Category: Հայկական
ԹՈՄԱՍ ՄԵԼԻԱ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ՀԵՏ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՍԿՍԵԼՈՒ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՋԱՆՔԵՐԸ
Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով ենթայանձնախումբին մէջ` «Ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու վիճակը Արեւելեան Եւրոպայի մէջ» նիւթով քննարկման ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի` ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ ... Շարն.
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱՏԱՐԸ
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նախանցեալ օր ընդունեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Պրուս Տոնահիւն: Ըստ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութեան, վարչապետը նշեց, որ ինք բարձր կը ... Շարն.
«ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ Է ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ» ՈՐԱԿԵԼԸ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԾՈՒԻԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Նախանցեալ օր Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեանի հետ տուաւ միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին երկու պատգամաւորները ներկայացուցին խորհրդարանական ընդդիմութեան կեցուածքները իշխանութիւն- ... Շարն.
ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՅՍՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով, այսօր պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան պիտի ժամանէ Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմորովսքին, իր կնոջ` Աննա Քոմորովսքայայի հետ: Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, այցելութեան ընթացքին Լեհաստանի ... Շարն.
ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՅԱՆԳԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՇՈՒՐՋ
Հայաստանի իշխանութեան եւ ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի պատուիրակութիւններուն միջեւ երէկ տեղի ունեցած երկրորդ հանդիպման իբրեւ արդիւնք որոշուեցաւ երկխօսութեան օրակարգը: «Օրակարգը ձեւաւորուեցաւ հետեւեալ սկզբունքով. քննարկման ենթակայ է այն հարցը, զոր ներկայացուցած ... Շարն.
ՀՅԴ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ՖՐԱՆՍՈՒԱ ՀՈԼԼԱՆՏԻ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԵԱՆ
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Մուրատ Փափազեանի եւ Ռիշար Անանեանի, երկուշաբթի, 25 յուլիսին Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած ... Շարն.
«ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԱԶԱՏԱԳՐԵՑԻՆՔ, ԱՐԱՐԱՏԸ ԱԶԱՏԱԳՐԵԼԸ ՁԵԶԻ ԿԸ ՁԳԵՆՔ»
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը` անդրադառնալով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի օրեր առաջ Ծաղկաձորի մէջ հայագիտական նիւթերու համահայկական ողիմպիականի մասնակիցներուն հետ հանդիպումին, «Ղարաբաղը վերցուցինք, Արարատը ձեզի ձգեցինք» խորագիրով յօդուածին մէջ կը գրէ, որ ... Շարն.
ՊՐԱՅԶԱ. «ՊԱՔՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՕՐ ՄԸ ԻՐ ԴՌՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ»
Ըստ ազրպէյճանական «1news.az» լրատուական կայքէջին, Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան տարածած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզա կը հաւատայ, թէ Պաքուի հայկական եկեղեցին օր ... Շարն.
ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵԱԼԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ ՇՈՒՐՋ 23 ՏԱՐՈՒԱՆ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ
«Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, Պոլսոյ դատարաններէն մէկը շուրջ 23 տարուան ազատազրկման դատապարտեց Հրանդ Տինքի սպանութեամբ ամբաստանուած Օկիւն Սամասթը: Դատարանը ցմահ բանտարկութեան դատապարտած էր Սամասթը, սակայն պատիժը նուազեցաւ 258 ամսուան (քսանմէկուկէս ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ
Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի մէկ յանձնախումբին ընդունած փաստաթուղթին, ուր կոչ կ՛ուղղուի Թուրքիոյ իշխանութեան հայերէն, յոյներէն եւ ասորիներէն բռնագրաւուած եկեղեցիներն ու վանքերը վերադարձնել իրենց սեփականատէրներուն, Արամ Ա. կաթողիկոս նախ իր բարձր ... Շարն.
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ցաւակցական ուղերձ յղեց Նորվեկիոյ թագաւորութեան, վարչապետ Ենս Սթոլթենպըրկին եւ Նորվեկիոյ կառավարութեան` Օսլոյի եւ Ութոյա կղզիին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններուն առիթով: Ուղերձին մէջ նշուած է հետեւեալը. ... Շարն.
ՓՈԹՈՐԿՈՏ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՄ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՍԱՆԱՀԻՆԻ ՎԱՆՔԻ ԱՆՄԽԻԹԱՐ ՎԻՃԱԿԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ
Անցեալ շաբթուան ընթացքին հայրենի հասարակական կեանքը փոթորկեցաւ Սանահինի վանքին իրավիճակին վերաբերող յայտարարութիւններու եւ գրաւոր թէ ելեկտրոնային լրատուամիջոցներու մէջ այս հարցով Ս. Էջմիածինի հասցէին կատարած քննադատութիւններու պատճառով: Հայկական յուշարձանները ուսումնասիրող կազմակերպութեան ... Շարն.
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԵՒ ՕՀԱՆԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՕԹԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Պելճիքա պիտի մեկնին, վաղը Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի 28+1 ձեւաչափով նիստին մասնակցելու համար: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին ... Շարն.
«ՎԻՎԱՍԵԼ- ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.» ԲՋԻՋԱՅԻՆԻ ՊԱՍՏԱՌԷՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏԵՒԵԼՈՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը կը ներկայացնէ նոր «Առցանց տեսախցիկներ Երեւանի մէջ» ծառայութիւնը, որուն միջոցով կարելի է Երեւանի տարբեր վայրերուն մէջ տեղադրուած առցանց տեսախցիկներու միջոցով հետեւիլ մայրաքաղաքի իրադարձութիւններուն` անմիջապէս հեռախօսի պաստառէն: Ծառայութենէն օգտուելու ... Շարն.
ՀՆԴԿԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ-ԱՄՊԻՈՆ` ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքին մէջ այսուհետեւ պիտի գործէ ժամանակակից հնդկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոն-ամպիոնը, որ հնդկագիտութեան ուսումնասիրութիւնը աւելի լուրջ հիմքերու վրայ պիտի դնէ: Արդէն սեպտեմբերին Հնդկաստանէն հրաւիրուած դասախօսը նորաբաց կեդրոն-ամպիոնին մէջ ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՍՊԱՆԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՕԴԱՅԻՆ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԵՑԱՒ
Սպանիոյ թագաւորութեան տնտեսական զարգացման նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սպանիոյ թագաւորութեան միջեւ օդային փոխադրութեան մասին» համաձայնագիրի ստորագրման արարողութիւնը: Սպանական կողմէն համաձայնագիրը ստորագրեց Սպանիոյ Քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէն Մանուէլ ... Շարն.
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՎԱՀԱՆԱԿ` ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 20-ամեակին առիթով Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ բացումը կատարուեցաւ լուսանկարային վահանակի մը` նուիրուած ղարաբաղեան ազգային-ազատագրական շարժման արդի հանգրուանին: Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, ... Շարն.
ՊՐԻՎԻՔ. «ՊԷՏՔ Է ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼ ԻՐԵՆՑ ՊԱՊԵՆԱԿԱՆ ՀՈՂԵՐԸ»
Նորվեկիոյ դէպքերուն գլխաւոր կասկածելին` Անտերս Պեհրինկ Պրիվիք` զոյգ յարձակումներէն ժամեր առաջ համացանցի վրայ իր հրապարակած «2083 – Անկախութեան եւրոպական յայտարարութիւն» խորագիրով մանիֆեսթին մէջ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան, ցեղասպաններ Թալէաթ, Էնվեր ... Շարն.

