Category: Լիբանանեան

Ասիրի. «Սէուտական Օժանդակութիւնը  Պիտի Յատկացուի Միայն Բանակին  Եւ Ապահովութեան Ուժերուն»

Ասիրի. «Սէուտական Օժանդակութիւնը Պիտի Յատկացուի Միայն Բանակին Եւ Ապահովութեան Ուժերուն»

August 15, 2014

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախկին միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի հետ: Միւֆթի Քապպանի պարգեւատրեց Ասիրին Հանդիպումին ընթացքին ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 15, 2014

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը մտահոգ է Լիբանանով եւ անոր գոյութեամբ: Ան ճիշդ այդ պատճառով է, որ կը պահանջէ հանրապետութեան ... Շարն.

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց Միշել Մըրի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Միշել Մըրի

August 14, 2014

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բաղկացած ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Յովհաննէս Թասլաքեանէ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, այցելեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ, երեսփոխան Միշել Մըրի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները ... Շարն.

Խորհրդարանի Նախագահը Կը Մերժէ  Խորհրդարանի  Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը

Խորհրդարանի Նախագահը Կը Մերժէ Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը

August 14, 2014

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ լիբանանեան ... Շարն.

Վարչապետ Սալամ  Փլամպլիի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Սալամ Փլամպլիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

August 14, 2014

Փլամպլի եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական իրավիճակը: Մեկնումի պահուն Փլամպլի ... Շարն.

Արսալի Եւ Լապուէի Մէջ  Զօր. Քահուաժի Ստուգեց  Բանակին Դիրքերը

Արսալի Եւ Լապուէի Մէջ Զօր. Քահուաժի Ստուգեց Բանակին Դիրքերը

August 14, 2014

Զօր. Քահուաժի` Արսալի մէջ Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ուղղուեցաւ Արսալ, ուր ստուգեց շրջանին մէջ դիրքաւորուած լիբանանեան բանակին զօրամասերը: Զօր. Քահուաժի այցելեց նաեւ Լապուէ, ուր ստուգեց բանակի Ը. ... Շարն.

Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը  Կառչած Կը Մնայ Պետական Քննութիւններուն  Սրբագրութիւնը Պոյքոթի  Ենթարկելու Իր Կեցուածքին

Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Կառչած Կը Մնայ Պետական Քննութիւններուն Սրբագրութիւնը Պոյքոթի Ենթարկելու Իր Կեցուածքին

August 14, 2014

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ կատարեց բազմամարդ բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ հաստատեց, որ խորհուրդը կառչած կը մնայ պետական քննութիւններուն սրբագրութիւնը պոյքոթի ենթարկելու ... Շարն.

Պասիլ Պաշտօնական  Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ  Յորդանան

Պասիլ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Յորդանան

August 14, 2014

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Յորդանան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ապտալլա Բ. թագաւորը հաստատեց, որ ... Շարն.

Սլէյման Կոչ Ուղղեց Նախագահական  Ընտրութիւն Կատարելու

Սլէյման Կոչ Ուղղեց Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

August 14, 2014

Հըննաուի, զօր. Սլէյման, Մուքպել եւ Շապթինի Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է վերջ տալ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու միտումին: Սլէյման Եարզէի մէջ ... Շարն.

Յուլիսեան Պատերազմին  Առիթով  Սէյիտ Նասրալլա  Վաղը Պիտի Արտասանէ Ճառ Մը

Յուլիսեան Պատերազմին Առիթով Սէյիտ Նասրալլա Վաղը Պիտի Արտասանէ Ճառ Մը

August 14, 2014

Յուլիսեան պատերազմին առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վաղը` ուրբաթ, 15 օգոստոս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի արտասանէ խօսք մը: Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած ... Շարն.

Միքաթի – Ասիրի Հանդիպում

Միքաթի – Ասիրի Հանդիպում

August 14, 2014

Միքաթի եւ Ասիրի Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի դրուատեց Ասիրիի ունեցած դերակատարութիւնը` ամրապնդելու ... Շարն.

Ժոմպլաթ Շնորհաւորեց  Հանրապետութեան Միւֆթին

Ժոմպլաթ Շնորհաւորեց Հանրապետութեան Միւֆթին

August 14, 2014

Միւֆթի Տըրիան եւ Ժոմպլաթ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ այցելեց հանրապետութեան նորընտիր միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, որուն շնորհաւորեց անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով: Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 14, 2014

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի ուղղուեցաւ Ժետտա` այդտեղ քննարկելու համար լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն տրամադրուած մէկ միլիառ տոլարի յատկացումը բանակին կարիքներուն ծառայեցնելու մեքանիզմը գործադրելու կարելիութիւնները: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, ... Շարն.

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ  Սալամի Եւ Սլէյման Ֆրենժիէի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ Սալամի Եւ Սլէյման Ֆրենժիէի

August 13, 2014

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բաղկացած ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Սեպուհ Յովնանեան է եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, երէկ այցելեց վարչապետ Թամմամ Սալամի: Քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները եւ ... Շարն.

Պետական Քննութիւններուն Սրբագրութիւնն  Ու Վկայագիրներուն Յանձնումը  Յետաձգուեցան Մինչեւ Շաբաթավերջ

Պետական Քննութիւններուն Սրբագրութիւնն Ու Վկայագիրներուն Յանձնումը Յետաձգուեցան Մինչեւ Շաբաթավերջ

August 13, 2014

Նստացոյցը` կրթութեան նախարարութեան առջեւ Երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին կրթութեան նախարարութեան դիմաց տեղի ունեցաւ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին կազմակերպած բողոքի նստացոյցը, որուն ընթացքին ուսուցիչները հաստատեցին, որ իրենք կառչած կը մնան պետական քննութիւններուն ... Շարն.

Ելեկտրականութեան Ընկերութեան  Սարակները Հրկիզուող Անիւներով  Փակեցին Փողոցները

Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակները Հրկիզուող Անիւներով Փակեցին Փողոցները

August 13, 2014

«Շարլ Հըլու» կայարանի ճամբան` փակուած Ելեկտրական ընկերութեան սարակները երէկ առաւօտեան փակեցին ընկերութեան դարպասը եւ արգիլեցին պաշտօնեաներուն մուտքը: Քիչ անց, անոնք հրկիզուող անիւներով փակեցին նաեւ «Շարլ Հըլու» կայարանի ճամբան` ստեղծելով երթեւեկի ... Շարն.

Նախագահի Ընտրութեան  Խորհրդարանի Ժ. Նիստը Եւս Կը Ձախողի

Նախագահի Ընտրութեան Խորհրդարանի Ժ. Նիստը Եւս Կը Ձախողի

August 13, 2014

Երեսփոխաններ իրարու հետ կը զրուցեն Երէկ կէսօրին խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութեան Ժ. նիստը, որ դարձաւ նախկին նիստերուն մէկ տարբերակը, այլ խօսքով` ձախողեցաւ նախագահական ընտրութիւն կատարել երեսփոխաններու օրինաթիւի չգոյութեան ... Շարն.

«Երկխօսութիւնը Լուծումներու  Յանգելու Միակ Միջոցն Է»  Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

«Երկխօսութիւնը Լուծումներու Յանգելու Միակ Միջոցն Է» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

August 13, 2014

Վարչապետ Սալամ Ասիրին կը պարգեւատրէ յուշանուէրով մը Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ մեծարեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին` Լիբանանի մէջ անոր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով: Սալամ ... Շարն.

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը  Կը Մերժէ Ազգային Եւ Սահմանադրական  Հարցերը Առեւտուրի Առարկայի Վերածել

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կը Մերժէ Ազգային Եւ Սահմանադրական Հարցերը Առեւտուրի Առարկայի Վերածել

August 13, 2014

Իպրահիմ Քանաան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հարց ... Շարն.

Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Արսալի  Դէպքերուն Ընթացքին Անյայտ Կորսուած  Զինուորներուն Ընտանիքները

Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Արսալի Դէպքերուն Ընթացքին Անյայտ Կորսուած Զինուորներուն Ընտանիքները

August 13, 2014

Անյայտ կորսուած զինուորներու ընտանիքներուն հետ հանդիպման ընթացքին Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Արսալի դէպքերուն ընթացքին անյայտ կորսուած զինուորներուն ընտանիքները, որոնց հետ քննարկեց այդ զինուորներուն վերաբերող ... Շարն.