Category: Մարզական
21-25 Նոյեմբերին. Արոնեան – Նաքամուրա Մրցախաղը
Armchess.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ 21-25 նոյեմբերին Սենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի պիտի ունենայ Լեւոն Արոնեան - Հիքարու Նաքամուրա (Միացեալ Նահանգներ) մրցախաղը: Կրանտմասթըրները պիտի կատարեն 4 դասական ... Շարն.
Ֆութսալի Մարզիչ Դառնալու Համար` 22 Անձեր Մասնակցեցան Ա. Կարգի Քննութիւններուն
Լուսանկարը` ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻԻ Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 22 անձեր մասնակցեցան 11-16 նոյեմբերին Լանքասթըր պանդոկին մէջ (Ռաուշէ) տեղի ունեցած ֆութսալի մարզիչի Ա. կարգի ... Շարն.
Ըստ Ռայնհարտ Ռաուպալի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Շատ Հաւանաբար Քննարկէ ՖԻՖԱ-էն Անջատուելու Տարբերակը
Գերմանիոյ ֆութպոլի լիկայի նախագահ Ռայնհարտ Ռաուպալ կը կարծէ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն պէտք է մտածէ ՖԻՖԱ-էն դուրս գալու` անջատուելու տարբերակը, եթէ ամբողջութեամբ չհրապարակուին 2018-ի եւ 2022-ի աշխարհի ախոյեանութեանց հիւրընկալ ... Շարն.
Հաքիմ, Ֆըղալի Եւ Ռասի` «Սքոր»-ի Այսօրուան Հիւրերը
Իւրաքանչիւր երեքշաբթի, գիշերուան ժամը 23:00-ին, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Սքոր» մարզական յայտագիրէն ուղղակիօրէն կը պատկերասփռուի եւ անոր ընդմէջէն ելոյթ կ՛ունենան մարզիկներ, պատասխանատու անձեր, լրագրողներ եւ այլն: Այսօրուան յայտագիրին առաջին ... Շարն.
Եուրօ-2016. Չեխիա, Սլովաքիա Եւ Անգլիա` Ցարդ Անպարտելի
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Եւրոպայի տարածքին տեղի ունեցան բազմաթիւ մրցումներ` Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով: Խումբերուն մեծամասնութիւնը կատարած է 4 մրցում, իսկ ոմանք` 3: Ցարդ միայն երեք խումբեր` ... Շարն.
Ռամատան Մասնակցեցաւ Քանոյ-Քայաք-ի Միջազգային Ֆետերասիոնի Համագումարին
Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Լիբանանի Քանոյ-Քայաքի ֆետերասիոնի նախագահ Մազեն Ռամատան նախորդ շաբաթավերջին Լեհաստանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ միջազգային Քանոյ-Քայաքի ֆետերասիոնի համագումարին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 126 ֆետերասիոններ (ներառեալ` ասիական 29 ... Շարն.
Զիտանի Որդին Իր Նորամուտը Նշեց Ռէալ Մատրիտի Երիտասարդական Խումբին Հետ
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին միջնապահ Զինետին Զիտանի որդին` Էնզօ Զիտան, նախորդ շաբաթավերջին իր նորամուտը նշեց արքայական ակումբին երիտասարդական խումբին հետ, կը յայտնէ ArmSport.am: Էնզոն դաշտ ներկայացաւ ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.». Պրայընթի Նշանակած 44 Կէտերը Յաղթանակ Չապահովեցին Լէյքըրզի
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը, 136-115 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Հակառակ անոր որ Լէյքըրզի մարզիկներէն Քոպի ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Մէկ Կէտով Վերադարձաւ Հիւսիսէն
Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Թրիփոլիի մէջ հիւրը եղաւ Ռիատա Ուալ Ատապի: Մրցումը հազիւ սկսած (5-րդ վայրկեանին), ՀՄԸՄ-ի հիմնական բերդապահ ... Շարն.
Պասքեթպոլ. 33 Անձեր Իրաւարարի Վկայագիր Ստացան
PROFOTO Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ նախորդ շաբաթավերջին` Սանթրալ վարժարանին մէջ (Ժունիէ), 33 անձեր Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ իրաւարարի վկայագիր ստացան: Այդ 33 անձերն են` Ապտալլա Պըրրօ, Ապտել ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Պաթումի Մրցաշարք. 2001-Ի Ծնունդ Հայ Մարզիկները Տիրացան Տիտղոսին
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կայքէն` ArmSport.am կը յայտնէ, որ Պաթումի մէջ աւարտած պատանիներու պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին 2001-ի ծնունդ դասակարգին մէջ տիտղոսին տիրացան Արաբկիրի մարզիկները, որոնք աւարտականին իրենց կատարած ... Շարն.
Ծանրաբարձութիւն. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը` 16-րդ, Իսկ Աղջկանց Հաւաքականը` 31-րդ
Նախորդ շաբաթավերջին Ալմաթիի մէջ աւարտեցաւ աշխարհի ծանրաբարձութեան 81-րդ ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան` իր տղոց եւ աղջկանց խումբերով: Այս ախոյեանութեան Հայաստանի 14 մարզիկներէն (8 տղաք եւ 6 աղջիկներ) ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Անկախութեան Բաժակի Մրցաշարք. Սահակեան Եւ Համիէ Տիրացան Տիտղոսին
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան նուիրուած բաժակի մրցաշարքը: Աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Մարիանա Սահակեան (Նատուա Քամաթիէ), որ աւարտականին յաղթեց ... Շարն.
Յունաստանի Մարզիչ Ռանիերի Պաշտօնանկ Եղաւ
Նախորդ շաբաթավերջին Յունաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Քլաուտիօ Ռանիերի պաշտօնանկ եղաւ, յայտնեց «Sport Mediaset» կայքը: Մոնաքոյի նախկին մարզիչը իր նոր պաշտօնը ստանձնած էր 2014-ի Մոնտիալէն ետք եւ Եուրօ-2016-ի զտումի մրցաշարքին ... Շարն.
Եուրօ-2016. Հոլանտա 6-0 Արդիւնքով Յաղթեց Լաթվիոյ, Իսկ Նորվեկիա` Ազրպէյճանի (1-0). Լիխթնշթայն Անակնկալի Բերաւ Մոլտովան
Նախորդ շաբաթավերջին Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ արձանագրուեցան կարգ մը անակնկալներ: Լիխթնշթայն անակնկալ յաղթանակ մը արձանագրեց` 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Մոլտովայի դաշտէն: Նոյն արդիւնքով յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ ... Շարն.
Սթանքովիչ Շատ Հաւանաբար Նշանակուի Սերպիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ
Ինթեր Միլանի նախկին ֆութպոլիստ Տեժան Սթանքովիչ շատ հաւանաբար նշանակուի Սերպիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ` ստանձնելով Տիք Ատվոքաթի պաշտօնը, որ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ եղաւ, երբ Սերպիա 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց ... Շարն.
Քլոզը Առաջարկներ Ստացած Է Ռուսիայէն, Անգլիայէն Եւ Միացեալ Նահանգներէն
Գերմանական «Պիլտ» պարբերաթերթին համաձայն, երբ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցումները սկսին, Լացիօ Ռոմայի յառաջապահ Միրոսլաւ Քլոզը շատ հաւանաբար լքէ իր կազմը, հակառակ անոր որ, ըստ իտալական մամուլին, ան տարիով մը երկարաձգած է ... Շարն.
Քամերունցի Նախկին Ֆութպոլիստը Մահացած Գտնուեցաւ Իր Բնակարանին Մէջ
Քամերունի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող նախկին ֆութպոլիստ Վալերի Մեզաք, որ վերջին շրջանին մաս կը կազմէր Թուլոնի Սփորթինկին, շաբաթ, 15 նոյեմբերին մահացած գտնուեցաւ իր բնակարանին մէջ: Թուլոնի ոստիկանութեան հաղորդագրութեան մէջ ... Շարն.
Խթանիչ Դեղեր Գործածած Ըլլալուն Պատճառով` Տաճիկ Յետսապահ Պեքնազարով Երկու Տարիով Կախակայուեցաւ
Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ տաճիկ յետսապահ Քհիւրշետ Պեքնազարով երկու տարիով կախակայուեցաւ, երբ ի յայտ եկաւ, որ ան Ինշէոնի մէջ տեղի ունեցած ասիական խաղերուն ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` Ռիատա Ուալ Ատապ – ՀՄԸՄ
Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պիտի ճակատի Ռիատա Ուալ Ատապի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, տեղի պիտի ունենայ ... Շարն.

