Category: Լիբանանեան
Բանակի Հիմնադրութեան 69-Ամեակ. «Բանակը Փաստեց, Որ Ազգային Համերաշխութիւնը Ճշմարտութիւն Է Եւ Խոր Համոզում» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի
Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 69-ամեակին առիթով` հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ արտասանած իր օրուան հրահանգին մէջ նշեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած զգայուն պայմանները, ինչպէս նաեւ նախագահական աթոռին թափուր մնալը պատճառ դարձան, որ ... Շարն.
«Բանակին Եւ Անոր Առաքելութեան Պէտք Է Զօրակցիլ, Զինել Զայն Եւ Բարելաւել Անոր Թուաքանակը» Շեշտեց Պըրրի
Բանակի հիմնադրութեան 69-ամեակին առիթով` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը եւ ողջունեց անոր նահատակները: Ան դրուատեց բանակին կողմէ երկրին ապահովութեան պատասխանատուութեան ստանձնումը` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի եւ շրջանային ... Շարն.
Սալամ. «Լիբանանի Շահերը Ամէն Բանէ Վեր Պէտք Է Դասել Եւ Անմիջապէս Նախագահ Ընտրել»
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ` շնորհաւորելով լիբանանեան բանակին հիմնադրութեան 69-ամեակը: «Այս առիթով կը շնորհաւորեմ բոլոր ... Շարն.
Նապաայի Մէջ Բողոքի Ցոյց` Ջուրի Տագնապին Դէմ
Անդրանիկ Մսըրլեան Նապաայի բնակիչները երէկ յետմիջօրէին անիւներ հրկիզելով փակեցին շրջանին փողոցները` բողոքելով ջուրի մնայուն տագնապին դէմ: Աւելի ուշ ապահովութեան ուժերը բացին փակ ճամբաները` ցրուելով բնակիչները: Այս մասին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ ... Շարն.
Միքաթի Ողջունեց Բանակը
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ողջունեց լիբանանեան բանակը` ցաւ յայտնելով, որ այս տարի բանակը իր հիմնադրութեան 69-ամեակը կը նշէ հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան: Միքաթի հաստատեց, որ լիբանանցիները այլ ելք չունին, բացի ... Շարն.
Հարիրի Շնորհաւորեց Զօր. Քահուաժին Եւ Կոչ Ուղղեց Ընտրելու Նախագահ Մը
Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ` շնորհաւորելով զայն բանակի հիմնադրութեան 69-ամեակին առիթով: Նախկին վարչապետը շեշտեց, որ բանակը պէտք է ... Շարն.
Մուսթաքպալ Հոսանքի Պատուիրակութիւն Մը Երէկ Այցելեց Ռայի Պատրիարքին Եւ Աուտէ Եպիսկոպոսին
Մուսթաքպալ պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը երէկ գլխաւորութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումէն ետք Սինիորա յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին հիմնադրութեան ... Շարն.
Ապու Ֆաուր Օդակայանին Մէջ Կը Ստուգէ «Իպոլա» Ժահրին Լիբանան Մուտքը Կանխարգիլելու Քայլերը
Ապու Ֆաուր` Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ ուղղուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան եւ շրջեցաւ օդակայանի բժշկական բաժինին մէջ` ընկերակցութեամբ տոքթ. Ուալիտ Ամմարի, օդակայանի տնօրէն Տանիէլ Հայպիի ... Շարն.
Ելեւմուտքի Նախարարը Ընդունեց Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Եւ Այցելեց Զօր. Աունի
Խալիլ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը, որուն հետ քննարկեց պետական պաշտօնեաներու, զինուորականներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումները վաւերացնելու կարելիութիւնները: Հանդիպումէն ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի Այրունիէ գիւղաքաղաքին մէջ ձերբակալուած է կին մը, որ ականուած գօտի կապած էր: Նշենք, որ ձերբակալուած կնոջ ամուսինը իր կարգին ձերբակալուած է ահաբեկչութեան յանցանքով: ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի դատախազներէն Ֆատի Սուանի ... Շարն.
Պասիլ Ընդունեց Ալճերիական Ջախջախուած Օդանաւի Զոհերուն Հարազատները
Զոհերու հարազատներուն հետ հանդիպումէն պահ մը Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց ջախջախուած ալճերիական օդանաւին պատճառով զոհուած լիբանանցիներուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց ... Շարն.
Պըրրի Ընդունեց Սէյիտ Հիւսէյնն Ու Ապու Սաապը
Ապու Սաապ եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանեան համալսարանին վերաբերող շարք մը հարցեր: Հանդիպումէն ետք Սէյիտ ... Շարն.
Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Երեսփոխան Ապի Նասըրը
Ապի Նասըր եւ Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըրը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս շրջանին ... Շարն.
Ժոմպլաթ. «ՏԱՀԵՇ Գրեթէ Սահմանին Մօտ Կը Գտնուի»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը կը շարունակեն պետական պաշտօնեաներու, ուսուցիչներու եւ զինուորականներու աշխատավարձերու յաւելումներուն թղթածրարը վաւերացնելու խորհրդակցութիւնները: Ան նշեց, որ կարեւորագոյնը այն ... Շարն.
Բանակի Գաղտնի Սպասարկութիւնը Ստանձնեց Ազատ Արձակուած Լիբանանցի Հովիւը
Լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ստանձնած է 29 յուլիս 2014-ին Շեպաայէն առեւանգուած լիբանանցի հովիւ Իսմայէլ Խալիլ Նապաան: Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Նապաան Ռաս Նաքուրայի ... Շարն.
Ղարիպ. «Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Պիտի Շարունակէ Պոյքոթի Ենթարկել Պետական Քննութիւններուն Սրբագրութիւնը»
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ երէկ շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն մագլցողական քայլերը եւ պետական քննութիւններուն պոյքոթի ենթարկումը, մինչեւ որ պետական պաշտօնեաներու, զինուորականներու եւ ուսուցիչներու ամսական աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը ... Շարն.
Ահրար Սուննա Պաալպեք Փաղանգները Կը Խոստանան «Պեքաայի Էմիրութիւնը» Մաքրագործել Քրիստոնեաներէն
Ահրար Սուննա Պաալպեք փաղանգները երէկ յայտարարեցին, որ իրենք կը պատրաստեն զինուորական այնպիսի գործողութիւններ, որոնց նպատակն է «Պեքաայի էմիրութիւնը» մաքրագործել քրիստոնեաներէն: Նոյն յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ գործողութիւնները կատարելու զերօ ժամը ... Շարն.
Զինեալ Խմբաւորում Մը Կը Պատրաստուի Հիւսիսային Լիբանանի Մէջ Առեւանգումներ Կատարելու Եւ Պատանդները Փոխանակելու Ռումիէի Բանտարկեալներուն Հետ
«Ախպար» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով սալաֆական աղբիւրներէ, յայտնեց, որ զինեալ խմբաւորում մը կը ծրագրէ հիւսիսային Լիբանանի մէջ առեւանգումներ կատարել եւ պատանդները փոխանակել Ռումիէի բանտարկեալներուն հետ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, սալաֆական աղբիւրները ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: ՔՈԹՈՆՈՅԻ մէջ Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս Ասաատ ... Շարն.
Իսրայէլեան Ուժեր Կ՛առեւանգեն Լիբանանցի Հովիւ Մը Եւ Կէս Գիշերին Ազատ Կ՛արձակեն Զայն
Լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախանցեալ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, իսրայէլեան ուժերը խզած են սահմանային Կապոյտ գիծը եւ Շեպաայէն առեւանգած են լիբանանցի հովիւ Իսմայէլ Խալիլ Նապաան: Հարաւային ... Շարն.

