Category: Մարզական
Ճատրակ. Լեւոն Արոնեանի 3-րդ Մրցումը Եւ 3-րդ Հաւասարութիւնը
Լեւոն Արոնեան Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող Տիգրան Պետրոսեանի յիշատակին նուիրուած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, կատարեց իր 3-րդ մրցումը եւ դարձեալ հաւասարութիւն ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Իժթիմահի
Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր մրցումը պիտի կատարէ հիւսիսի մէջ, երբ վաղը, յետմիջօրէի ժամը 13:30-ին, Սալամ Զղարթայի դաշտին վրայ իր ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Խումբերուն Մրցումներուն Շաբաթավերջի Յայտագիրը
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Ժունիէ, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, այսօր կը մրցի Շեպիպէի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ... Շարն.
Հայաստանի Ազգային Հաւաքական Հրաւիրուեցան 24 Ֆութպոլիստներ
14 նոյեմբերին Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հիւրը պիտի ըլլայ Փորթուգալի: Այս մրցումին նախապատրաստուելու համար Հայաստանի հաւաքականը 10-12 նոյեմբերին մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ ... Շարն.
Ճատրակ. Այսօր` Քարլսըն – Անանտ Առաջին Մրցումը
Մակնիւս Քարլսըն (ձախին) եւ Վիշվանաթան Անանտ Այսօր` շաբաթ, 8 նոյեմբերին, Սոչիի մէջ (Ռուսիա) կը սկսի ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումը` Մակնիւս Քարլսընի (Նորվեկիա) եւ Վիշվանաթան Անանտի (Հնդկաստան) միջեւ: Նշենք, որ երկու ... Շարն.
Շարունակելով Լիբանան Իր Այցելութիւնը`. Լիլիան Թիւրամ Յատուկ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Անթունիէ Համալսարանին Ուսանողներուն Հետ
Շարունակելով Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը, Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յետսապահ Լիլիան Թիւրամ ընդլայնուած յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Անթունիէ համալսարանին ուսանողներուն հետ` Անթունիէ համալսարանին մէջ: Թիւրամ ուսանողներուն հետ արծարծեց մասնաւորաբար ... Շարն.
«Քալչիօ». Վաղը` Եուվենթուս – Փարմա
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 11-րդ հանգրուանին, այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենան հետաքրքրական ճակատումներ: Այսօր Սամտորիա պիտի հիւրընկալէ Ա. Սէ. Միլանը, իսկ վաղը Եուվենթուս` Փարման: Ստորեւ` 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթցի 6-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Տուայթ Հաուըրտ (Ռոքեթց) «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երկու ճակատումներ: Առաջինին Հիուսթըն Ռոքեթց արձանագրեց իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը` 98-81 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սան Անթոնիօ Սփըրզը: ... Շարն.
«Փրեմիեր Լիկ». Այսօր` Լիվըրփուլ – Չելսի
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի գագաթի ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երբ ցարդ անպարտելի միակ խումբը` Չելսի, հիւրը ըլլայ Լիվըրփուլի: Ստորեւ` 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ ... Շարն.
Պերահինօ Հրաւիրուեցաւ Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբ
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ռոյ Հոճսըն առաջին անգամ ըլլալով ազգային խումբ հրաւիրեց Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիընի յառաջապահ Սայտօ Պերահինոն (ծնունդով Պուրունտի): Ներկայիս 21 տարեկան Պերահինօ տասը տարի առաջ հաստատուեցաւ Անգլիա: ... Շարն.
Լիբանանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 3 Մրցումներ
Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան երեք ճակատումներ: Վաղը եւ միւս օր տեղի կ՛ունենան երկուքական մրցումներ: Ստորեւ կու տանք մրցումներուն յայտագիրը. ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ... Շարն.
Վաղը` Շաբաթ, 8 Նոյեմբերին. Իջեւանի Մէջ Կռփամարտի Մանկապատանեկան Մարզադպրոցի Բացում
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքին փոխանցումով վաղը` շաբաթ, 8 նոյեմբերին, Իջեւանի մէջ բացումը կը կատարուի Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանի եւ Իջեւանի քաղաքապետ Վարդան Ղալումեանի աջակցութեամբ շինուած կռփամարտի մանկապատանեկան ... Շարն.
Հայաստան Պիտի Մասնակցի Պաքուի Մէջ Տեղի Ունենալիք Եւրոպական Խաղերուն
Եւրոպական ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փաթրիք Հիքին յայտնած է, որ Հայաստան պիտի մասնակցի եւրոպական առաջին խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ տարի Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան), կը յայտնէ «Ուաշինկթըն փոսթ»-ը: Նախորդ հոկտեմբերին ... Շարն.
Պասքեթպոլ. 2001-ի Ծնունդ «Եուրօ-Լիկա». Հայաստան Առաջին Անգամ Ըլլալով Կը Մասնակցի Ախոյեանութեան
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի 2001-ի ծնունդ «Եուրօ Լիկա»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան: Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Երեւանի կրանտ սփոր ակումբը, որուն ... Շարն.
Մարսէյ Կ՛ուզէ Հիւրընկալել Ֆրանսա – Հայաստան Մրցումը
Մարսէյի քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտեն նամակով մը դիմած է Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, որպէսզի անիկա կարելիութիւն տայ, որ 8 հոկտեմբեր 2015-ին Ֆրանսա - Հայաստան ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումը հիւրընկալողը ըլլայ Մարսէյի «Վելոտրոմ» ... Շարն.
«Լա-Լիկա». Այսօր` Քորտոպա – Տեփորթիւօ Քորունա
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 11-րդ հանգրուանը կը սկսի այսօր` Քորտոպա - Տեփորթիւօ Քորունա բացման մրցումով: Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջին տեղի ունենալիք 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն ... Շարն.
Ճատրակ. Տիգրան Պետրոսեանի Յուշամրցաշարք. Նախագահ Սերժ Սարգսեան Առաջին Շարժումը Կատարեց Արոնեան – Լիրեն Մրցումին
Հայաստանի նախագահ, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ առաջին շարժումը կատարեց Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող Տիգրան Պետրոսեան ճատրակի յուշամրցաշարքին (3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ) Լեւոն Արոնեան - Տինկ Լիրեն մրցումին: ... Շարն.
Յաջորդաբար 12-րդ Տարին Ըլլալով`. Ֆետերեր Ստացաւ «Էյ. Թի. Փի. Ուորլտ Թուր»-ի Ամէնէն Աւելի Սիրելի Թենիսմենի Մրցանակը
Ինչպէս կը յայտնէ ArmSport.am` մէջբերելով Gotennis.ru կայքին հրապարակած մէկ լուրը, յաջորդաբար 12-րդ տարին ըլլալով զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր ստացած է «Էյ. Թի. Փի. Ուորլտ Թուր Ըուորտզ»-ի ամէնէն աւելի սիրելի թենիսմենի մրցանակը: ... Շարն.
«Լիկ-1». Կիրակի Օր` Փարիզ Սեն Ժերմեն – Մարսէյ
Ռենն - Լորիան մրցումով այսօր կը սկսի Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 13-րդ հանգրուանը: Սակայն գագաթի ճակատումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 9 նոյեմբերին` Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Մարսէյի միջեւ: Ստորեւ` 13-րդ ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.». Կրիզլիզի 5-րդ Յաղթանակը, Սիքսըրզի 5-րդ Պարտութիւնը
«էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան 12 մրցումներ: Հիուսթըն Ռոքեթցի նման իր 5-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց Մեմֆիս Կրիզլիզ, որ 102-91 արդիւնքով յաղթեց Ֆէոնիքս Սանզի: Իսկ Լոս ... Շարն.

