Category: Գաղութային
«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը Իւրաքանչիւր Հայու Պարտաւորութիւնն Է». «Պայմաններու Բերումով Լիբանան Եկած Սուրիոյ Մեր Ժողովուրդի Զաւակներուն Առջեւ Պէտք Է Լայնօրէն Բացուին Մեր Դռները» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Երէկ` կիրակի, 23 սեպտեմբեր 2012-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագին ընթացքին տեղի ունեցաւ հանրապետական մաղթանք Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 21-րդ տարեդարձին առիթով: Հանրապետական մաղթանքին նախագահեց ... Շարն.
Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւն Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 21-ամեակին Նուիրուած Ընդունելութիւն
20 սեպտեմբերին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը Պէյրութի «Ինթըրքոնթինենթըլ Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ կազմակերպեց ընդունելութիւն` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 21-ամեակին: Ձեռնարկին սկիզբը հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա ելոյթով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ ... Շարն.
Տիկին Գոհար Խաչատուրեանի Այցելութիւնը՝ «Ազդակ»
Ուրբաթ առաօտ, «Ազդակ»ի խմբագրութիւն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ հանրահռչակ ԳՈՀԱՐ համոյթի մեկենաս Խաչատուրեան ընտանիքի մայր՝ տիկին Գոհար Խաչատուրեան, որուն անունով ալ կը կոչուի համահայկական համբաւ ունեցող երաժշտական խումբը։ Հիւրին կ՛ընկերակցէին Շահէ Խաչատուրեան, եւ ԳՈՀԱՐ-ի ... Շարն.
Պայթում` Դամասկոսի Մէջ
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ երէկ կէսօրէ ետք մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող «Ֆոր Սիզընզ» պանդոկի եւ Ազգային թանգարանի մօտ, դէպի Ռայիս կամուրջ տանող ճամբուն վրայ տեղի ունեցաւ պայթում մը, ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արեւելեան պատը Սուրիոյ տագնապի ընթացքին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր եկեղեցիները անխափան կերպով կատարեցին իրենց նուիրական առաքելութիւնը: Սուրիահայութեան մայրաքաղաք եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի կեդրոն` Հալէպ քաղաքի հինգ ... Շարն.
Հայաստանի Մէջ Սկսաւ Գործել «Եռագոյն» Լրատուական Կայքը` Արեւմտահայերէնով
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 21-րդ տարեդարձին օրը հայաստանեան լրատուադաշտը օժտուեցաւ արեւմտահայերէն վերլուծական-լրատուական «Եռագոյն» կայքէջով: http://www.yerakouyn.com/ «Եռագոյն» կայքի մտայղացման հեղինակներն են Խաժակ Մկրտիչեան, Նայիրի Մկրտիչեան եւ Նարինէ Տումանեան: Այս ... Շարն.
Լիբանանում Հայաստանի Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Աշոտ Քոչարեանի Ուղերձը Հայաստանի Անկախութեան 21-ամեակին Կապակցութեամբ
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Սրտանց շնորհաւորում եմ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 21-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ: 1991 թուականի սեպտեմբերի 21-ին բացուեց հայոց պատմութեան նոր էջը: Այդ օրը հայ ժողովրդի հպարտութեան եւ իրականացուած երազանքի օրն է: ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
Չորեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2012-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի: Այցելութեան ընթացքին Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան սրբազան հօր ներկայացուց նորընտիր Շրջանային վարչութեան ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն. Օգնի՛ր Եղբօրդ
Արդէն աւելի քան մէկ տարի շարունակւում է հակամարտութիւնը Սուրիայում` մի երկիր, որը մօտ հարիւր տարի առաջ ընդունեց եւ ապաստան տուեց Մեծ եղեռնից մազապուրծ բազմահազար հայ գաղթականների: Տասնեակ տարիների ընթացքում մեր ... Շարն.
Հայ Եկեղեցին Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան Ժողովին
Երեքշաբթի, 28 օգոստոսէն չորեքշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2012, Կրետէի (Յունաստան) Ուղղափառ ակադեմիային մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կեդրոնական վարչութեան ժողովը: Ժողովին յանուն Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Վիգէն արք. Այքազեան եւ երէցկին ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն. Բացում` Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Տարեկան Սիւնհոդոսին
Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու տարեկան սիւնհոդոսին բացումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 18 սեպտեմբեր 2012-ին, պատրիարքական աթոռին` Զմմառու Փոխման Կուսին վանքին մէջ, նախագահութեամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին կաթողիկէ ... Շարն.
Հայկազեան Համալսարան. Ապագայ Հայ Ղեկավարութեան Պատրաստութեան Հիմնադրամի Հիմնում
Երէկ` չորեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2012-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ապագայ հայ ղեկավարութեան պատրաստութեան հիմնադրամի (Ֆիուչըր Արմինիըն լիտըրշիփ ֆանտ) պաշտօնական բացումը: Սոյն հիմնադրամը յառաջացաւ համալսարանի խնամակալութեան կողմէ` նիւթական նպաստներու կարիքը ... Շարն.
11 Սեպտեմբեր 2001-ի Յարձակումներու Զոհերուն Շարքին Էին Չորս Հայեր
«Ազդակ»-ի Նիւ Եորքի թղթակից, լուսանկարիչ-լրագրող Հերի Գունտաքճեան կը հաղորդէ, որ 11 սեպտեմբեր 2001-ի զոհերէն ինքնութիւնները հաստատուած 2752-ին շարքին են չորս հայեր` Ալիսիա Պասմաճեան, Արամ Իսքենտերեան կրտսեր, Կարօ Հ. Ոսկերիչեան եւ ... Շարն.
Իրավիճակը Հալէպի Մէջ
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան երէկ «Երկիր Մետիա»-ի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին մանրամասնութիւններ փոխանցեց սուրիահայու մը սպանութեան մասին: Ան յայտնեց, որ զինուորական գործողութիւնները Նոր Գիւղի կարգ մը ... Շարն.
«Վանայ Ձայն» Կը Մեծարէ Երգչուհի Սապահը
«Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ «Վանայ ձայն»-ի հաղորդավարներէն Հալա Հատտատ երէկ այցելեցին լիբանանցի վաստակաշատ երգչուհի Սապահին` Հազմիէի իր կեցութեան վայրին մէջ, եւ ... Շարն.
Գրող Արմէն Դարեանի Ծննդեան 90-ամեակի Նշում
Ուրբաթ, 14 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ գրական շրջանակին եւ «Կամար» գրական պարբերաթերթին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ գրող Արմէն Դարեանի ծննդեան 90-ամեակի նշում: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ... Շարն.
Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքին Շնորհաւորական Նամակը` Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 21-ամեակին Առիթով
Դիւան թիւ 191/12 Մեծայա՛րգ տիար Սերժ Սարգսեան Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւան Վսեմաշո՛ւք տիար նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով ընդունեցէք մեր ամենաջերմ շնորհաւորութիւնները, որոնք միաժամանակ արտայայտութիւնն են Մեր հայ կաթողիկէ ... Շարն.
Ոչ Եւս Է Անուանի Դիւանագէտ Էդուարդ Խոջայեան
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 75 տարեկանին մահացած է Հայաստանի անուանի դիւանագէտներէն, Սպանիոյ մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Էդուարդ Խոջայեան: Խորհրդային ժամանակաշրջանին Էդուարդ Խոջայեան երկար տարիներ աշխատած է Լիբանանի ... Շարն.
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Երբ արիւնահոսութիւնը անվերջ կերպով կը շարունակուի մեր սիրելի սուրիական հայրենիքին մէջ եւ երբ սուրիահայութիւնը կը փորձէ յաղթահարել ողբալի ներկայ կացութիւնը, այս տագնապին մէջ մեզ ներքաշուած տեսնելու անյաջող փորձերը դժբախտաբար կը ... Շարն.
Պատմական Օր Զմմառու Վանքին Մէջ. Պենետիկտոս Ժզ. Պապը Յակոբ Մեղապարտի Արձանին Բացումը Կատարեց
Շաբաթ յետմիջօրէին Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը պատմական այցելութիւն մը կատարեց Զմմառու Աստուածամօր Վերափոխման վանքը` հիւրընկալութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ ... Շարն.

