղասպանութեան Նիւթին Տարածումը» Ըսած Է Ասանժ
Ճուլիըն Ասանժ Life.panorama.am կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած Համացանց համախմբումի մասնակիցներու հետ համացանցի ճամբով հարցուպատասխանի ժամանակ «Ուիքիլիքս»-ի հիմնադիր Ճուլիըն Ասանժ յայտարարած է, որ գրաքննութեան միջոցով Թուրքիոյ մէջ կը փորձեն ... Շարն.
Հայկական Կողմը Ազրպէյճանցի 15-Ամեայ Գերին Յանձնեց Ազրպէյճանին
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, ցուցաբերելով բարի կամեցողութիւն եւ յանձնառութիւն ժընեւեան հռչակագիրներու դրոյթներուն, Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդի Ստեփանակերտի գրասենեակին օժանդակութեամբ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն յանձնեցին 5 սեպտեմբերին 2014-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանը ... Շարն.
«Յունաստանի Որոշումը` Օրէնքով Պատժել Ցեղասպանութիւնը Ժխտողները, Ողջունելի Է» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան
Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի ընդունումը ողջունելի է, յայտարարեց ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ երէկ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ... Շարն.

