Category: Հայկական
«Յոյսով Եմ, Որ Օր Մը Հայ-Թրքական Յարաբերութիւնները Հրաշալի Կէտի Մը Հասնին» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Քանատայի մէջ «Փոխուող աշխարհի մէջ փոխուող Թուրքիա» խորագիրով խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ իր երազն է, որ աշխարհի ... Շարն.
Հայաստանի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահները Այցելեցին Մատենադարանի Հիմնարկ-Թանգարան
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ երէկ այցելեց Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու Մատենադարանի հիմնարկ-թանգարան եւ ծանօթացաւ վերանորոգուած սրահներուն: Այնուհետեւ երկու հայկական պետութիւններու նախագահները մասնակցեցան Հայոց ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Պարգեւատրումներ Կատարեց Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 21-ամեակին Առիթով
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրներով` երէկ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 21-րդ տարեդարձին առիթով, գիտութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, տնտեսութեան, արուեստի եւ մշակոյթի մարզին մէջ խումբ մը ներկայացուցիչներ, զինեալ ուժերու, իրաւապահ մարմիններու զինուորներ պարգեւատրուեցան պետական ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Հայաստան
Միացեալ գոհաբանական աղօթքի պահուն Երէկ Հայաստան ժամանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնախումբի նիստին մասնակցելու նպատակով: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Արամ ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Ներկայ Գտնուեցաւ Կոմիտասի Թանգարան-Հիմնարկի Նախագիծի Հանրային Ներկայացումին
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան նախանցեալ օր Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ ներկայ գտնուեցան Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի շէնքային համալիրի նախագիծի հանրային ներկայացման արարողութեան: Նախագահը նշեց, որ իրենք կը ... Շարն.
Շուլց. «Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Համար Թուրքիա Պէտք Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնայ»
Մարթին Շուլց «Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշի հետ հանդիպումի մը ընթացքին` յիշեցնելով Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, յայտարարած է, ... Շարն.
Հունգարիոյ Հայերը Կառավարութեան Դէմ Սաֆարովի Գործով Դատական Հայց Պիտի Ներկայացնեն
«Ասպարէզ»` յղում կատարելով հունգարական «Պլիքք» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Հունգարիոյ Հայ ազգային խորհուրդը մտադիր է ազրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը Ազրպէյճանին արտայանձնելու վիճայարոյց որոշումին համար Հունգարիոյ կառավարութեան դէմ դատ բանալ: Հունգարական ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անաթոլի Սերտիւքովը, որ Հայաստանի նախագահին հետ երէկ ներկայ գտնուեցաւ «Փոխադարձ գործակցութիւն-2012» Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան արագ արձագանգման ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Մասնակցեցաւ Վիքթոր Համբարձումեանի Անուան Միջազգային Գիտական Մրցանակի Տուչութեան
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր Հայաստանի գիտութիւններուն ազգային ակադեմիային մէջ մասնակցեցաւ Հայաստանի ազգային հերոս, ակադեմիկոս Վիքթոր Համբարձումեանի անուան միջազգային գիտական մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան նուիրուած Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիային ... Շարն.
Փարիզի Մէջ Հոլլանտ Հանդիպում Ունեցաւ Ալիեւի Հետ
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ նախանցեալ օր իր նստավայրին մէջ ընդունեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Էլիզէի պալատի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, երկու երկիրներու նախագահները քննարկեցին առանցքային նշանակութիւն ունեցող միջազգային հարցեր: ... Շարն.
Աղաբեկեան. «Իմ Առաջին Քայլս Պիտի Ըլլայ Մասնակցիլ Կառավարութեան Ծրագիրի Կազմութեան Աշխատանքներուն»
Արթուր Աղաբեկեան Արթուր Աղաբեկեան ilur.am լրատուական կայքէջին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետին կողմէ պիտի ստանձնէ որոշ գործառոյթներու պատասխանատուութիւն, միասին քննարկելէ ետք որոշ մարզերուն մէջ պիտի ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Պորտիւժան
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան: Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը Հայաստանի նախագահին զեկուցեց Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «Փոխադարձ գործակցութիւն-2012» արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու ... Շարն.
Փարիզի Մէջ Բազմամարդ Ցոյց` Իլհամ Ալիեւի Ֆրանսա Այցելութեան Դէմ
Լուսանկարը՝ Ֆիլիփ Փիլիպոսեանի Երէկ, կազմակերպութեամբ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին, Փարիզի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցաւ բազմամարդ ցոյց` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Ֆրանսա այցելութեան դէմ: Ցոյցին ընթացքին դժգոհութիւն արտայայտուեցաւ ... Շարն.
ՀՅԴ Կը Ստեղծէ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան «Օգնէ` Եղբօրդ» Հասարակական Նախաձեռնութիւնը
Վահան Յովհաննիսեան եւ Լիլիթ Գալստեան` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ ստեղծուեցաւ «Օգնէ՛ եղբօրդ» նախաձեռնող խումբ մը, որուն նպատակն է օգնութեան ձեռք երկարել Սուրիա գտնուող կարիքաւոր սուրիահայ եւ ոչ միայն սուրիահայ ... Շարն.
Ռոմնի Օպամայի Կողմնակիցներուն Հասցէին Վատ Արտայայտութիւն Կ՛ունենայ Եւ Հայաստանի Կ՛անդրադառնայ
Միթ Ռոմնի «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան հանրապետական թեկնածու Միթ Ռոմնի սեփական հովանաւորներու հետ ընթրիքի մը ընթացքին գործող նախագահ Պարաք Օպամայի կողմնակիցներուն մասին վատ արտայայտութիւն ունեցած է: Պահուած ... Շարն.
Ֆրանսահայ Համայնքը Բողոքի Ցոյցով Պիտի Դիմաւորէ Ալիեւը
Ֆրանսահայութիւնը այսօր բողոքի հսկայ ցոյց մը պիտի կատարէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէմ: Ալիեւին «Բարի գալուստ» մաղթելու բողոքի ցոյցը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 6:00-ին` Փարիզի ազրպէյճանական դեսպանատան դիմաց: Պէտք ... Շարն.
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ. «Հայաստանի Մէջ Հակաամերիկեան Ցոյցեր Չեն Կրնար Ըլլալ»
Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը արդարացի կերպով վրդովեցաւ, երբ 12 սեպտեմբերին Հայաստանը յայտարարուեցաւ 7 երկիրներուն շարքին, ներառեալ` Պուրունտին, Եգիպտոսը, Քուէյթը, Սուտանը, Թունուզը եւ Զամպիան, իբրեւ ամերիկացի դիւանագէտներու համար վտանգաւոր երկիր: Ամերիկայի ... Շարն.
Արթուր Աղաբեկեան` Լեռնային Ղարաբաղի Փոխվարչապետ
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, ՀՅԴ անդամ Արթուր Աղաբեկեան «Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին հաստատեց այն լուրը, որ ինք Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ պիտի ըլլայ: Ըստ անոր, իրեն առաջարկ ներկայացուած է եւ ... Շարն.
Հայաստանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Ռազմափորձը
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ գրասենեակը յայտարարեց, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու մասնակցութեամբ «Փոխադարձ գործակցութիւն-2012» միացեալ ռազմափորձը, մասնակից բոլոր ստորաբաժանումներու ամբողջական ներգրաւումով, 19 սեպտեմբերին պիտի սկսի: 17 ... Շարն.
Զուիցերիոյ Մէջ Թրքական Հակահայակական Սադրանք
«Նուվել տ՛Արմենի» կը գրէ, որ Թուրքիա այսօր Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի իր դեսպանատան մէջ կազմակերպած է խորհրդաժողով մը, որուն հրաւիրած է ոչ միայն Զուիցերիոյ խորհրդարանի անդամներ, այլ նաեւ` ամերիկացի ժխտողական պատմաբան ... Շարն.

