Category: Լիբանանեան
Պեքաայի Մէջ Անծանօթներ Կ՛առեւանգեն Քուէյթցի Մը
Շաբաթ կէսօրէ առաջ Պեքաայի Հաուշ Ղանամ շրջանին մէջ անծանօթներ առեւանգեցին Իսամ Հութի անունով քուէյթցի մը: Մինչ լիբանանեան պետութիւնը յայտնեց, որ ճիգ չի խնայեր ազատ արձակելու Հութին, Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան ... Շարն.
Թրիփոլիի Մէջ Զգուշաւոր Հանդարտութիւն
Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումները, ապահովական խախտումներն ու արիւնահեղութիւնը դատապարտելու նպատակով, երէկ Թրիփոլիի քաղաքապետարանին մէջ քաղաքացիական ընկերութեան կազմակերպութիւններ կատարեցին նստացոյց մը, որուն ընթացքին անոնք մերժեցին Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները: Այս նստացոյցը ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ խիստ մերժելի են ապահովական խախտումները, միլիսներու տրամաբանութիւնը եւ զինուորական խորհուրդներ ունենալու երեւոյթը: ... Շարն.
Թրիփոլիի Մէջ Զինեալ Բախումները Վերստին Կը Սաստկանան
Թրիփոլիի մէջ շաբաթէ մը ի վեր բռնկած զինեալ բախումներուն կարելի չեղաւ վերջ տալ նախանցեալ երեկոյեան վարչապետ Միքաթիի նախագահած նիստով, որուն մասնակցեցան Թրիփոլիի հեղինակութիւնները: Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ ... Շարն.
Տեղեկատուութեան Նախարարութեան Մէջ Լսատեսողական Լրատուամիջոցներու Ընդարձակ Նիստ
Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց ընդարձակ նիստի մը, որուն մասնակցեցան լսատեսողական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները, որոնց շարքին` «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան, ինչպէս նաեւ Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի ... Շարն.
Վարչապետ Միքաթի Հետեւեցաւ Թրիփոլիի Կացութեան Եւ Զօրակցութիւն Յայտնեց Բանակին
Դեսպան Ֆլեչըր եւ վարչապետ Միքաթի Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին հետեւեցաւ Թրիփոլիի ապահովական կացութեան, որուն շրջագիծին մէջ հաստատեց լիբանանեան բանակին իր զօրակցութիւնը: Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, ... Շարն.
Վ. Սապունճեան Այցելեց Բանակի Հրամանատարին
Նախարար Սապունճեան եւ ճարտարարուեստի սեփականատէրերու պատուիրակութիւնը` զօր. Քահուաժիի հետ հանդիպման ընթացքին Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան` ընկերակցութեամբ Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամի, երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի ... Շարն.
Զօր. Աուն. «Համայնքային Եւ Յարանուանական Ոչ Մէկ Բախում Պիտի Բռնկի Լիբանանէն»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւններուն համար անհրաժեշտ է ինքնաբաւ ըլլալ, որպէսզի կարելի ըլլայ արտաքին ճնշումներու առաջքը առնել: Զօր. Աուն հաստատեց, որ ... Շարն.
Շարպել Կը Շարունակէ Իր Լաւատեսութիւնը` Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Տունդարձին Գծով
Քըրթպաուի, Ժրայսաթի եւ Շարպել Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն յատուկ նախարարական յանձնախումբին հետ: Նիստին ներկայ գտնուեցան նախարարներ Շարպել, Շաքիպ ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին մերժելու երեսփոխան Մույին Մերեհպիի անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու պահանջը: ՖԸՐԶՈԼԻ մէջ անծանօթ զինեալներ առեւանգեցին լիբանանցի քաղաքացի Մոհամետ Հասան Սապրան եւ անոր ընտանիքէն ... Շարն.
«Սուրիոյ Տագնապին Ունենալիք Հետեւանքները Պիտի Հասնին Նաեւ Լիբանան» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութ Հուրիա» ձայնասփիւռի կայանին հետ երէկ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն` նշելով, որ անոնք ցաւալի դէպքեր են: «Պապ Թըպպանէի եւ ... Շարն.
Դէպքերը Պատճառեցին 11 Զոհ Եւ 80 Վիրաւոր Թրիփոլիի Հեղինակութիւնները Կացութիւնը Հակակշիռի Տակ Առնելու Քայլերու Կը Դիմեն
Վարչապետ Միքաթիի տան մէջ գումարուած ընդարձակ հանդիպումը Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ երէկ առաւօտեան մերթ ընդ մերթ զինեալ բախումներ արձանագրուեցան` պատճառելով համեմատաբար աւելի քիչ թիւով վիրաւորներ: Վերջին քանի մը ... Շարն.
Սլէյման Ընդունեց Լահհամ Պատրիարքը
Նախագահ Սլէյման եւ Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պէյթէտտինի պալատին մէջ ընդունեց յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային ... Շարն.
Պըրրի Ընդունեց Բրիտանիոյ Դեսպանը
Ֆլեչըր եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ... Շարն.
«Անհրաժեշտ Բոլոր Միջոցառումներուն Պէտք Է Դիմել` Հակակշիռի Տակ Առնելու Համար Թրիփոլիի Բախումները» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հետեւեցաւ Թրիփոլիի իրադարձութիւններուն` ապահովական պատասխանատուներէն պահանջելով անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումներ դիմել` հակակշիռի տակ առնելու համար Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները: Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց ... Շարն.
Շարպել Լաւատես Է Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարին Տրամադրուելիք Իսկական Լուծումով
Փլամպլի եւ նախարար Շարպել Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները ներկայացնող մէկ պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումէն ետք Շարպել մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ... Շարն.
Մըքտատ Ընտանիքը Առիթ Կու Տայ Լիբանան-Թուրքիա Բանակցութիւններուն
Մահեր Մըքտատ Մըքտատ ընտանիքի պաշտօնական բանբեր Մահեր Մըքտատ երէկ յայտարարեց, որ ընտանիքը որոշած է Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն յատուկ նախարարական յանձնախումբին, կրօնաւորներուն եւ քաղաքական կարգ մը կողմերուն փափաքին ընդառաջել` կասեցնելով ... Շարն.
Մերեհպիի Անձեռնմխելիութիւնը Ջնջելու Պահանջ
Խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարութիւնը արդարութեան նախարար Շեքիպ Քըրթպաուիէն ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ պահանջուեցաւ երեսփոխան Մույին Մերեհպիի անձեռնմխելիութիւնը ջնջել, որպէսզի ընդհանուր դատախազութիւնը` ընդառաջելով բանակի հրամանատարութեան պահանջին, կարենայ զինք հետապնդել` համայնքային գրգռութիւններ ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին սփռած այն տեսագրութեան տեղեկութիւնները, ըստ որոնց Հարիրի նիւթական հսկայ գումարի նուէր մը ստացած ... Շարն.
Անտեսելով Զինադադարի Որոշումը` Պապ Թըպպանէի Եւ Ժապալ Մըհսենի Միջեւ Զինեալ Բախումները Կը Շարունակուին Աւելի «Աշխուժ» Թափով
Զինեալներու խումբ մը` Պապ Թըպպանէի մէջ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումները երէկ առաւօտեան շարունակուեցան իրենց սովորական թափով, սակայն ամբողջ գիշերուան ընթացքին բախումներուն թափը սովորական չէր եղած, այլ` ... Շարն.




