Category: Հայկական
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կ՛ողջունէ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի այսօր քուէարկած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը, որ անցաւ ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ: Օրէնքին համաձայն, Ցեղասպանութիւնը ժխտողներն եւ ուրացողները պիտի ենթարկուին մինչեւ մէկ ... Շարն.
ԹՐՔԱԿԱՆ ԲՈՒՌՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ
Ֆրանսայի խորհրդարանը երէկ աւելի քան երեքուկէս ժամ տեւած քննարկումներէ ետք որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, որ խորհրդարանին ներկայացուած էր երեսփոխան Վալերի Պուայէի առաջարկով: Ան խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին ... Շարն.
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ. «ՖՐԱՆՍԱ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԲՆՕՐՐԱՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ԻՐ ԲԱՐՁՐ ՀԱՄԱՐՈՒՄԸ»
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ յայտարարեց, որ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին կողմէ ընդունուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծով, Ֆրանսան վերահաստատեց մարդկային իրաւունքներու բնօրրան ըլլալու իր բարձր համարումը եւ անգամ մը ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իոաննիս Քորինթիոսի հետ: Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Ի. Քորինթիոսին պաշտօնավարման ընթացքին երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ... Շարն.
«ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՈՐԴԵԳՐՈՒՄԸ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ-ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ Յ ԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՎՐԱՅ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՄԱՄԵՏՈՎ
Ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութեանց բաժանմունքի ղեկավար Նովրուզ Մամետով յայտնած է, որ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը ֆրանսական-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն ... Շարն.
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ 40 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՏՐԱՄԱԴՐԵՆ
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտն ու Ներկայացուցիչներու տունը անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան քննարկած եւ հաստատած են 2012-ի ելեւմտական տարուան արտասահմանեան օժանդակութեան նախագիծը: Նշեալ նախագիծին մէջ Հայաստանի ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՖԱՍԻԷԻ ՀԵՏ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի հետ: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Պեռնար Ֆասիէի աշխուժ գործունէութեան համար: Ֆասիէ վստահութիւն յայտնեց, որ ղարաբաղեան տագնապի ... Շարն.
ՍԱՐՔՈԶԻ ԿԻՒԼԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆԻ ԶԱՆԳԵՐՈՒՆ ՉԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՐ
Ֆրանսայի մէջ քննարկուելիք Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին առիթով թրքական զայրոյթը նոր թափ ստացած է յատկապէս այն բանէն ետք, երբ Սարքոզի արդէն երկու օրէ ի վեր չի պատասխաներ Թուրքիոյ նախագահ ... Շարն.
ՊՐԱԶԻԼԵԱՆ ՔԱՄՓԻՆԱՍ ՔԱՂԱՔԸ ՃԱՆՉՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Պրազիլի Սան Փաուլօ նահանգի Քամփինաս քաղաքի քաղաքապետարանը պաշտօնապէս տեղեկացուց Պրազիլի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, որ 16 դեկտեմբերին քաղաքապետ Տ. Վիլակրա ստորագրած է քաղաքային խորհրդարանի 20 նոյեմբերին ընդունած բանաձեւը` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ... Շարն.
ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԻ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻՆ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԵՑԱՒ 23 ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ
Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին: Նստաշրջանը սկսաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու նեղ կազմով հանդիպումով, որուն ... Շարն.
«ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԱՇԽԱՏԻՆ, ՈՐ ՆՄԱՆԱՏԻՊ ԲԱՆԱՁԵՒԵՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻՆ ՏԱՐԲԵՐ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ» Կ՛ԸՍԷ ՔԵՆ ԽԱՉԻԿԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ առաջին անգամ ըլլալով քննարկման դրուեցաւ բանաձեւ մը, որ կ՛անդրադառնայ քրիստոնէական, մասնաւորապէս հայկական եկեղեցիներուն, անոնց ինչքերը իրենց օրինական տէրերուն վերադարձնելուն: 13 դեկտեմբերին Ներկայացուցիչներու տան կողմէ որդեգրուած ... Շարն.
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԿԷՏԻՆ ՆԵՐԱՌՈՒՄԸ
Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան «Ազդակ»-ին յայտնեց, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը երէկ իր համաձայնութիւնը յայտնած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի` Ֆրանսայի խորհրդարանի օրակարգին վրայ մնալուն եւ 22 դեկտեմբերին ... Շարն.
ՔԻՒՐՏ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԿՈՏՈՐԵԼՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹ ԿԱՅ»
Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Մուշէն ընտրուած երեսփոխան Սըրրը Սաքըք Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսք առնելով յայտնած է, որ 1978-ի այս օրը` 19 դեկտեմբերին, Մարաշի մէջ կոտորուած են հարիւրաւոր ... Շարն.
«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆ ՊՐԱՅԶԱՆ ՇՈՒՐՋ ՄԷԿ ԱՄԻՍ ԵՏՔ ՍՏԻՊՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՏՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ» ԿԸ ԳՐԷ «ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ»
Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի յօդուածագիր Ֆրետ Հայաթ կը գրէ, որ «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ մէկ տարի առաջ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին վրայ նշանակուած բարձրաստիճան դիւանագէտ ... Շարն.
ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ԴԷՄ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ ԳՈՒՄԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒՆ ՍՐԱՀ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼ ՄԵՐԺԱԾ ԵՆ
Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ քննարկուելիք Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին դէմ լոպիինկ կատարելու համար Փարիզ մեկնած թրքական գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներուն մերժած են ընդհանուր ժողովի ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՄՈՍԿՈՒԱ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Մոսկուա` Հաւաքական ապահովութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին, ԱՊՀ 20-ամեակին նուիրուած ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին, ինչպէս նաեւ ԵւրԱզէս միջպետական ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏԵՐՈՒՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Պաղտասարեան երէկ Մոսկուայի մէջ մասնակցեցան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի, պաշտպանութեան ... Շարն.

