Category: Գաղութային
Հըզպալլայի Ներկայացուցիչները` Անթիլիասի Մէջ
Երկուշաբթի, 3 փետրուար 2014-ի առաւօտեան Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Հըզպալլայի քաղաքական դիւանի ներկայացուցիչները: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ... Շարն.
«Ազդակ»-ի Մամլոյ 89-րդ Լսարան. «Քիւրտերու Հետ Անհրաժեշտ Է Գործակցիլ` Առանց Պատմութեան Հաշուոյն Զիջումներ Կատարելու» Շեշտեց Դոկտ. Վիգէն Չըթըրեան
«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 89-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 3 փետրուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան, որ բարի ... Շարն.
Ազգային Լեւոն Եւ Ս. Յակոբեան Քոլեճի 50-ամեակի Հանդիսութիւնները` Բարձր Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսի
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը 2014-ին մեծաշուք հանդիսութիւններով կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը: Յոբելենական հանդիսութիւններուն կը ... Շարն.
Իրավիճակը Հալէպի Մէջ
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, կիրակի, 2 փետրուար 2014-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ի մօտ, Հալէպի հայաշատ Սիւլէյմանիէի շրջանի մայր փողոցին վրայ գտնուող Սալլորա անուշավաճառի խանութին մայթին վրայ ինկած հրասանդի հրթիռին պատճառով տեղացի ... Շարն.
Ստուգելով Ազգային Միացեալ Վարժարանի Շինարարական Աշխատանքները`. «Գաղութի Մը Կենսունակութեան Աղբիւրը, Գոյատեւման Առանցքը Եւ Երաշխիքը Եկեղեցւոյ Կողքին Հայ Դպրոցն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են եւ իրենց աւարտին պիտի հասնին 2015 թուականին: Այս առիթով իր հայրական օրհնութիւնը տալու նպատակով շաբաթ 1 փետրուար 2014-ի կէսօրուան ժամը 11:30-ին ... Շարն.
«Հայ Դատը Այսօր» Խորագիրով Նոր Հաղորդաշար` «Վանայ Ձայն»-էն
Երեքշաբթի, 4 փետրուարէն սկսեալ, իւրաքանչիւր երեքշաբթի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն պիտի սկսի սփռուիլ նոր հաղորդաշար մը` «Հայ դատը այսօր» խորագիրով: Անոր ընթացքին անդրադարձ պիտի կատարուի Հայ դատին ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Արքութեան Պատիւ Եւ Տիտղոս Շնորհեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Սրբազանին
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ 11 յունուար 2014-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական կոնդակով արքութեան պատիւ եւ տիտղոս շնորհեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Շահան ... Շարն.
Մեր Կորուստները. Ոչ Եւս Է Պատմաբան Կիմ Ղահրամանեան
Շաբաթ օր 72 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Կիմ Ղահրամանեան: 1992 թուականէն, երբ բռնագրաւուեցաւ Շահումեանը, ան հիմնեց եւ խմբագրեց «Մռաւի ղօղանջներ» թերթը: Վերջին 20 տարիներուն ընթացքին բազմաթիւ նիւթեր ... Շարն.
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Եւ Հովանաւորութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինին. Դիւանագիտական Պատկառելի Ներկայութեամբ. Ներկայացում` Քաթիա Փելթեքեանի «Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակները» Երկհատոր Գիրքին
Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, երէկ` ուրբաթ, 31 յունուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քաթիա Փելթեքեանի ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելուներ Ընդունեց
Հինգշաբթի, 30 յունուար 2014-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը` - Կենսոլորտի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Պերճ Հաճեանի: Ան վեհափառ հայրապետին զեկուցում մը տուաւ նախարարութեան կատարած աշխատանքներուն ... Շարն.
Համազգային – «Սինէ Քլապ». Ներկայացուեցաւ Աթոմ Էկոյեանի «Հարազատը» Ժապաւէնը
Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերական միաւորի վարչութեան կազմակերպութեամբ, 2014 տարուան առաջին «Սինէ քլապ»-ը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 31 յունուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. ... Շարն.
100-Ամեակի Ընդլայնուած Նիստը Քննարկեց 2015-ի Աշխատանքային Ծրագիրը
Չորեքշաբթի երեկոյեան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ընդլայնուած նիստը: Նիստին մասնակցեցան Լիբանանի հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը, ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի, ... Շարն.
Սրբադասման Յանձնախումբի Հանդիպում Անթիլիասի Մէջ
Օրհնութեամբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, 27-29 յունուար Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Սրբադասման յանձնախումբի հանդիպումը: Ժողովի նախօրեակին յանձնախումբի անդամները ... Շարն.
Ծիսական Յանձնախումբի Հանդիպում` Անթիլիասի Մէջ
29-30 յունուար Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, օրհնութեամբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Ծիսական յանձնախումբի հանդիպումը, որուն կը մասնակցէին Կոմիտաս ... Շարն.
ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» Կեդրոնին Մէջ. «Հայերը Ինչո՞ւ Կը Լքեն Հայաստանը» Հետազօտութեան Արդիւնքներու Ներկայացում
Երէկ` հինգշաբթի, 30 յունուարի երեկոյեան ժամը 8:00¬ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Արտագաղթի տագնապը Հայաստանի մէջ» նիւթով դասախօսութիւն մը, որուն ընթացքին «ՏԵՓՈՓ» հետազօտական խումբը ներկայացուց «Հայերը ինչո՞ւ կը լքեն ... Շարն.
Հարցազրոյց Վիգէն Չըթըրեանի Հետ
Երէկ կէսօրէ ետք «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւրոպական եւ միջինարեւելեան յառաջատար օրաթերթերու հետ աշխատակցած ու աշխատակցող լրագրող եւ քաղաքական վերլուծաբան Վիգէն Չըթըրեան: Ան հանդիպում ունեցաւ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան հետ, որմէ ետք «Ազդակ»-ի ... Շարն.
100-Ամեակի Մարմինը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին
Երեքշաբթի երեկոյեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Վեհափառ հայրապետը նախ տեղեկացաւ 100-ամեակի տարուան համար մարմինին նախատեսած տարբեր բնոյթի ծրագիրներուն, որմէ ... Շարն.
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Զգայազրկում» (Անեսթեզիա) Նիւթով Դասախօսութիւն
Տոքթ. Սիլվա Արուստամեան-Վահանեան Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 29 յունուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» ... Շարն.
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան` Շնորհահանդէս Միքայէլ Վարանդեանի «ՀՅԴ Պատմութիւն» Զոյգ Հատորներու Միացեալ Հրատարակութեան
Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, երէկ` երեքշաբթի, 28 յունուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան գլխաւոր տեսաբան-գաղափարախօսներէն Միքայէլ Վարանդեանի «ՀՅԴ պատմութիւն» խորագրեալ ... Շարն.
Լիբանան – Հայաստան Բարեկամութեան Ընկերակցութեան Այս Տարուան Անդրանիկ Նիստը
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանան - Հայաստան բարեկամութեան ընկերակցութեան այս տարուան առաջին նիստը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Ան ընկերակցութեան անդամներուն մաղթեց ... Շարն.

