Category: Հայկական
«Սեպտեմբերին Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի Բացման Վերաբերեալ Լուրը Անհիմն Է» Կ՛ըսէ Թիւրքօղլու
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Կիւրճան Թիւրքօղլու ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ սեպտեմբերին Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման վերաբերեալ լուրը անհիմն է: «Այս տեղեկատուութիւնը որեւէ ... Շարն.
Փութին Եւ Նազարպայեւ Քննարկեցին Սոչիի Հանդիպումը
Երէկ Ռուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահները ունեցան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին շարք մը այլ հարցերու կողքին քննարկեցին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու` Սոչիի մէջ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումը: Ղազախստանի նախագահի ... Շարն.
12-13 Օգոստոսին` Զինադադարի 55 Խախտում, 400 Կրակոց
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին տուեալներով` 12-13 օգոստոսին Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարի դրութիւնը խախտուած է շուրջ 55 անգամ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ ... Շարն.
Հրաչ Մուրատեանի Սպանութեան Մեղադրեալի Վարկածը Չէ Փոխուած
Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան գործով կալանաւորուած, ապա անցեալ տարուան դեկտեմբերին ազատ արձակուած Արայիկ Պետրոսեան կը շարունակէ մնալ մեղադրեալ, հակառակ այն հանգամանքին, որ անոր վերաբերեալ նախաքննական մարմինը ոչ մէկ գործողութիւն ... Շարն.
Լեւոն Հայրապետեան Դատական Լսումներու Ժամանակ Անհանգստացած Է
Մոսկուայի քաղաքային դատարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ մէջ բնակող հայ գործարար Լեւոն Հայրապետեանի խափանման միջոցի վերաբերեալ փաստաբաններուն ներկայացուցած միջնորդութեան քննութիւնը, որուն ընթացքին հայ բարերարին առողջական վիճակը կտրուկ կերպով վատթարացաւ: ... Շարն.
Սարգսեան Շնորհաւորեց Էրտողանը` Թուրքիոյ Նախագահ Ընտրուելուն Առիթով
Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին, Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին ընտրուելուն առիթով: Ուղերձին մէջ ըսուած է. «Ձերդ Գերազանցութիւն, կը շնորհաւորեմ ձեզ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին ընտրուելու առիթով: ... Շարն.
«Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Յառաջիկային Պիտի Այցելեն Շրջան» Կ՛ըսէ Ուորլիք
Ճէյմս Ուորլիք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները մտադիր են յառաջիկային այցելելու շրջան, սակայն այցելութեան թուականները տակաւին չեն ... Շարն.
Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան. Զինադադարի Խախտումները Կը Նուազին
Երկուշաբթի գիշեր եւ երէկ առաւօտեան հայ - ազրպէյճանական պետական սահմանագիծի տարբեր հատուածներուն վրայ կրկին արձանագրուած են ազրպէյճանական կողմէ զինադադարի խախտման դէպքեր, կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան ... Շարն.
Ուորլիք Գոհ Է Սոչիի Մէջ Տեղի Ունեցած Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումէն
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ ոգեւորած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ... Շարն.
Օհանեան Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Երիտասարդներուն
Սէյրան Օհանեան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Երիտասարդութեան միջազգային օրուան առիթով երիտասարդներուն յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի. «Սիրելի՛ երիտասարդներ, Հայկական բանակը, որ հսկայական զոհողութիւններու գնով կայացաւ եւ ... Շարն.
«Հայերուն Բռնի Տեղահանումը Ո՛չ Արտաքսում Էր, Ո՛չ Ալ Զանգուածային Սպանութիւն» Կ՛ըսէ Չիչեք
Ճեմիլ Չիչեք «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպըրթ Լամերթին յղած իր նամակին մէջ նշած է. «Հայերուն բռնի տեղահանումը ո՛չ արտաքսում էր, ... Շարն.
Կարմիր Խաչը Այցելեց Ազրպէյճանցի Հետախոյզներուն
Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչները այցելեցին մօտաւորապէս ամիս մը առաջ Քարվաճառ թափանցած եւ Լեռնային Ղարաբաղի իրաւապահներուն կողմէ ձերբակալուած ազրպէյճանցի երկու հետախոյզներուն: Այս մասին ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած են Ազրպէյճանի մէջ ... Շարն.
Տաւութօղլու Այցելած Է Թուրքիոյ Մէջ Բուժուող Ազրպէյճանցի Զինուորներուն
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու այցելած է հայ-ազրպէյճանական սահմանային միջադէպերուն պատճառով վիրաւորուած ազրպէյճանցի զինուորներուն, որոնք բուժման նպատակով տեղափոխուած են Թուրքիա: Նախարարը այս մասին գրառում կատարած եւ լուսանկար զետեղած է ... Շարն.
Ամերիկացի Քոնկրեսականներ Դատապարտած Են Ազրպէյճանի Վերջին Օրերու Յարձակումները
Շիֆ եւ Շըրմըն «Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամները արձագանգած են Ազրպէյճանի` Լեռնային Ղարաբաղի սահմանին վրայ կատարած յարձակումին եւ կոչ ուղղած են երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու: Քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ, ... Շարն.
Սարգսեան. «Սահմանային Միջադէպերը Նոյն Ուժգնութեամբ Պիտի Չշարունակուին»
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կարծիքով, Սոչիի հանդիպումէն ետք հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցող միջադէպերը նոյն ուժգնութեամբ պիտի չշարունակուին: Կիրակի օր Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու ... Շարն.
Փաշազատէ Պատասխանեց Գարեգին Ա. Կաթողիկոսին
Կովկասի իսլամներու վարչութեան ղեկավար, Ազրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ Շէյխ-ուլ-Իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ պատասխանեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նամակին: Ըստ ազրպէյճանական լրատուական միջոցներուն, Փաշազատէ, մասնաւորապէս, կոչ ուղղած է վեհափառին իր հեղինակութիւնը օգտագործելով ... Շարն.
Եւրոպական Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը Կ՛ողջունէ Սոչիի Հանդիպումը
Թորպիոռն Եակլանտ «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ ողջունած է Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներու երկկողմ հանդիպումը: Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին հրապարակած ... Շարն.
Հայաստանի Վարչապետը Ընդունած Է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը
Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը: Ողջունելով հիւրերը` վարչապետ Աբրահամեան բարձր գնահատած է կառոյցին դերը հայապահպանութեան աշխատանքներուն մէջ եւ կառավարութեան անունով պատրաստակամութիւն ... Շարն.
«Հայ, Քիւրտ, Յոյն, Թուրք Ըլլալէ Առաջ Անոնք Թուրքիոյ Քաղաքացիներ Են, Եւ Ես 77 Միլիոն Բնակիչի Նախագահն Եմ» Կ՛ըսէ Էրտողան
Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի օր նախագահական ընտրութեան աւարտէն ետք արտասանած է խօսք մը` նշելով. «Թուրք, քիւրտ, հայ, ... Շարն.
Արցախի Մէջ. Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունեց Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 օգոստոսին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջն էին Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան խումբ մը անդամներ: Քննարկուեցան Արցախի եւ ... Շարն.

