Category: Հայկական
Թուրք Բեմադրիչներ «Ցեղասպանութեան» Մասին Ժապաւէն Մը Կը Պատրաստեն
«Մարմարա» կը գրէ, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կոտորածները նիւթ դարձան թուրք բեմադրիչներու կողմէ պատրաստուած վաւերագրական ժապաւէնի մը: Թրքական «Թիւմհապերթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ նկարահանումները կատարուած են Մարտին եւ Պաթման ... Շարն.
Արժանթինահայերը Կը Բողոքեն Մամետեարովի Այցելութեան Դէմ
Արժանթինի հայ համայնքի ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց կազմակերպած են Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի Արժանթին այցելութեան դէմ: Բողոքի ցոյցը տեղի ունեցած է հինգշաբթի օր` Պուենոս Այրեսի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ: ... Շարն.
Ազրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղը Գերիշխան Երկիրներու Ցուցակին Մէջ Ներառելու Համար Բողոքագիր Յղած Է Թանզանիոյ
Ազրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլայեւ լրագրողներու յայտնած է, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիր յղած է Թանզանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան` պահանջելով Լեռնային ... Շարն.
Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան Հինգ Պաշտօնեաներ Հրաժարական Տուին
Երէկ առաւօտեան հրաժարականի դիմումներ ներկայացուցին Լոռիի եւ Արագածոտնի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան փոխմարզպետներ Էդիկ Կարախանեան ու Մանաֆաս Առաքելեան, ինչպէս նաեւ Բարգաւաճ Հայաստանի երեք փոխնախարարներ` արտակարգ իրավիճակներու փոխնախարար Ռոմիկ Տիգրանեան, փոխադրութեան եւ ... Շարն.
Մարաթուկ Սարի Ուխտագնացութիւնը Արգիլուեցա՞ւ…
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ հայկական կարգ մը կայքէջեր կը հաղորդեն, թէ 28 յուլիսին դէպի Սասունի Մարաթուկ լեռը իրականանալի ուխտագնացութիւնը արգիլուեցաւ Սասունի քաղաքապետին եւ Սասունի նահանգապետին կողմէ: Կը նշուի, որ քաղաքապետ ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Ներկայ Պիտի Գտնուի Ողիմպիական Խաղերու Բացման Հանդիսութեան
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Բրիտանիա: 27 յուլիսին նախագահը ներկայ պիտի գտնուի 2012 թուականի ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նոյն օրը պիտի մասնակցի նաեւ ... Շարն.
Սուրիահայերը Եւ Լիբանանահայերը Այսուհետեւ Կրնան Անձնագիրերը Ստանալ Հայաստանի Դեսպանատուներուն Մէջ
Հայաստանի կառավարութիւնը երէկ փոփոխութիւններ կատարած է իր նախկին որոշումին մէջ, որուն համաձայն, սուրիահայերը եւ լիբանանահայերը այսուհետեւ պիտի կարենան Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիրեր ստանալ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մէջ: Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշեց, ... Շարն.
Երեւանի Քաղաքապետը Կ՛Ընդունի Մարսէյի Փոխքաղաքապետը
Մարգարեան եւ Փարաքեան Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան երէկ հանդիպում ունեցաւ աշխատանքային այցելութեամբ իր կնոջ հետ Երեւան գտնուող Մարսէյի հայազգի փոխքաղաքապետ Տիտիէ Փարաքեանի հետ: Ողջունելով հիւրը` Մարգարեան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն ... Շարն.
Քոնկրեսականներ Կ՛ողջունեն Ղարաբաղի Ընտրութիւնները
Ամերիկացի տասնեակ մը քոնկրեսականներ, որոնց շարքին` քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի երկու համանախագահներ Էտ Ռոյս եւ Ֆրենք Փալոն, Հաուըրտ Պըրմըն, Պրետ Շըրմըն, Էտըմ Շիֆ, Ճիմ Քոսթա, Տէյվիտ Սիսիլինի, Աննա Էշու եւ ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Ռուսիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը
Քոլոքոլցեւ եւ նախագահ Սարգսեան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ընդունեց Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարար, ոստիկանութեան զօրավար Վլատիմիր Քոլոքոլցեւի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը ընդգծեցին, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ... Շարն.
Դիտարկում` Շփման Գիծին Վրայ. Կողմերը Կը Համաձայնին Պահպանել Զինադադարի Դրութիւնը
Երէկ հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ ԵԱՀԿ-ի դիտորդական խումբը հերթական ծրագրային դիտարկումը կատարեց: Հայկական կողմէն դիտարկումին մասնակցեցան ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Անթալ Հերտիչ եւ Իրժի Ապերլէ` Տաւուշի մարզի ... Շարն.
Հայաստան Եւ Վրաստան Շնորհաւորական Նամակներ Կը Փոխանակեն
Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեան ու Կրիկոլ Վաշածէ, երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակին առիթով շնորհաւորական նամակներ փոխանակեցին: Նամակներուն մէջ ընդգծուած են երկու պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ... Շարն.
Արցախի Մէջ Բնակչութիւնը Քուէարկեց Ժողովրդավարութեան Համար
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կ՛ողջունէ 19 յուլիս 2012-ին Արցախի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու կանոնաւոր եւ թափանցիկ ընթացքը: Հակառակ որոշ շրջանակներու ժխտական կեցուածքին եւ սպառնալիքներուն, Արցախի ժողովուրդը, ինչպէս միշտ, ցուցաբերեց ... Շարն.
Մամետեարովի Հարաւային Ամերիկա Այցելութենէն Առաջ Հայկական Կառոյցները Կը Զգուշացնեն
Էլմար Մամետեարով Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի հայկական կառոյցներու պատասխանատուները Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի` Հարաւային Ամերիկա 27 յուլիսին նախատեսուած պաշտօնական այցելութենէն առաջ, մամուլով եւ իրենց երկիրներու կառավարութիւններուն հետ ուղղակի կապ ... Շարն.
Արցախի Շուրջ Տեղեկատուական Մեկուսացումը Կը Ճեղքուի Ռուսիոյ Մէջ
Արդէն երկու տարիէ ի վեր Ռուսիոյ մէջ գործող միակ հայկական պատկերասփիւռի ընկերութիւնը` TV ARM.ru-ն, որ ունի երիտասարդական եւ մշակութային ուղղուածութիւն, պիտի ունենայ նաեւ լրատուական հաղորդում: Ընկերութեան մօտ 4 միլիոննոց ռուսալեզու ... Շարն.
Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Գերեզմանոց Մը Աւերուած Է, Իսկ Մահացածներու Կմախքները Ցաք Ու Ցրիւ Ըրած Են
Թուրքիոյ մէջ հայկական գերեզմաններու նկատմամբ հերթական բարբարոսութիւնը տեղի ունեցած է: Թրքական «Այքիրիտողրուլար» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Սղերթ նահանգի Էրուհի շրջանին մէջ նոր ճամբայ կառուցելու համար քանդուած է հայկական գերեզմանոցը: Քրտաբնակ ... Շարն.
ԵԱՀԿ-ն Սահմանի Վրայ Հերթական Մշտադիտարկում Պիտի Իրականացնէ
Այսօր ԵԱՀԿ-ն հերթական մշտադիտարկումը պիտի իրականացնէ Բերդի ուղղութեամբ: Ազրպէյճանական կողմէն մշտադիտարկման պիտի մասնակցի ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի դաշտային օգնականներ Խրիսթօ Խրիսթով եւ Ուիլիըմ Փրայըր: Հայկական կողմէն մշտադիտարկման պիտի մասնակցին ԵԱՀԿ-ի գործող ... Շարն.
Ռուսիոյ Խորհրդարանի Նախագահը` Հայաստանի Մէջ. Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններու Յաւելեալ Սերտացման Անհրաժեշտութեան Ընդգծում
Նարիշքին` Ծիծեռնակաբերդի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Ռուսիոյ պետական տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքինի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Նախագահ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ Ռուսիոյ պետական տումայի նախագահին այցելութիւնը նոր ազդակ հաղորդէ ... Շարն.
«Կը Ցանկանք Օգնել Ղարաբաղի Հարցով Վստահութեան Կառուցման» Կ՛ըսէ Քեթրին Էշթըն
Քեթրին Էշթըն Նախանցեալ օր Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու եւ եւրոպացի պաշտօնեաներու հանդիպումը, որուն ընթացքին անոնք ամփոփեցին արդէն կատարուած աշխատանքը եւ գործողութիւններուն ծրագիրը քննարկեցին մինչեւ ... Շարն.
«Ազրպէյճանի Անհետեւողական Քաղաքականութիւնը Բացասական Մեծ Ազդեցութիւն Կ՛ունենայ Հայաստանի Ջանքերուն Վրայ» Կ՛ըսէ Քի Մուն
Պան Քի Մուն Հրապարակուած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի` «Սովորական սպառազինութիւններու վերահսկումը շրջանային ու ենթաշրջանային մակարդակներու վրայ» զեկուցումը, որուն մէջ ներկայացուած է Հարաւային Կովկասի մէջ սպառազինութիւններուն հետ կապուած ... Շարն.

