Category: Մարզական
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Կը Քննարկէ Պորուսիա Տորթմունտ – Կալաթասարայ Մրցումին Տեղի Ունեցած Միջադէպը
Երեքշաբթի, 4 նոյեմբերին, Պորուսիա Տորթմունտ - Կալաթասարայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցումին ընթացքին տեղի ունեցած միջադէպը ներկայիս քննարկումի նիւթ է «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պատժական յանձնախումբին կողմէ: Արդարեւ, այս մրցումին թուրք ... Շարն.
«Պունտըսլիկա». Այսօր` Հերթա Պերլին – Հանովըր-96
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 11-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր Հանովըր-96 հիւրը պիտի ըլլայ Հերթա Պերլինի: 11-րդ հանգրուանի մնացեալ մրցումները պիտի շարունակուին ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` ... Շարն.
Մոսկուայի Մէջ. Հայաստանի Նախագահը Ներկայ Պիտի Գտնուի Տիգրան Պետրոսեանի Ճատրակի Յուշամրցաշարքին
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Հայաստանի նախագահ, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան հինգշաբթի, 6 նոյեմբերին, աշխատանքային այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Ռուսիա, նոյն ... Շարն.
Քոնկ Ֆու. Իտալիոյ Միջազգային Մրցաշարք. Լիբանան Տիրացաւ 18 Մետալի
Երէկ Իտալիայէն Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի քոնկ ֆուի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք միջազգային մրցաշարքի մը, որուն մասնակցեցան 66 երկիրներու աւելի քան 4 հազար երկսեռ մարզիկներ: Այս մրցաշարքին Լիբանան ... Շարն.
Լիլիան Թիւրամ` Լիբանանի Մէջ
PROFOTO Անթունիէ համալսարանին մարզական յանձնախումբին յատուկ հրաւէրով երէկ յետմիջօրէին Պէյրութի միջազգային օդակայան ժամանեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջազգային նախկին յետսապահ Լիլիան Թիւրամ, որ 1998-ին իր խումբին հետ հանդիսացած էր աշխարհի ... Շարն.
Պէյրութի Միջազգային Մարաթոն (Կիրակի, 9 Նոյեմբեր). Մասնակցութեան Թիւի Իմաստով Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատուեցաւ
Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 9 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի միջազգային մարաթոնը: Պէյրութի մարաթոնի միութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը երէկ տեղեկացուց, որ այս մարաթոնին մասնակցութեան գծով նոր մրցանիշ մը հաստատուեցաւ` նկատի ... Շարն.
Գրիգոր Մելիքսէթեան Հեռացաւ Գանձասարէն
ArmSport.am կը հաղորդէ, որ բերդապահ Գրիգոր Մելիքսէթեան հեռացաւ իր ակումբէն` Գանձասար Կապանէն` նկատի ունենալով, որ հայկական ակումբը չէ ուզած շարունակել համագործակցութիւնը: «Իմ պայմանագրութիւնս ակումբին հետ կ՛աւարտի յունիս 2015-ին: Բայց ինծի ... Շարն.
«Ֆորպս» Հրապարակեց Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Մարզիկներուն Նոր Ցանկը
Աշխարհահռչակ «ՖՈՐՊՍ» պարբերաթերթը անգամ մը եւս անդրադարձաւ ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիկներուն: ArmSport.am յայտնեց, որ թարմացուած ցուցակին մէջ առաջին դիրքը կը գրաւէ կռփամարտիկ Ֆլոյտ Մէյվէյզեր, որուն տարեկան եկամուտը կը կազմէ 83,8 ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ, Փարիզ Սեն Ժերմեն, Պարսելոնա, Փորթօ, Պորուսիա Տորթմունտ Եւ Ռէալ Մատրիտ Ապահովեցին 1-16-րդ Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը
Հենրիխ Մխիթարեան «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցած երէկուան եւ նախորդ օրուան մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, վեց խումբեր` Պայէրն Միւնիխ, Փարիզ Սեն Ժերմեն, Պարսելոնա, Փորթօ, Պորուսիա Տորթմունտ եւ ... Շարն.
«Ֆորմիւլա-1». Ալոնսօ Համաձայնութեան Եկաւ «Մաքլարըն»-ի Հետ
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, «Պլինք» կայքը կը յայտնէ, որ «Ֆեռարի»-ի վարորդ Ֆեռնանտօ Ալոնսօ մօտ է «Մաքլարըն» տեղափոխուելուն` նկատի ունենալով, որ ան նախնական համաձայնութեան եկած է «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան իր ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթցի 5-րդ Յաղթանակը
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան եօթը ճակատումներ: Հիուսթըն Ռոքեթց, որ մրցեցաւ Մայեմի Հիթի դէմ, արձանագրեց իր 5-րդ յաջորդական յաղթանակը` արձանագրելով 108-91 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նշենք, ... Շարն.
Ճատրակ. 4-11 Նոյեմբերին` Տիգրան Պետրոսեանի Անուան Գերմրցաշարքը
4-11 նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի պիտի ունենայ Տիգրան Պետրոսեանի յիշատակին նուիրուած ճատրակի գերմրցաշարքը: Այս յուշամրցաշարքի կազմակերպչական կոմիտէի նախագահն է Հայաստանի նախագահ, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Վճռաբեկ յանձնախումբի ... Շարն.
Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. ՀՄԸՄ Մէկ Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Տուգանքի Ենթարկուեցաւ. Յաջորդ Մրցումը` Դռնփակ
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, ներկայութեամբ իր անդամներուն մեծամասնութեան, Վերտանի իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց շաբաթական իր հերթական ժողովը, որուն ընթացքին տուաւ շարք մը որոշումներ եւ վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները: Ֆետերասիոնը, ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ, Պորուսիա Տորթմունտ Եւ Ռէալ Մատրիտ` Իրենց Տոմսերը Ապահովելու Սեմին
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան ութական ճակատումներ: Անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ երեք խումբեր` Պայէրն Միւնիխ, Պորուսիա Տորթմունտ եւ Ռէալ Մատրիտ, ... Շարն.
Աքուաթլոն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ապահովեց Երկու Առաջնութիւն
Մոհամետ Պաղտատի (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) կը ստանայ իր բաժակը Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Աքուաթլոնի մրցաշարքը վերոնշեալ ակումբին մէջ` Քասլիք: Հակառակ օդերեւութաբանական աննպաստ պայմաններուն, շուրջ 136 ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ուլիս Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ուլիս ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 5-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ալաշկերտը: Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւողները` Փիւնիկ եւ Շիրակ, ... Շարն.
Ֆրանսական Ֆութպոլ. Կայել Անտոնեան Իր Նորամուտը Նշեց Մարսէյի Հետ
Նախորդ շաբաթավերջին «Լիկ-1»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մարսէյ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Լանսին: Այս մրցումին հիւրընկալ խումբին` Մարսէյի հետ իր նորամուտը ... Շարն.
Մարչելօ Լիփփի Վերջ Մը Դրաւ Մարզիչի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին
Իտալացի հանրածանօթ ֆութպոլի մասնագէտ Մարչելօ Լիփփի նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ վերջ մը կը դնէ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին: 66 տարեկան Լիփփիի վերջին ակումբը եղաւ Կուանկժու Էվըրկրանտ, ... Շարն.
Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Լիբանանեան Բանակը 15-5 Արդիւնքով Յաղթեց Ղըպէյրիի
Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանեան բանակը տասը կոլի տարբերութեամբ` 15-5 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ղըպէյրին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Հիւսէյն Նաժըմ նշանակեց 4 կոլ: Պարագլուխի ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.». Հիթի Եւ Ուորիըրզի 3-րդ Յաղթանակը
«էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած չորս ճակատումներուն, Մայեմի Հիթ եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ յաջողեցան արձանագրել տարեշրջանի իրենց երրորդ յաղթանակը եւ շարունակել մնալ անպարտելի: Անոնց նման ... Շարն.

