Category: Լիբանանեան

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ՄԱՂԹԵՑ, ՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՆԷ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ

August 24, 2011

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն  երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան ներկայացուած ելեկտրականութեան տագնապի լուծման օրինագիծին ... Շարն.

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՄԼՈՅ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՍՈՒԼԻՍ` ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏԻ ԵՒ ԺՐԱՅՍԱԹԻԻ ԿՈՂՄԷ

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՄԼՈՅ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՍՈՒԼԻՍ` ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏԻ ԵՒ ԺՐԱՅՍԱԹԻԻ ԿՈՂՄԷ

August 24, 2011

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ` ընկերակցութեամբ օրէնսգէտ դատախազ Սելիմ Ժրայսաթիի, երէկ խորհրդարանին մէջ կայացուց մամլոյ միացեալ ասուլիս մը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Միջազգային դատական ատեանին արձակած վճիռները ... Շարն.

ՖԱՅԵԶ ՂՈՍԸՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԲԱՆԱԿԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱՄՈՒԽ ՉԴԱՐՁՆԵԼՈՒ

August 24, 2011

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ նախանցեալ օր երեսփոխան մը իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձած է լիբանանեան բանակին եւ անոր հրամանատարութեան` անոնց ... Շարն.

ՇԱՐՊԵԼ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԷ  ԶԳԱՅՈՒՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ»

ՇԱՐՊԵԼ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԷ ԶԳԱՅՈՒՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ»

August 24, 2011

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Խմբագիրներու սենտիքայի անդամներուն եւ անոնց խորհրդատուներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին Շարպել յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ զգայուն հանգրուան մը, որ ... Շարն.

ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԸ ՊԻՏԻ ՍԱՌԵՑՆԷ՞ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

August 24, 2011

«Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը` հիմնուելով իրեն յատուկ տեղեկութիւններուն վրայ, երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատունը ջնջած է յառաջիկայ սեպտեմբերին իր կազմակերպած ձեռնարկներէն մէկը, ինչպէս նաեւ յայտարարած է, ... Շարն.

ՍԿՈՎՏԻԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՑՈՒՑԱԲԵՐԷ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԾՈՎԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՔԱՐԻՒՂԻ ՀԱՆՔԵՐ ՊԵՂԵԼՈՒ ԱՌՈՒՄՈՎ

August 24, 2011

«Քըրն Էնըրճի» սկովտիական ընկերութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ ինք հետաքրքրուած է լիբանանեան ծովային սահմաններուն մէջ քարիւղի եւ բնական կազի հանքերու պեղումներ կատարելու առումով: Նոյն ընկերութիւնը ... Շարն.

«ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ԻՐ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔՈՎ» ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ՍԻՆԿ

«ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ԻՐ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔՈՎ» ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ՍԻՆԿ

August 24, 2011

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Նիրաժ Սինկ յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը իրենց առաքելութիւնը պիտի շարունակեն սովորական ընթացքով. ան դիտել տուաւ նաեւ, որ ինք թիւի փոփոխութիւն ... Շարն.

ՀԱՍԱՆ ԵԱԱԳՈՒՊ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ, ՈՐ ՍԱՏԸՐԻ ՄԱՍԻՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴՐԱԿԱՆ ԵՆ

August 24, 2011

Նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ երէկ յայտնեց, որ հակառակ լիբանանեան մակարդակին վրայ տիրող քաղաքական տարակարծութիւններուն, իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման հարցը բոլոր լիբանանցիներուն համար մնաց միասնականացնող: Եաագուպ շեշտեց, որ Լիպիոյ  յեղափոխութեան բռնկելէն ... Շարն.

ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ Կ՛ՈՐՈՇՈՒԻ ԱՅՍՕՐ

ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ Կ՛ՈՐՈՇՈՒԻ ԱՅՍՕՐ

August 23, 2011

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան խորհրդակցական հանդիպումին, որուն ընթացքին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ներկայացուց ելեկտրականութեան տագնապը լուծելու նպատակով իր պատրաստած օրինագիծին մանրամասնութիւնները: Խորհրդակցական հանդիպումին ... Շարն.

ԱՄԱԼ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԼԻՊԻԱ ԳՈՐԾՈՒՂԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

August 23, 2011

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց Ամալ շարժումի ղեկավար խորհուրդի նիստին, որուն աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն ընդմէջէն Ամալ շարժումը շնորհաւորեց եւ ողջունեց լիպիացի ժողովուրդը իր յեղափոխութեան յաջողութեան առիթով: Ամալ ... Շարն.

ՊԼԵՆՖՈՐՏ. «ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԵՍ ՉԵՄ ՎԱՐԱԾ»

ՊԼԵՆՖՈՐՏ. «ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԵՍ ՉԵՄ ՎԱՐԱԾ»

August 23, 2011

«Թայմ» շաբաթաթերթի լրագրող Նիքոլաս Պլենֆորտ երէկ ներկայացաւ Պէյրութի Արդարութեան պալատ, ուր աւելի քան երկուքուկէս ժամուան ընթացքին հարցաքննուեցաւ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզայի կողմէ: Հարցաքննութենէն ետք Պլենֆորտ հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք ... Շարն.

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊԱՏԻՆ

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊԱՏԻՆ

August 23, 2011

Փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան - իրանեան յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները: Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, ... Շարն.

«ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՏԹԱՐԱՆԱԼՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՄԵՆՔ ԱՆՈՐՈՇ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆՔ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՀԱԶԻՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

August 23, 2011

Միջին Արեւելքի մէջ յոյն ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքը «Ռաշա Թուտէյ»ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կացութեան վատթարացման պարագային իրենց կացութիւնը անորոշ եւ անապահով պիտի ... Շարն.

«24 ԺԱՄ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ ՀՈՍԱՆՔ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ԱԼԵՆ ԹԱՊՈՒՐԵԱՆ

August 23, 2011

Ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախկին նախարար Ալեն Թապուրեան երէկ «Ախպար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ելեկտրական հոսանքի տագնապին հարցը սկսած է ելեկտրական հոսանքի արտադրութեան կասեցման պատճառով` ... Շարն.

ԺՈՄՊԼԱԹ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԼԻՊԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՐՑԸ Ի՞ՆՉ ԵՂԱՒ»

August 23, 2011

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» պաշտօնաթերթին մէջ լոյս տեսնող իր շաբաթական տեսակէտին մէջ շեշտեց, որ արաբական ժողովրդային յեղափոխութիւններուն ծիրին մէջ երրորդ բռնակալ մը եւս տապալած է` իրեն ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

August 23, 2011

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Զօր. Քահուաժիի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի սակրաւորներ Ռաշայա ... Շարն.

ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՆԻՍՏԻ ՄԸ

ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՆԻՍՏԻ ՄԸ

August 22, 2011

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այսօր վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան խորհրդակցական նիստի մը, որուն ընթացքին ելեկտրականութեան եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ մանրամասնօրէն պիտի ներկայացնէ ելեկտրականութեան տագնապը լուծելու նպատակով իր պատրաստած ... Շարն.

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԹԱՆՆՈՒՐԻՆ

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԹԱՆՆՈՒՐԻՆ

August 22, 2011

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը անցեալ շաբաթավերջին  շարունակեց լիբանանեան զանազան շրջաններ կատարած իր հովուապետական այցելութիւնները, որոնց ծիրին մէջ ան հասաւ Ժուրուտ Պաթրուն եւ Թաննուրին: Ռայի պատրիարքը Թաննուրինի Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ ... Շարն.

«ԹԱՅՄ» ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑՈՎ ՄԻՋԱՄՈՒԽ Կ՛ԸԼԼԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՅԱՏՈՒԿ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ

«ԹԱՅՄ» ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑՈՎ ՄԻՋԱՄՈՒԽ Կ՛ԸԼԼԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՅԱՏՈՒԿ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ

August 22, 2011

Ամերիկեան «Թայմ» շաբաթաթերթը անցեալ շաբաթավերջին հրապարակեց հարցազրոյց մը, որ կտրականապէս մերժուեցաւ Հըզպալլայի կողմէ: Հարցազրոյցը կատարուած է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուած ենթադրեալ «յանցագործ»ներէն մէկուն հետ եւ հարցազրոյցին բովանդակութեան ... Շարն.

ՍԻՆԿ. «ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄՈՂ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՋՈԿԱՏԻՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՉԷ ԿՐԱԾ»

ՍԻՆԿ. «ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄՈՂ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՋՈԿԱՏԻՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՉԷ ԿՐԱԾ»

August 22, 2011

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի Միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Նիրաժ Սինկ` ակնարկելով Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի կողմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին ուղղուած նամակին, որուն մէջ նշուած էր, թէ ... Շարն.