Category: Մարզական
Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն. Ճենիֆըր Խայյաթ ՀՄԸՄ Պէյրութին Ապահովեց Առաջնութիւն Մը
Նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի փինկ փոնկի տարիքային ախոյեանութեան` 15 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումները: Աղջկանց տիտղոսակիր հանդիսացաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող Ճենիֆըր Խայյաթ, որ ... Շարն.
Անգլիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Մանչեսթըր Եունայթըտ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանի Բացման Մրցումը
Շաբաթ, 16 օգոստոսին, Մանչեսթըր Եունայթըտ - Սուանզի մրցումով սկսաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան բարձրագոյն դասակարգի 2014-2015 տարեշրջանը: Մարզիչ Լուիս Վան Կաալի կազմը` Մանչեսթըր, պարտութեամբ սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ իր դաշտին վրայ ... Շարն.
Նանճինկ-2014. Պատանիներու Ողիմպիականի 2-րդ Խաղերը Սկսան
Շաբաթ, 16 օգոստոսին Չինաստանի Նանճինկ քաղաքին մէջ սկսան Նանճինկ-2014-ի պատանիներու ողիմպիականի 2-րդ խաղերը, որոնց իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան: Հայաստանի 32 հոգինոց պատուիրակութիւնը Չինաստան ժամանեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի ... Շարն.
Գերմանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Մխիթարեան Նշանակեց Յաղթական Տորթմունտի Առաջին Կոլը (4-1)
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումները: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Պորուսիա Տորթմունտի մաս կազմող Հենրիխ Մխիթարեան իր խումբին հետ անցաւ Բ. հանգրուան, երբ անոր ... Շարն.
Աշխարհի Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատուեցաւ. 99 Տարեկան Կին Վազողը 100 Մեթրը Վազեց 59″ 8 Ժամանակամիջոցի Մը Մէջ
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ կին վազող Իտա Քիլինկ, որ 99 տարեկան է, իր անունը արձանագրեց մրցանիշներու «Կինես» գիրքին մէջ` նկատի ունենալով, որ ... Շարն.
Փեր Մերթեսաքըր Աւարտեց Ֆութպոլի Իր Միջազգային Ասպարէզը
Լոնտոնեան Արսենալի մաս կազմող գերմանացի յետսապահ Փեր Մերթեսաքըր նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կը լքէ իր ելոյթները Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ: «2014-ի Մոնտիալին Գերմանիոյ աշխարհի ախոյեան ... Շարն.
Արտասահմանի Մէջ Հանդէս Եկող 13 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Հայաստանի Ազգային Հաւաքական
Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական խումբերուն յանձնախումբը պաշտօնական հրաւէրներ ուղղեց արտասահմանեան կարգ մը ակումբներու, որպէսզի անոնց մաս կազմող մարզիկները Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ իրենց մասնակցութիւնը կարենան բերել յառաջիկային ... Շարն.
Ճեքսընի Գնած Բնակարանին Արժէքը` 4,85 Միլիոն Ամերիկեան Տոլար
Իր լուրը քաղելով 6sqft.com կայքէն` ArmSport.am կը յայտնէ, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Նիւ Եորք Նիքս ակումբին նախագահը` Ֆիլ Ճեքսըն, Նիւ Եորքի մէջ գնած է նոր բնարական մը, որուն արժէքը ... Շարն.
Պարսելոնա 6 Միլիոն Եւրօ Առաջարկած Է Պրազիլցի Փերէյրայի Համար
Քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը մտադիր է պայմանագիր կնքել Սան Փաուլոյի (Պրազիլ) աջ կողմի յետսապահ Տուկլաս Փերէյրայի հետ, կը յայտնէ ArmSport.am` մէջբերելով Sport.es-ին հրապարակած մէկ լուրը: Ըստ աղբիւրին տեղեկութեան, Պարսելոնա պրազիլական ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ Եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շապապ Արապի
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` շաբաթ, 16 օգոստոսին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի կ՛ունենան երկու մրցումներ: Առաջին մրցումին, որ պիտի սկսի ժամը 16:00-ին, ՀՄԸՄ ... Շարն.
Մխիթարեան. «Պիտի Փորձեմ Միշտ Առաւելագոյնս Տալ Տորթմունտին»
Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի` Պայէրն Միւնիխ - Պորուսիա Տորթմունտ ճակատումը, որ աւարտեցաւ երկրորդին յաղթանակով, 2-0 արդիւնքով: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի ... Շարն.
ՖԻՖԱ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ. Հայաստան 5 Դիրքի Ոստում Մը Արձանագրեց
Երէկ` հինգշաբթի, 14 օգոստոսին, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու նոր դասաւորումը, որուն մէջ առաջին հինգ դիրքերը գրաւողները պահեցին իրենց դիրքերը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ նախորդ դասաւորման մէջ կը ... Շարն.
Սարգիս Յովսէփեան. «Մեր Կազմը Անընդհատ Կը Փոխուի, Որովհետեւ Շատերը Զօրակոչի Կ՛երթան»
Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն միջեւ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումէն ետք (1-1), Հայաստանի գլխաւոր մարզիչ Սարգիս Յովսէփեան պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումներուն ըսաւ. «Բաղդատմամբ Ա. կիսախաղին, ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութեան Մրցումներ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսան Լիբանանի փինկ փոնկի տարիքային ախոյեանութեան մրցումները: Պզտիկներու մրցաշարքին (տղաք) առաջին դիրքը գրաւեց Սաատէտտին Հապաշ (Ահլի Սայտա), որ 3-1 ... Շարն.
Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթտ – Սուանզի Բացման Մրցումով Կը Սկսի Նոր Տարեշրջանը
Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանը կը սկսի վաղը, երբ տեղի կ՛ունենայ Մանչեսթըր Եունայթըտ - Սուանզի բացման մրցումը: Ինչ կը վերաբերի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, անոնք պիտի կատարուին ստորեւ տրուած ... Շարն.
Թէեւ Չորս Ամսուան Կախակայումը Մնաց Ի Զօրու. Սակայն Սուարես Կրնայ Փորձերու Եւ Բարեկամական Մրցումներու Մասնակցիլ
Լոզանի պատժական դատարանը (CIS) երէկ պաշտօնական որոշում մը յայտարարելով ուրուկուէյցի միջազգային յառաջապահ Լուիս Սուարեսի գծով, ըսաւ, որ նախ եւ առաջ անոր դէմ ՖԻՖԱ-ին կողմէ սահմանուած չորս ամսուան կախակայումը կը մնայ ... Շարն.
Սըպլինի Միացաւ Նըժմէի
Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան Նըժմէի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ Լիբանանի ողիմպիական ազգային խումբին եւ Ահլի Սայտայի յառաջապահ Մահմուտ Սըպլինին միացուց իր կազմին` այս ձեւով ... Շարն.
Ռիպերի Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Միջազգային Ասպարէզը
Պայէրն Միւնիխի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ֆրանք Ռիպերի իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ վերջ կը դնէ իր ֆութպոլիստի միջազգային ասպարէզին: «Քիքըր» մարզաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, ... Շարն.
Ֆութսալ. Ասիոյ Ակումբներու 5-րդ Ախոյեանութիւն. Պէյրութի Դրամատունը Կը Պատրաստուի
25-30 օգոստոսին Չինաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ասիոյ ֆութսալի ակումբներու 5-րդ ախոյեանութիւն: Լիբանանի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը, որ կը պատրաստուի այս մրցաշարքին, 20 օգոստոսին կը մեկնի Չինաստան: Գլխաւորութեամբ սերպ մարզիչ Տեժան ... Շարն.
Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը ՖԻՖԱ-էն Կը Պահանջէ Պատժամիջոցներ Հաստատել Ռուսիոյ Դէմ
Իր լուրը քաղելով ռուսական լրատուամիջոցներէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Ուքրանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը ՖԻՖԱ-ին դիմած է` խնդրելով պատժամիջոցներ հաստատել Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին դէմ: Այս առիթով Ուքրանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին ... Շարն.

