Category: Լիբանանեան

Ներքին Եւ Արտաքին Իմաստով  Արձանագրուած Են Ապահովական  Շարք Մը Խախտումներ

Ներքին Եւ Արտաքին Իմաստով Արձանագրուած Են Ապահովական Շարք Մը Խախտումներ

October 18, 2013

Իսրայէլեան բանակի հետիոտն զինուորներու խմբակ մը, որ կը հաշուէր 12 զինուոր, «Մերքաւա» տիպի երկու հրասայլերու ընկերակցութեամբ երէկ առաւօտեան ժամը 9:30-ին շրջանցեց Ուազզանիի մօտ գտնուող փշաթելերը եւ մուտք գործեց լիբանանեան հողեր, ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 18, 2013

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ֆրանսա կատարած իր ճամբորդութիւնը առողջական հարցի կը վերաբերի` աւելցնելով, որ իրեն ընկերակցած է ընտանիքին բժիշկը` Ղաթթաս Խուրի: «Խուրի զիս տեղեակ պահեց, ... Շարն.

Մամլոյ Արձակուրդ

October 15, 2013

Ատհայի տօնին առիթով եւ, համաձայն մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ չորեքշաբթի 16, եւ հինգշաբթի 17 հոկտեմբեր 2013-ին: Մեր յաջորդ թիւը` ուրբաթ, 18 հոկտեմբեր 2013-ին: Շարն.

Լիբանան Խոր Յուզումով  Հրաժեշտ Տուաւ Ուատիհ Սաֆիի

Լիբանան Խոր Յուզումով Հրաժեշտ Տուաւ Ուատիհ Սաֆիի

October 15, 2013

Լիբանան խոր յուզումով իր վերջին հրաժեշտը տուաւ վաստակաւոր երգիչ Ուատիհ Սաֆիի: Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Կեդրոնական Պէյրութի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ ... Շարն.

Ռումիէի Բանտին Մէջ Դարձեալ Ըմբոստութիւն Կ՛արձանագրուի

October 15, 2013

Ռումիէի բանտին մէջ երէկ յետմիջօրէին արձանագրուեցաւ ըմբոստութիւն մը` Ալլամ եւ Ուլուուէ ընտանիքներուն միջեւ: Բախումներուն պատճառով արձանագրուեցաւ շուրջ 20 վիրաւոր, ինչպէս նաեւ արգելափակեալները յաջողեցան պատանդ առնել երկու բանտապահներ: Ըմբոստութենէն ժամ մը ... Շարն.

Նախագահ Սլէյման Ատհայի Տօնին  Առիթով Շնորհաւորեց Լիբանանցիները

Նախագահ Սլէյման Ատհայի Տօնին Առիթով Շնորհաւորեց Լիբանանցիները

October 15, 2013

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ մաղթեց, որ այդ տօնը ըլլայ երկրին գերագոյն շահերուն եւ երկխօսութեան սկսելու մասին իմաստուն կերպով մտածելու առիթ, շրջանցելու համար քաղաքական ... Շարն.

Թրիփոլիի Կացութիւնը  Կրնայ Մտահոգիչ Դառնալ

Թրիփոլիի Կացութիւնը Կրնայ Մտահոգիչ Դառնալ

October 15, 2013

Ռիֆաաթ Իտ «Նահար» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մզկիթներուն պայթումին մասին ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին բացած հետաքննութեան ընթացքին արհեստագիտական գերարդիական սարքեր օգտագործուած են, եւ առաջին իսկ օրէն փաստուած է, որ սուրիական ... Շարն.

Վարչապետ Միքաթի Շնորհաւորեց Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքը

October 15, 2013

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ողջունեց Թրիփոլիի բնակիչները, որոնք դարձեալ փաստած են իրենց գիտակցութիւնը, զգաստութիւնն ու յանձնառութիւնը` պետութեան իրաւունքներուն հանդէպ: Ան բարձր գնահատեց Թրիփոլիի ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը: Միքաթի շեշտեց, ... Շարն.

Սալամ Կոչ Կ՛ուղղէ` Պաշտպանելու Լիբանանի Ազգային Հիւսուածքը Եւ Ամրապնդելու Լիբանանեան Վարչակարգը

October 15, 2013

Ատհայի տօնին առիթով, վարչապետ Թամմամ Սալամ շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ մաղթեց, որ Ատհայի օրհնութիւնները իբրեւ բարիք դրսեւորուին Լիբանանի մէջ` աշխուժացնելով երկրին ազգային կեանքն ու տնտեսութիւնը: Թամմամ Սալամ կոչ ուղղեց բոլորին` պաշտպանելու ... Շարն.

Պըրրի Խորհրդարանը Կը Հրաւիրէ Լիագումար Նիստի

October 15, 2013

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Լիագումար նիստին ընթացքին պիտի ընտրուին երկու ընդհանուր քարտուղարներ եւ ... Շարն.

Սելիմ Հըս Ընդունեց Ռաատը

Սելիմ Հըս Ընդունեց Ռաատը

October 15, 2013

Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Ռաատ մաղթեց, որ Լիբանան ... Շարն.

Առեւանգուած Լիբանանցիները Ազատ Արձակելու Բանակցութիւնները Ընթացքի Մէջ Են

October 15, 2013

«Հիւսիսային փոթորիկ» փաղանգի յատուկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ իրենք այս իմաստով դրական արդիւնքներ կը նախատեսեն: «Հիւսիսային փոթորիկ» փաղանգին ... Շարն.

Սինիորա Ռուհանիէն  Ստացաւ Շնորհակալական  Եւ Շնորհաւորական Նամակ Մը

Սինիորա Ռուհանիէն Ստացաւ Շնորհակալական Եւ Շնորհաւորական Նամակ Մը

October 15, 2013

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ապատի շեշտեց, որ Իրան յանձնառու ... Շարն.

Հարիրի Սէուտական Արաբիոյ Կողմէ Պիտի Պատժուի՞

October 15, 2013

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, թէ սէուտական կողմ մը որոշած է պատժել Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավարը` Հըզպալլայի դէմ անոր պայքարին արձանագրած բացթողումներուն կամ թերեւս սուրիացի «յեղափոխականներուն» ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 15, 2013

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը Լիբանանի վրայ քանդիչ ազդեցութիւն կը ձգէ, յատկապէս նկատի ունենալով դէպի Լիբանան սուրիացի գաղթականներուն հոսքը: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ ... Շարն.

Թրիփոլիի Մէջ Ապահովական Խախտումներ`  Մզկիթները Պայթեցնելու Յանցանքով  Ժապալ Մըհսենը Ամբաստանելու Պատճառով

Թրիփոլիի Մէջ Ապահովական Խախտումներ` Մզկիթները Պայթեցնելու Յանցանքով Ժապալ Մըհսենը Ամբաստանելու Պատճառով

October 14, 2013

Ժապալ Մըհսեն Թրիփոլիի Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներուն պայթումները գործելու ամբաստանութեամբ շաբաթ գիշեր Ժապալ Մըհսենի մէջ Եուսեֆ Տիապ անունով երիտասարդին ձերբակալութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ ... Շարն.

Նախագահ Սլէյման Անհրաժեշտ Կը Նկատէ  Երկրին Տագնապին Լուծումը Ապահովել`  Գերադասելով Ազգային Շահերը

Նախագահ Սլէյման Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Երկրին Տագնապին Լուծումը Ապահովել` Գերադասելով Ազգային Շահերը

October 14, 2013

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ` Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հանդիսութեան ընթացքին Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին ընդունեց Ժողովրդավարական վերանորոգում շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին ... Շարն.

Լիբանանը Երգած Մեծ Արուեստագէտ  Ուատիհ Սաֆի Ոչ Եւս Է

Լիբանանը Երգած Մեծ Արուեստագէտ Ուատիհ Սաֆի Ոչ Եւս Է

October 14, 2013

Ուատիհ Սաֆի Այսօր Լիբանան իր հրաժեշտի վերջին տուրքը կու տայ լիբանանցի վաստակաւոր արուեստագէտ Ուատիհ Սաֆիի, որ անցեալ ուրբաթ երեկոյեան մահացաւ խոր ծերութեան մէջ: Մեծ արուեստագէտին` 92-ամեայ Ուատիհ Սաֆիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը ... Շարն.

Առեւանգուած Լիբանանցիներու Թղթածրարին Գծով Լաւատեսութիւնը Կը Մնայ Տիրական

October 14, 2013

Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին առնչութեամբ վերջին հանգրուանի լաւատեսութիւնը կը մնայ տիրական: Առեւանգուած լիբանանցիներու հարազատներուն անունով յայտարարութիւն կատարեց Տանիել Շաայպ, որ յայտնեց, թէ իրենք իմացած են, որ իրենց հարազատներու ... Շարն.

Սաֆատի. «Սուրիացի Գաղթականներուն  Պէտքերը Հոգալու Հարցով Լիբանան Նիւթական  Օժանդակութիւն Խնդրած Է  Եւ Ոչ Թէ Փոխատուութիւն»

Սաֆատի. «Սուրիացի Գաղթականներուն Պէտքերը Հոգալու Հարցով Լիբանան Նիւթական Օժանդակութիւն Խնդրած Է Եւ Ոչ Թէ Փոխատուութիւն»

October 14, 2013

Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատի երէկ Ուաշինկթընի մէջ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առընթեր գումարուած խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանան արաբական եւ օտար պետութիւններուն ներկայացուցած է աշխատանքային ծրագիր մը, որուն մէջ նշած  ... Շարն.