Category: Միջազգային
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ «ԳՐԱՒԷ՛ ՈՒՈԼ ՍԹՐԻԹ»Ը ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԸ Կ՛ԸՆԴԼԱՅՆԻ
Երէկ երեք շաբաթէ ի վեր տեղի ունեցող «Գրաւէ՛ Ուոլ Սթրիթ»ը բողոքի մեծագոյն ցոյցը տեղի ունեցաւ, երբ հազարաւոր անձեր Նիւ Եորքի մէջ հաւաքուեցան եւ դէպի քաղաքի ոստիկանատուն ուղղուեցան` բողոքելու համար իրենց ... Շարն.
«ԻՍՐԱՅԷԼ ՇՐՋԱՆԻՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Հարաւային Ափրիկէի մէջ յայտարարած է, որ Իսրայէլ իր գտնուած շրջանին «սպառնալիք» կը ներկայացնէ, որովհետեւ հիւլէական ռումբ ունի: Էրտողան դարձեալ ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆ ՁԵՌՆՊԱՀ ՄՆԱՑ. ՌՈՒՍԻԱ ԵՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՂ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ԲԱՆԱՁԵՒԸ ՎԵԹՈՅԻ ԵՆԹԱՐԿԵՑԻՆ
Ռուսիա եւ Չինաստան երեքշաբթի ուշ գիշերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ եւ Փորթուգալի ներկայացուցած Սուրիան դատապարտող բանաձեւը վեթոյի ենթարկեցին: Ասիկա այն հազուադէպ պարագաներէն էր, որ այս երկու երկիրները ... Շարն.
«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒԵԼԻՔ ՀԱԿԱՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՎԱՀԱՆԻ ՏԱՐՐԵՐՈՒ ՆՊԱՏԱԿԸ ԻՍՐԱՅԷԼԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ տեղակայուելիք ամերիկեան հակահրթիռային վահանի տարրերը Իսրայէլը պիտի պաշտպանեն: «Ռատարի այդ կայանին նպատակը Իսրայէլի պաշտպանութիւնն է: Թուրքերը չեն ... Շարն.
ՖՐԱՆՍԱ ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱԶԻ ՊԵՂՄԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԿԻՊՐՈՍԻ
Ֆրանսա արեւելեան Միջերկրականի մէջ Իսրայէլի հետ կազի պեղման Կիպրոսի որոշումին հարցով Նիկոսիոյ եւ Անգարայի կոչ ուղղեց երկխօսութիւն կատարելու, սակայն յայտարարեց, որ ինք «կը ճանչնայ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը, որուն յոյները կ՛իշխեն եւ ... Շարն.
ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ` ՍԱՐՔՈԶԻԻ ՎՐԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Ռուսական «Վրեմիա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի ընդդիմադիր Վրացական ակադեմիա կազմակերպութիւնը յայտարարած է, որ 7 հոկտեմբերին` Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի Վրաստան այցելութեան օրը, անհրաժեշտ է հակաիշխանական բողոքի ցոյց կատարել: Կազմակերպութեան ... Շարն.
«ՍՈՒՐԻԱ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԵՐՈՒ ՊԷՏՔ ՉՈՒՆԻ ԵՒ ԿՐՆԱՅ ԻՐ ՀԱՐՑԵՐԸ ԼՈՒԾԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ
Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մահմուտ Ապրաշի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիա ժողովրդավարութեան դասերու պէտք չունի եւ իր հարցերը կրնայ լուծել առանց արտաքին միջամտութեան: Ահմատինեժատ ... Շարն.
«ԹՈՒՐՔԻԱ ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆՑ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԴԻՏՈՂԻ ԴԵՐԻՆ ՄԷՋ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՄՆԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Մոսկուա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ դէմ բանաձեւին պիտի չզօրակցի: ՄԱԿ-էն դիւանագէտ մը ԱՖՓ-ին յայտնած էր, որ «մենք պատրաստ ... Շարն.
ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՊԱՀՊԱՆՈՂԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆՏՐԱԶԱՆԳՈՒԱԾԸ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵՆԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼԸ Կ՛ՈՒԶԷ
Բրիտանական «Տէյլի Էքսփրես» օրաթերթին հրապարակած մէկ հարցախոյզը ցոյց կու տայ, թէ Բրիտանիոյ կառավարութեան աւագ գործընկեր Պահպանողական կուսակցութեան ընտրազանգուածի աւելի քան երկու երրորդը կ՛ուզէ, որ իրենց երկիրը անմիջապէս դուրս գայ Եւրոպական ... Շարն.
ԼԱՐԻՃԱՆԻ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ԵՒ ՇՐՋԱՆԻ ԿԱՐԳ ՄԸ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մահմուտ Ապրաշի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ «Սուրիոյ դէմ Արեւմուտքի թշնամանքին գլխաւոր պատճառը Իսրայէլի դէմ պայքարին մէջ անոր առաջին ճակատին ... Շարն.
ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ Է ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՖԹԻԻ ՈՐԴԻՆ
Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ իրականացած յարձակման պատճառով սպաննուած է Սուրիոյ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսանի որդին` 1989-ի ծնունդ համալսարանի գործերու կառավարման բաժանմունքի երկրորդ տարուան ուսանող Սարիա Հասսուն: Ահաբեկչական զինեալ ... Շարն.
ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՎԵՐԱՄԻԱՑՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՄԸ ԾՐԱԳՐՈՂ 4 ԳԵՐՄԱՆԱՑԻՆԵՐ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՆ
Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալեց չորս գերմանացիներ, որոնց շուրջ կասկածներ գոյութիւն ունին, թէ Գերմանիոյ վերամիացման 21-ամեակին առիթով այսօր նախատեսուած տօնակատարութեան դէմ յարձակում մը կը ծրագրէին: Տօնակատարութեան ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ ... Շարն.
«ՄԵՆՔ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՒԼ
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Թուրքիոյ խորհրդարանին առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ «սուրիական վարչակազմը շրջանին մէջ արձանագրուող զարգացումները ճիշդ ձեւով չհասկցաւ»: Ան յայտնեց, որ ինք սուրիական վարչակազմին նկատմամբ վստահութիւն ... Շարն.
«ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՄԲՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀԻ ԻՍԼԱՄՆԵՐԸ ԹԻԿՈՒՆՔԷՆ ՀԱՐՈՒԱԾԵՑ» Կ՛ԸՍԷ ԱՅԱԹՈԼԼԱ ՇԻՐԱԶԻ
«ՄիկՆիուզ» կը հաղորդէ, որ այաթոլլա Նասեր Մաքարեմ Շիրազի Թեհրանի մէջ ուրբաթօրեայ նամազին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ անդրադարձած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի արտասանած խօսքին ... Շարն.
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՇՈՒՐՋ 700 ՑՈՒՑԱՐԱՐ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ Է
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Նիւ Եորքի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է «Ուոլ Սթրիթը գրաւէ՛» նախաձեռնութեան մասնակից 700 ցուցարարներ, որոնք շաբաթ երեկոյեան քանի մը ժամով փակած էին Նիւ Եորքի մէջ ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻԱ ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԵՏ ԿՆՔՈՒԱԾ ԿԱԶԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱԴՐԵՑՈՒՑ
Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտարարած է, որ Թուրքիա դադրեցուցած է Ռուսիոյ հետ իր կնքած կազի մատակարարման մասին համաձայնագիրի գործադրութիւնը: Կազը Թուրքիա կը ... Շարն.
«ՄԱԿ-Ի ԼԻԻՐԱՒ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄՈՒՄ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ ՄԵՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՍԱԿԱՐԿԵԼԻ ՉԷ» Կ՛ԸՍԷ ՕՐԷՅՔԱԹ
Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) կեդրոնական կոմիտէի անդամ դոկտ. Սայէպ Օրէյքաթ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Նեպիլ Արապիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «պաղեստինցի ժողովուրդը կը մերժէ նիւթական ... Շարն.
ԽԱՄԵՆԷԻ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի քննադատած է պաղեստինեան ղեկավարութիւնը, որ, ըստ իրեն, ՄԱԿ-ի կողմէ ճանաչում ապահովելու համար անհրաժեշտ ջանքը չի թափեր: Ըստ ... Շարն.
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
- ԱՆԳԱՐԱՅԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ «Սաուա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ պայքարին մէջ Թուրքիոյ առաւելագոյն օժանդակութիւն տրամադրող ... Շարն.
ՍՈՒՐԻԱ ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆՑ ՆԵՐԱԾՈՒՄԸ ԴԱԴՐԵՑՈՒՑ
Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Դամասկոս որոշած է այլեւս Թուրքիայէն ապրանք չներածել: Սուրիոյ իշխանութիւններուն տուած որոշումը ուժի մէջ մտած է 25 սեպտեմբերին: Թրքական կողմին կարծիքով` Դամասկոս այդպիսի որոշում տուած ... Շարն.

