Category: Միջազգային
«Ուաշինկթըն Փոսթ» . Թուրքիա Իրանին Փոխանցած Է Իսրայէլի Հաշուոյն Լրտեսող Տասը Իրանցիներու Անունները
Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա Իրանի փոխանցած է անունները Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսութիւն կատարող տասը իրանցիներու, որոնք իրենց իսրայէլացի ղեկավարներուն հետ կապ կը հաստատէին Թուրքիոյ մէջ: Օրաթերթը ... Շարն.
Ֆրանսացի Կեդրոնամէտները Կ՛առաջարկեն Խորհրդարանը Լուծարել Եւ Հանրաքուէ Կատարել
Ժան-Լուի Պորլու ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի կեդրոնամէտ Անկախ ժողովրդավարական միութիւնը դիմած է երկրի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին` առաջարկելով խորհրդարանի լուծարումը յայտարարել եւ հանրաքուէի հրաւէր ուղղել: Խորհրդարանի ստորին պալատին ... Շարն.
Եւրոպական Միութիւնը Մտադիր Է 160 Միլիոն Եւրօ Օժանդակութիւն Տրամադրելու Ուքրանիոյ
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ տնտեսական զարգացման եւ առեւտուրի նախարար Իկոր Փրասոլովի հետ հանդիպումին ընթացքին Եւրոպական յանձնաժողովի զարգացման եւ համագործակցութեան հարցերով գլխաւոր տնօրէնութեան կից ծրագիրներու տնօրէնը յայտարարած է, որ Եւրոպական ... Շարն.
Սուրիա Պաշտօնապէս Դարձաւ ՔԶՏԱԿ-ի Անդամ. «Ժընեւ-2» Խորհրդաժողովը Պիտի Չգումարուի» Կ՛ըսէ Ասատ
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ ինք իր երկրին քիմիական զէնքերու զինանոցի կորուստին համար չի ցաւիր, որովհետեւ զայն ժամանակավրէպ կը նկատէ` նշելով, որ իր ... Շարն.
«Քրտական Պետութեան Հաստատումը Բռնի Ուժով Պէտք Չէ Ըլլայ», Կ՛ըսէ Պարզանի
Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի յայտնեց, որ քրտական անկախ պետութեան հաստատումը պէտք չէ ուժի կիրարկման միջոցով ըլլայ: Ան տարածաշրջանի քիւրտերուն կոչ ուղղեց` իրենց բնակած երկիրներու պետութեանց հետ երկխօսութեան ... Շարն.
Սահակաշվիլի Թուրքերու Կը Յանձնէ Վրաստանի Քաղաքացիութեան Վկայագիրներ
Թրքական «Ուորլտ Պիւլեթին» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի կիրակի օր վկայագիրներ յանձնած է Թուրքիոյ քաղաքացիներու, որոնք վրացական քաղաքացիութիւն ստանալու իրաւասու նկատուած են: Թուրքիոյ հիւսիսարեւելեան Քոճայէլի նահանգի Նուշեթիյէ ... Շարն.
Միջազգային Դրամատունը Կը Զգուշացնէ. Միացեալ Նահանգներու Պիւտճէական Անելին Հետեւանքով Համաշխարհային Տնտեսական Աղէտին Մնացած Է Չորս Օր
«Կազեթա.ռու» կը հաղորդէ, որ Միջազգային դրամատան ղեկավար Ճիմ Էն Քիմ յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ միայն չորս օր ունին` պարտքերը չկարենալ վճարելու կարելիութեան համար: Ըստ անոր, պետական պարտքի առաւելագոյն չափը ... Շարն.
Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղագիծի Կառուցումը Կը Շարունակուի` Ճշդուած Ժամանակացոյցին Համաձայն
«Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Ազրպէյճան երկաթուղագիծեր» ընկերութեան նախագահ Արիֆ Ասքերով յայտնած է, որ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծի կառուցումը կը շարունակուի, ըստ ճշդուած ժամանակացոյցին: «Երկաթուղագիծի կառուցման առաջին եւ երկրորդ հանգրուանները արդէն ... Շարն.
Ըստ Արընչի. Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը Կ՛աշխատի Նոր Սահմանադրութեան Մը Ուղղութեամբ
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ յայտարարեց, որ վերջին ամիսներուն Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն գլխաւոր նպատակը կառավարութիւնը հարուածելն ու զայն անկարող դարձնելն է` երկիրը կառավարելու: «Փողոցի մէջ այդ ցոյցերուն կը ... Շարն.
Հոլլանտ Թուրքիա Պիտի Այցելէ
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի արդիւնաբերութեան նախարար Առնօ Մոնթեպուրկ, որ եռօրեայ այցելութեամբ գտնուած է Թուրքիոյ մէջ, յայտնած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Թուրքիա: ... Շարն.
Ընդդիմադիր Սուրիական Ազգային Խորհուրդը Կ՛որոշէ Չմասնակցիլ «Ժընեւ-2»-ին
Ժորժ Սապրա Ընդդիմադիր Սուրիական ազգային խորհուրդը որոշեց չմասնակցիլ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին, որուն նպատակը սուրիական տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելն է: Խորհուրդը նաեւ սպառնաց դուրս գալ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինէն, եթէ ... Շարն.
«Հերոսական Ճկունութիւնը Իրանի Իրաւունքներէն Հրաժարում Չի Նշանակեր» Ըսաւ Զօր. Ժաաֆարի
Զօր. Մոհամետ Ալի Ժաաֆարի Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ընդհանուր հրամանատար զօր. Մոհամետ Ալի Ժաաֆարի յայտնեց, որ «Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Ալի Խամենէիի նշած հերոսական ճկունութիւնը Թեհրանի իրաւունքներէն հրաժարիլ չի նշանակեր»` ... Շարն.
Ազրպէյճանի Ընդդիմութիւնը Կը Պահանջէ Չեղեալ Յայտարարել Նախագահական Ընտրութեան Արդիւնքը
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ շաբաթ օր Պաքուի մէջ շուրջ հինգ հազար ընդդիմադիր բողոքած է ընտրութեան արդիւնքին դէմ, որուն համաձայն Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնին 3-րդ անգամ ըլլալով ընտրուած էր գործող նախագահ Իլհամ ... Շարն.
«Ժընեւ-2»-ի Յաջողութիւնը Կախեալ Է Սուրիական Հասարակութեան Բոլոր Հատուածներու Շահերու Ներկայացուցչութենէն» Ըսաւ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին յաջողութիւնը կախեալ է սուրիական հասարակութեան բոլոր հատուածներու շահերու եւ առնչակից դերակատարներու ներկայացուցչութենէն»: Ան ողջունեց «Սուրիոյ քիմիական զէնքերու վերաբերեալ ՄԱԿ-ի որոշումը»: ... Շարն.
Քիմիական Զէնքերու Տարածման Արգիլման Կազմակերպութիւնը` Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակակիր
Նոպելեան յանձնախումբը Օսլոյի մէջ յայտարարեց Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի 2013-ի դափնեկիրին անունը: Հեղինակաւոր մրցանակին արժանացած է Քիմիական զէնքի տարածման արգիլման կազմակերպութիւնը (ՔԶՏԱԿ), որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու ոչնչացման հոլովոյթը պիտի ապահովէ: ... Շարն.
Հանրապետականներուն Հետ Օպամայի Բանակցութիւնները Ձախողած Են
Սպիտակ տունը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա 90 վայրկեան տեւողութեամբ խորհրդակցութիւն ունեցած է հանրապետական քոնկրեսականներու հետ` քննարկելու համար պետական հաստատութիւններու ֆինանսաւորման վերականգնման ու պետական պարտքի սահմանագիծի փոփոխման ... Շարն.
«Ազրպէյճանի Նախագահական Ընտրութիւնները Միջազգային Չափանիշերուն Չեն Համապատասխաներ» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կ՛ենթադրեն, որ Ազրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութիւնները չեն համապատասխանած միջազգային չափանիշերուն: ... Շարն.
Թուրքիոյ Խորհրդարանը Երկարաձգած Է Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Գործողութիւններ Կատարելու Լիազօրութիւնը
«ՌԻԱ Նովոսթի»` յղում կատարելով թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը երկարաձգած է Հիւսիսային Իրաքի մէջ ռազմական գործողութիւններ կատարելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային այնտեղ զինուորներ ուղարկելու վերաբերող տարեկան լիազօրութիւնը: ... Շարն.
Լիթուանիոյ Մէջ Արգիլած Են Ռուսական Պատկերասփիւռի Կայանի Մը Սփռումը
Ռուսական «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիթուանիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի յանձնաժողովը, որ կը վերահսկէ պատկերասփռման եւ ձայնասփռման դաշտին, երէկ խորհրդարանին մէջ առաջարկած է արգիլել ռուսալեզու «Փ.Պ.Ք.» պատկերասփիւռի հաղորդումները: Որոշումը ... Շարն.
Քիւրտ Զինեալներ 5 Իրանցի Զինուոր Սպաննած Են
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Իրանի հիւսիս-արեւմուտքը տեղի ունեցած քիւրտ զինեալներու հետ բախումի մը ընթացքին Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի անդամ 5 զինուորներ սպաննուած են, եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուելով` փոխադրուած են ... Շարն.

