Category: Միջազգային
Թուրքիոյ Փոխվարչապետին Ցուցմունքով Ոստիկանները Կիրակի Օրերը Պիտի Հսկեն Եկեղեցիներուն
Պիւլենթ Առընչ «Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Ակօս» շաբաթաթերթը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ Պոլսոյ Եշիլքէօյ թաղամասի լատինական եկեղեցւոյ դէմ տեղի ունեցած յարձակումէն ետք յանցագործները յայտնաբերել չկրցած ոստիկաններուն ցուցմունք տուած է ... Շարն.
Փութինի Դէմ Մահափո՞րձ. Մալեզիական Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ Արեւելեան Ուքրանիոյ Մէջ
280 ճամբորդներ եւ 15 անձնակազմ փոխադրող Մալեզիական օդանաւ մը երէկ գիշեր ջախջախուեցաւ Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ: Ուքրանական բանակն ու ռուսամէտ զինեալները զիրար ամբաստանեցին օդանաւը վար առնելու համար: Ռուսական օդային փոխադրամիջոցներու դաշնակցային ... Շարն.
Ասատ. «Սուրիացի Ժողովուրդին Տոկունութիւնը «Արաբական Գարնան» Մահը Հռչակեց»
Նախագահ Պաշշար Ասատ Երէկ կէսօրին Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի նախագահութեան երրորդ նստաշրջանի երդման արարողութիւնը: Սուրիոյ նախագահական պալատին մէջ կազմակերպուած արարողութեան ներկայ էին մեծ թիւով երեսփոխաններ, ինչպէս ... Շարն.
Կազայի Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումը 10-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցաւ
Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումը երէկ 10-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ: Մինչ այդ, զոհերուն թիւը բարձրացաւ 208-ի, իսկ վիրաւորներունը` 1535-ի: Իսրայէլ երէկ սկսաւ թիրախ դարձնել նաեւ Համասի ղեկավարներուն բնակարանները, որոնց շարքին նաեւ ... Շարն.
Թրքական Օդանաւային Ընկերութիւնը Տաճիկ Իսլամական Զինեալներ Կը Փոխադրէ Իրաք
«Արմէնփրես»` յղում կատարելով Իրանի յեղափոխական պահակագունդին մօտիկ եղող «Ֆարս» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Թրքական օդանաւային ընկերութիւնը Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան (ՏԱՀԵՇ) անդամ ժիհատականներ Իսլամական պետութեան միանալու համար կը փոխադրէ ... Շարն.
Համաշխարհային Ա. Պատերազմի Գերմանական Արխիւները Բաց Են Հասարակութեան Համար
«Եուրոմակ»` յղում կատարելով ria.ru կայքին, կը հաղորդէ, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Համաշխարհային Ա. պատերազմի գերմանական արխիւները տարուած են Ռուսիա: Անոնց շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է Մոսկուայի զինեալ ուժերու կեդրոնական թանգարանին ... Շարն.
Օպամա Եւ Մերքել Գաղտնալսման Գայթակղութենէն Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Են
Օպամա եւ Մերքել Forbs.ru կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել վերջինիս հեռաձայնային հաղորդակցութեանց գաղտնալսման գայթակղութենէն ետք առաջին անգամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Անոնք ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներ Կը Պատրաստուին Խստացնել Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները
Ճեն Փսաքի ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը քննարկեն Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու խստացման ուղղութեամբ Եւրոպական Միութեան հետ համակարգուած ... Շարն.
Ֆրանսացի Ճարտարապետները Կ՛առաջարկեն Պրազիլական Նորակառոյց Մարզադաշտերը Տրամադրել Կարիքաւորներուն
Dna.ru կայքը կը գրէ, որ թէեւ հսկայական գումարներ ծախսուած են Պրազիլի մէջ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան հիւրընկալման համար մարզադաշտեր կառուցելու նպատակով, սակայն Մոնտիալի աւարտէն ետք անոնք դարձած են ոչ պիտանի: Միեւնոյն ... Շարն.
Անգլիոյ Եկեղեցին Կիներու Եպիսկոպոս Օծուիլը Արտօնող Որոշում Մը Որդեգրած Է
«Նիւ Եորք Թայզմ» կը հաղորդէ, որ տարիներու վրայ երկարած անել կացութենէ եւ պառակտումէ ետք, Անգլիոյ եկեղեցին 14 յուլիսին քուէարկած է ի նպաստ կիներու եպիսկոպոս օծման արտօնումին` այդպիսով շրջելով նշեալ ազգային ... Շարն.
Մոսկուայի Մեթրոյին Մէջ Արկած Մը 20 Զոհ Պատճառեց
Երէկ Մոսկուայի մեթրոյին մէջ տեղի ունեցաւ արկած մը, որուն պատճառով 20 զոհ եւ 50 վիրաւոր արձանագրուեցան: Վիրաւորներու շարքին են 2 հայ երիտասարդներ: Շոգեկառքը Ռուսիոյ մայրաքաղաքին արեւմտեան բաժինին մէջ գտնուող Սլաւիանսքի ... Շարն.
Եգիպտական Նախաձեռնութիւնը Ձախողեցաւ. Իսրայէլ Կը Շարունակէ Կազան Ռմբակոծել
Պաղեստինեան Համաս շարժումի զինեալ թեւը` Քասսամի փաղանգներ զինեալ խմբաւորումը երէկ կտրուկ կերպով մերժեց զինադադարի հաստատման համար եգիպտական նախաձեռնութիւնը` զայն նկատելով «անձնատուութիւն եւ ընկրկում» մը: Խմբաւորումը նաեւ նշեց, որ Իսրայէլի դէմ ... Շարն.
Քերրի. «Իրանի Հետ Երկարաժամկէտ Համաձայնութեան Մը Հարցով Պիտի Խորհրդակցիմ Օպամայի Հետ»
Զարիֆ - Քերրի հանդիպումէն պահ մը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց. «Իրանի հետ երկարաժամկէտ համաձայնութեան մը հարցով պիտի խորհրդակցիմ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ»: Ան նշեց, ... Շարն.
Եւրոպական Միութենէն Դուրս Գալու Շուրջ 2017-ի Հանրաքուէէն Առաջ. Եւրոսկեպտիկ Մը Նշանակուեցաւ Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար
Ֆիլիփ Համընտ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերուն յառաջիկայ տարի նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին իր գլխաւորած կառավարութեան աւագ եւրոսկեպտիկ Ֆիլիփ Համընտը նշանակեց արտաքին գործոց նախարար: Կառավարութեան կազմի վերադասաւորումէն առաջ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը ... Շարն.
Թուրքիոյ Մէջ Սուրիացի Գաղթականներու Դէմ Բողոքի Ցոյցեր
Թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ 13 յուլիսին Մարաշի մէջ շուրջ հազար հոգի սուրիացի գաղթականներու ներկայութեան դէմ բողոքի ցոյց կատարած են: Ընկերային ցանցերու միջոցով կազմուած խումբը փակելով փողոցները կը ... Շարն.
Ուաշինկթըն Մոսկուան Կը Մեղադրէ Արեւելեան Ուքրանիոյ Զինեալներուն Հրասայլեր Փոխանցելու Համար
Lenta.ru կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Մոսկուան մեղադրած է Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ ռուսամէտ զինեալներուն ցուցաբերուող աջակցութիւնը շարունակելու համար: Ուաշինկթընի մէջ յայտարարած են. «Ռուսիան կը շարունակէ անջատողականներուն մատակարարել ... Շարն.
«Յառաջիկայ Հինգ Տարիներուն Եւրոպական Միութեան Կազմին Մէջ Նոր Պետութիւններ Պիտի Չմտնեն» Ըսաւ Եունքըր
Ժան Քլոտ Եունքըր ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նոր կազմի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքըր Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ յառաջիկայ հինգ տարիներուն Եւրոպական Միութեան ... Շարն.
Քաթարը Միացեալ Նահանգներէն Հակահրթիռային Համակարգեր Եւ Զինուորական Ուղղաթիռներ Պիտի Գնէ
«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Քաթարի պաշտպանութեան նախարարներ Չաք Հէյկըլ եւ Ալի Աթիյա ստորագրած են համաձայնագիր մը` աւելի քան 11 միլիառ տոլարի ամերիկեան զէնք մատակարարելու վերաբերեալ: ... Շարն.
Քուպայի Մէջ Կնոջական Շարժումի Մը Ցոյցին Ընթացքին 90 Անձեր Ձերբակալուած Են
Պերթա Սոլեր խմբաւորման ղեկավարը կը հաղորդէ, որ Քուպայի մէջ ընդդիմադիր «Ճերմակ հագուստի տիկիններ» կնոջական շարժումի խաղաղ ցոյցին ընթացքին ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 90 գործիչներ: Ան գերմանական «Տի.Փի. Էյ.» լրատու գործակալութեան յայտնած ... Շարն.
Անգլիացի Գրողը Նոր Պատմուածքը Պիտի Հրապարակէ 280 Թուիթի Միջոցով
«Տը Կարտիըն» կը հաղորդէ, որ անգլիացի գրող Տէյվիտ Միչըլ կը պատրաստուի հրապարակել «Անհրաժեշտ տեսակ» վերնագիրով նոր պատմուածք մը, որուն համար պիտի օգտագործէ «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջը եւ պատմուածքը ներկայացնէ ... Շարն.

