Category: Գաղութային
Հալէպահայութեան Առօրեայէն. Առեւանգուած Տարեց Հայորդի Գալուստ Համբարձումեան Ազատ Արձակուեցաւ
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երէկ` երեքշաբթի, 14 յունուար 2014-ի յետմիջօրէին Հալէպի մէջ ազատ արձակուեցաւ 84 տարեկան Գալուստ Համբարձումեան: Նշենք, որ Համբարձումեան երկուշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2013-ին առեւանգուած էր: Ս. Աստուածածին ... Շարն.
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Թեկնածու Սարգիս Պուտագեան` Պէյրութի Եւ Լեռնալիբանանի Ճարտարարուեստի Եւ Առեւտուրի Պալատի Անդամ
Երէկ «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցան Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատի ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատի նախագահ Մոհամետ Շուքէյրի նախագահած ցանկը ամբողջութեամբ ընտրուեցաւ, մրցակիցի ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Խորհրդակցութիւններ Կ՛ունենայ Հոգեւոր Պետերու Հետ` «Ժընեւ – 2» Խորհրդաժողովի Նախօրեակին
Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար հանդիպումներ ու հեռաձայնային խօսակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանի ու Սուրիոյ կացութեան հետ աղերս ունեցող հարցերու եւ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մտահոգութիւններուն շուրջ` «Ժընեւ - ... Շարն.
«Կիւլպենկեան»-ը 12,000 Տոլար Կը Նուիրէ «Արմինիըն Ռիվիու»-ի Թուայնացման Ծրագիրին
«Արմինիըն Ռիվիու» թերթի խմբագրութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 1948-էն լոյս տեսնող եւ հայագիտական ուսումնասիրութեանց նուիրուած այս հրատարակութեան բոլոր թիւերը թուայնացնելու ծրագիրին համար, Փորթուկալի «Կիւլպենկեան» հիմնարկութիւնը որոշած է 12,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը ... Շարն.
«Մօրաքոյրը` Փարիզէն»` Ծիծաղի Ու Ցաւի Միախառնում
Ն. Բ. Հայ ազգին երկու հիմնական ներկայացուցիչները` սփիւռքահայն ու հայաստանցին բեմին վրայ են` իրենց սովորութիւններով, նկարագրային գիծերով, մտածելակերպով, թերութիւններով, իրարու նկատմամբ ունեցած մօտեցումներով... Բեմին վրայ են նաեւ այսօրուան Հայաստանի եւ ... Շարն.
Հալէպահայութեան Եւ Սուրիոյ Առօրեայ . Ծայրայեղ Իսլամականներ Սպաննած Են Յովհաննէս Եւ Մինաս Լեւոնեանները
«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ 4 ամիս առաջ ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումներու կողմէ առեւանգուած Յովհաննէս եւ Մինաս Լեւոնեանները սպաննուած են: Յայտնենք, որ օրերս համացանցին մէջ լուսանկար եւ լուր յայտնուեցաւ, ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ միջկուսակցական ժողովը տեղի ունեցաւ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 5:00ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան լիբանանահայ համայնքին վերաբերող քաղաքական եւ գաղութային հարցերուն ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Երեսփոխան Մուխայպերը Եւ Հապիպ Աֆրամը
Մուխայպեր եւ Արամ Ա. կաթողիկոս Ուրբաթ, 10 յունուար 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի խորհրդարանի անդամ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպերը: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նոր կառավարութեան կազմութեան, լիբանանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան ... Շարն.
Հաւաք` «Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկ Թիւի Հրատարակութեան Առիթով
Երէկ երեկոյեան «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը` «Ազդակ»-ի 2014-ի Ամանորի բացառիկ թիւին հրատարակութեան առիթով: Մտերմիկ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան «Ազդակ»-ի անձնակազմը, Նոր տարուան բացառիկ թիւի ... Շարն.
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս 2014-ը Կը Հռչակէ «Տարեցներու Տարի»
Վեհափառ հայրապետը 2014 տարին հռչակած է «Տարեցներու տարի»: Այս առիթով վեհափառ հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի յառաջիկայ կիրակի, 12 յունուարին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ: Վեհափառ հայրապետին պատգամը պիտի ... Շարն.
Գիրքի Պատրաստութեան Մրցանքի Ծնունդ Հանդիսացող Գիրքի Շնորհահանդէս
Երէկ` ուրբաթ, 10 յունուարի երեկոյեան ժամը 6:30¬ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպած գիրքի պատրաստութեան միջդպրոցական մրցանքին մասնակցած եւ առաջին երեք մրցանակներու ու յիշատակութեան ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ գործող Հայրենակցական միութիւններու գործունէութիւնը համակարգող յանձնախումբին ուրբաթ, 10 յունուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի հաւաք մը` ներկայութեամբ 20 հայրենակցական միութիւններու վարչութիւններուն: ... Շարն.
Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Խորհրդակցութիւններ
Հինգշաբթի, 9 յունուար 2014-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցերու գծով. Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան Յանձնախումբի Նախագահին Այցելութիւնը Շեհապ, ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
ՀՄԸՄ Համաձայնագիր Մը Ստորագրեց «Կուկըլ»-ի Հետ` Իբրեւ Առաջին Ոչ Հասութաբեր Հայկական Միութիւն «Կուկըլ»-ի Շնորհիւ Գործենք Աւելի Խելացի Մօտեցումով Եւ Ոչ Թէ Աւելի Ժամանակ Տրամադրելով» Լոս Անճելըս, 1 յունուար 2014. Այսօր ՀՄԸՄ համաձայնագիր մը ... Շարն.
Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը Չի Հաստատեր Հայ Երիտասարդի Մը Սպանութեան Լուրը
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանը չի հաստատեր որոշ լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկութիւնները այն մասին, որ Հալէպի մէջ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն (ՏԱՀԵՇ) խմբաւորումին կողմէ հայ երիտասարդ մը սպաննուած է: Այս մասին ... Շարն.
Արուեստով Յագեցած Զրոյց Արա Օշականի Հետ
Երկու տարբեր ծրագիրներով` սուրիահայութիւնն ու իր ծննդավայրը նկարելու նպատակով Լիբանան գտնուող արուեստագէտ, լուսանկարիչ, նկարչական ուրոյն ոճ եւ մօտեցում ունեցող Արա Օշականի հետ կատարուեցաւ մտերմիկ եւ հետաքրքրական զրոյց մը «Ազդակ»-ի «Արսէն ... Շարն.
Ամանորի Խանդավառ Նշում` Համազգայինի «Լ. Շանթ» Կեդրոնին Մէջ
4 յունուարին ամանորեան տօնական մթնոլորտ կը տիրէր Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ, ուր այս առիթով Գեղարուեստի դպրոցներուն կատարած նախաձեռնութիւնները կը կրէին «Միասին տօնենք Ամանորն ու Ս. Ծնունդը» ընդհանուր խորագիրը: Կեդրոն ... Շարն.
Ծննդեան Իր Հայրապետական Պատգամին Մէջ`. «Սուրիոյ Հայ Համայնքին Վերականգնումը Համահայկական Առաջնահերթութւին Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով երկուշաբթի, 6 յունուարին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ սուրբ պատարագը մատուցեց եւ հայրապետական իր պատգամը տուաւ Արամ Ա. կաթողիկոս` ներկայ հաւատացեալ հոծ բազմութեան: Պատարագին ... Շարն.
Ս. Ծննդեան Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով երկուշաբթի, 6 յունուար 2014-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ ջրօրհնէք: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ... Շարն.
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Յարութ Փամպուքճեանի Երգահանդէս` Ի Նպաստ Սուրիահայութեան
Երէկ` երեքշաբթի, 7 յունուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան երգահանդէսով ելոյթ ունեցաւ Յարութ Փամպուքճեան: Երգահանդէսին բացումը կատարեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ ի տես սուրիահայ գաղութի դիմագրաւած ... Շարն.

