Category: Խմբագրական
Editorial
ԱԿՆԱՐԿ. ԺԽՏՈՒՄԻ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ` ՊԱՔՈՒԷՆ ԴԻՏՈՒԱԾ
Ֆրանսայի ծերակոյտը այս ամիս իր օրակարգին վրայ կը ներառէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի քննարկումն ու քուէարկութիւնը: Այդպէս են բազմակողմանի լրատուութիւններուն հաղորդումները, ընդ որում` պաշտօնական լրահոսինը: Թրքական վայնասունը կը շարունակուի ցուցական ... Շարն.
ԹՈՒՐՔ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ ՓԱՐԻԶ` ԱՌԱՆՑ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԻ
Ֆրանսայի մէջ գործող Թուրքիոյ դեսպանը, որ առ ի բողոք Ֆրանսայի Ազգային ժողովի քուէարկած օրինագիծին մեկնած էր Անգարա, ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն փոխանցած տեղեկութիւններուն մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ կը վերադառնայ իր աշխատանքին: Այդպէս ... Շարն.
ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱԿՆԿԱԼԻՔՆԵՐ` ԻՆՔՆԱՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԿԱՐԳՈՎ
Փակուող-բացուող տարիներու այս ժամանակահատուածին, եթէ սովորական խօսքեր պիտի յանձնենք թուղթին, լուսարձակի տակ բերելու համար, թէ ինչե՛ր յաջողեցանք իրականացնել եւ ի՛նչ տեսակ դժուարութիւններու հանդիպեցանք, անկեղծութեան պակաս մը զգալի պիտի դառնայ մեր ... Շարն.
ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ ՕՐԷՆՔԻ
Ֆրանսայի Ազգային ժողովի քուէարկած օրինագիծը միջազգային, ֆրանսական, թրքական, ազրպէյճանական, հայկական եւ արաբական լրատուամիջոցներու լուսարձակներուն տակ է ընդգծուած ձեւերով: Այդ լրահաւաքն ու մանաւանդ վերլուծական յօդուածներուն մօտէն հետեւելու անհրաժեշտութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ ... Շարն.
ԱԿՆԱՐԿ. ՓԱՐԻԶ-ԱՆԳԱՐԱ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՏՈՄՍԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԸ
Եթէ մետասաներորդ պահուն կացութիւն փոխող որեւէ հիմնական միջամտութիւն չըլլայ, ապա Ֆրանսայի Ազգային ժողովին քննարկման եւ քուէարկումին կը դրուի պաշտօնական Փարիզի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններու ժխտումի քրէականացման օրինագիծը: Անգարան խուճապի մատնուած ըլլալու ... Շարն.
ՄԱՐՏԱՎԱՐԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԵՐ
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան քուէարկած թիւ 306 բանաձեւը Հայ դատի աշխատանքներու մարտավարական փոփոխութեան արգասիքը կարելի է համարել: Բանաձեւը, առանց Ցեղասպանութիւն բառեզրի օգտագործման, խորքին մէջ կը թեւակոխէ ճանաչումի յաջորդ հանգրուանը` հատուցումներու ... Շարն.
ԱԿՆԱՐԿ. ԹԷԺ ՄՐՑԱՊԱՅՔԱՐ` ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ
Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին, ընտրական նկատառումներէ մեկնած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու խոստումները բազմակողմանի են: Աւելի ճիշդը, երկկողմանի, եթէ նկատի ունենանք, որ այս հարցին վրայ կեդրոնացումը կը բաժնուի գործող նախագահին եւ ... Շարն.
ԱԿՆԱՐԿ. 5 ԱՄՍՈՒԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ ԵՒ 1.2 ՏԱՐՈՒԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահութեան ընտրութիւններուն արձանագրուած քուէարկութեան պատկերը առիթ ծառայած է քաղաքական շահարկումներու, տեղի-անտեղի մեկնաբանութիւններու եւ անոնց հիման վրայ կատարուած տարատեսակ եզրայանգումներու: Անկախ թեկնածուներէն եւ արձանագրուած պատկերէն սակայն, պէտք է ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿՈՂՄԻՆ ՅՍՏԱԿԱՑՈՒՄԸ
Լիբանանի նախագահին այցելութիւնը Երեւան, Հայաստանի նախագահին կողմէ ընդունելութիւնը, միացեալ մամլոյ ասուլիսը, երկկողմ 7 նոր համաձայնագիրներու ստորագրութիւնը, տակաւին` Ծիծեռնակաբերդ այցն ու այնտեղ թողած արձանագրութիւնը կու գան շեշտակիօրէն տեղադրուելու Հայաստան-Լիբանան միջպետական յարաբերութիւններու ... Շարն.
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՀԱՐՍՏԱՑՆԵԼ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ
Մեր այսօրուան թիւը «Ազդակ»-ի 84-ամեայ պատմութեան մէջ շրջադարձային է, ինչպէս որ շրջադարձային նշանակութիւն ունէին «Փիւնիկ»-էն «Նոր Փիւնիկ» եւ ապա «Ազդակ» անցումները, եռօրեայէն երկօրեայ եւ ապա օրաթերթ մամուլի նուաճումները կամ չորսէն ... Շարն.
ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅՆԱՑՈՒՄ ԵՒ ՀԱՒԱՍՏԻՈՒԹԻՒՆ (Դաշնակցութեան Օրուան Առիթով)
Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնները տարուէ տարի աւելիով կը հրապարակայնացնեն կուսակցութեան գործունէութիւնը, աւելիով հաշուետուութեան շեշտադրումներով կը ներկայացնեն կուսակցութեան խօսքը եւ աւելիով ժողովուրդին կը բանան հետագայ աշխատանքներուն հիմնական նախանիշերը: Դաշնակցութեան օրուան նշումները վաղուց ... Շարն.
ԱԿՆԱՐԿ. ԵՐԵՒԱՆ – ՊԷՅՐՈՒԹ ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼՆԵՐ
Հայաստան- Լիբանան միջպետական յարաբերութիւններու ուղղութեամբ սերտացման նախադրեալներ իրենք զիրենք զգալի կը դարձնեն: Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին այցելութիւնը Երեւան, ապա Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը Պէյրութ եւ այս բոլորէն ... Շարն.
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ՀԱԿԱԿՇԻՌ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի պետութեան կողմէ Լիբանանի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան ճամբով 120 տարրալուծարաններու նուիրատուութիւնը Լիբանանի պետական վարժարաններուն արժանի է վերլուծումի քանի մը հայեցակէտերով: Նախ, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան, նման տարողութեամբ նուէր ... Շարն.
ԱԿՆԱՐԿ. ԹԱԼԷԱԹԸ ՀԻԹԼԵՐԷՆ ԱՌԱՋ ԵՒ ՔՈՅՐ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ԽՈՐԹՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիոյ վարչապետին յոխորտանքային յայտարարութիւնները` հնչած իր երկրի օրէնսդիր ժողովին առջեւ, աննկատ պէտք չէ ձգել եւ անուշադրութեան պէտք չէ մատնել: Սուրիական իշխանութիւններուն դէմ սանձազերծած քարոզչաքաղաքական պատերազմը Թուրքիոյ կողմէ, վարչապետ Էրտողանի ելոյթով ... Շարն.
ԲՐԳԱՁԵՒ ԵՒ ՑԱՆՑԱՅԻՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑ
Հայկական աշխարհը այսօր զօրաշարժի կ՛ենթարկուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան կեդրոնական հանգանակութեան օրուան առիթով: Հայրենակերտ ծրագիրներ ամէն տարի կու գան ներդրում մը աւելցնելու առաջադրուած կենսական ծրագիրներու, որոնք կը վերաբերին հիմնականին մէջ ... Շարն.
ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ` ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԵՒ ՏԵՂԱԿԱՆ ԲԱՐԴ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Հերթական անգամ բարդ պայմաններու մէջ Լիբանան կը տօնակատարէ իր անկախութեան 68-րդ տարեդարձը: Տեղական դժուարին պայմաններուն վրայ աւելցած են շրջանային բարդութիւնները շատ անմիջական յարաբերակցութիւններով: Միջազգային քաղաքականութեան մէջ ընդհանրացած «Արաբական գարուն» յղացքը ... Շարն.
ԱԿՆԱՐԿ. ՔԱՂԱՔ, ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԵՒ ՄԱՅՐՈՒՂԻ
Վերջին շրջանին իրերայաջորդ որոշ լրատուութիւններ յատկանշուելով ուշագրաւութեամբ դուրս կու գան սովորական լրահոսէն եւ իրենց վրայ կը կեդրոնացնեն վերլուծական լուսարձակներ: Քարվաճառը Վարդենիսին կապող մայրուղիի ծրագիրը, ապա Ազրպէյճանահայոց համագումարէն բխած Զանգելանը 30 ... Շարն.
ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԱԴՐԵԼԻ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ պետական յանձնախումբի կազմութենէն եւ յայտարարուած առաջադրանքներէն ետք սփիւռքի տարածքին տակաւ ձեւաւորման ընթացքի մէջ են տուեալ համայնքներու կազմակերպ կեանքը ներկայացնող բոլոր ուժերու եւ հոսանքներու ներկայացուցիչներու ներգրաւուածութեամբ կառոյցները ... Շարն.
ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ 2012-ԻՆ
Վերջին շրջանին ակներեւ եռուզեռ կը տիրէ լիբանանահայ գաղութի ազգային-մշակութային կեանքին մէջ: Համասփիւռքեան համաժողովներէն սկսեալ մինչեւ միութենական եւ հայրենակցական միութիւններու աշխուժ ձեռնարկներ, անցնելով` մամլոյ եւ հրատարակչատուներու նախաձեռնութիւններէն, մեր գաղութը կը վերահաստատէ ... Շարն.
ԱԿՆԱՐԿ. 6 ԱՄԻՍ ԸՆԴԴԷՄ 20 ՏԱՐՈՒԱՆ (ՈՐԱԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ)
Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պաշտօնատարներու հրաժարականներն ու նոր պաշտօններու ստանձնումները իրենց վրայ կեդրոնացուցած են ներհայաստանեան խնդիրներուն հետեւողներուն ուշադրութեան կիզակէտը: Տարաբնոյթ վերլուծումներ, մեկնաբանութիւններ եւ անոնց հիման վրայ կայացող անվերջ կանխատեսումներու շղթան կ՛երկարի ... Շարն.

