Category: Հայկական
ՅԱՐՈՒԹ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻ «ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ
Հայ մշակոյթի մեկենաս, լիբանանահայ Յարութ Խաչատուրեան 17 սեպտեմբերին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ձեռամբ նախագահական նստավայրին մէջ պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով` տասնեակ տարիներ շարունակ սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու մէջ վասն հայ երգ-երաժշտութեան, ... Շարն.
«ԻՐԱՆ ՇԱՀԱԳՐԳՌՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄՈՎ» Կ՛ԸՍԷ ՄԱՀՄՈՒՏ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ
Շաբաթ օր Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ ընդունեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը: Նախարար Նալբանդեան Իրանի նախագահին փոխանցեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձն ու բարեմաղթութիւնները: Նախագահ Ահմատինեժատ, շնորհակալութիւն յայտնելով ուղերձին ... Շարն.
«ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՈՇԱԾ Է ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԳԾՈՎ ԻՐ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾՑՆԵԼ Կ՛ԸՍԷ ՖԻՈՒԼԷ
Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Շթեֆան Ֆիուլէ յայտարարած է, որ «Եւրոպական Միութիւնը մտադիր է հետեւողական կերպով մեծցնել իր դերը շրջանային, օրինակի ... Շարն.
«ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ՄՆԱՅ ԻԲՐԵՒ ՆՊԱՏԱԿ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին առիթով նախանցեալ օր ընկերային-տնտեսական մարզի ներկայացուցիչներու համար կազմակերպուած ընդունելութեան ժամանակ յայտարարեց, որ անկախութիւնը իրեն հետ բերաւ նոր տնտեսակարգ` իր նոր հեռանկարներով, ինչպէս ... Շարն.
ԸՍՏ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ, ԻՆՔ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ՎԱՐ ԱՌՆՈՒԱԾ ԱՆՕԴԱՉՈՒ ԹՌՉՈՂ ՍԱՐՔԻՆ ՀԵՏ ԿԱՊ ՉՈՒՆԻ
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Ազրպէյճան որեւէ առնչութիւն չունի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վար առնուած անօդաչու թռչող սարքին հետ: Նշենք, որ Արցախի ... Շարն.
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԵԱՀԿ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հարցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորքի ... Շարն.
ՍԱՐՔՈԶԻ ԹԻՖԼԻՍ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱ՞ՐՑԸ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ
Կովկասի հարցերով վրացի փորձագէտ Մամուք Արեշիծէ վրացական «Ալիա» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ օտարերկրեայ բարձրաստիճան հիւրերը Վրաստան կ՛այցելեն յատուկ նպատակներու համար, եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի ... Շարն.
ԶՈՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 սեպտեմբերին ստորագրած է հրամանագիր մը` Հայաստանի վերաքննիչ վարչական դատարանի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանի լիազօրութիւնները 15 սեպտեմբեր 2011-ին դադրեցնելու մասին: Բացի անկէ, Հայաստանի նախագահին երէկուան հրամանագիրով Զոհրապ ... Շարն.
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ԲԱՆԱԼՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՎԱՐ ԱՌՆՈՒԱԾ ԱՆՕԴԱՉՈՒ ՍԱՐՔԻՆ ԾԱԳՈՒՄԻՆ ԳԾՈՎ
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ուսումնասիրելու, թէ արդեօք 12 սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունիի շրջանի Վազգէնաշէն գիւղի մերձակայքը ոչնչացուած ազրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքին հետ ... Շարն.
ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՓՐԿԱՐԱՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԸՆԴՈՒՆՈՒԱԾ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍՊԱՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հանդիպում ունեցաւ բանակի շարքերէն զօրացրուած եւ փրկարար ծառայութեան մէջ աշխատանքի ընդունուող խումբ մը սպաներու հետ: Նախագահը կարեւոր նկատեց նախկին զինուորները համապատասխան աշխատանքով ապահովելու անհրաժեշտութիւնը` նշելով, ... Շարն.
ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԱՄԻՍ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՌՈՒՍԻԱ
Քրեմլի պաշտօնական կայքէջը տեղեկացուց, որ երէկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռաձայնած է եւ շնորհաւորած Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի ծննդեան տարեդարձը: Ռուսիոյ նախագահը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է արտայայտուած բարեմաղթութիւններուն համար: ... Շարն.
ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԲԱՆԱԿԱՅԻՆՆԵՐ ՎԱՐ Կ՛ԱՌՆԵՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԱՆՕԴԱՉՈՒ ՈՒՂՂԱԹԻՌ ՄԸ
Արցախի բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտող զօրքերու սահմանագիծին վրայ արձանագրուող զինադադարի դրութեան խախտման զուգահեռ, վերջին շրջանին աշխուժութեամբ կը գործէ նաեւ հակառակորդին օդուժը, որ կ՛իրականացնէ մարտաուսումնական, ինչպէս ... Շարն.
«ԱՆՀԱՄԲԵՐ ԿԸ ՍՊԱՍԵՄ ԱՅՆ ՕՐՈՒԱՆ, ԵՐԲ ԱՐՑԱԽԻ ԴՐՕՇԸ ՊԻՏԻ ԾԱԾԱՆԻ ԱՇԽԱՐՀՈՎ ՄԷԿ» Կ՛ԸՍԷ ՔՈՆԿՐԵՍԱԿԱՆ ՓԱԼՈՆ
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամ, դեմոկրատ Ֆրենք Փալոն շնորհաւորական նամակ մը յղած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին` Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 20-ամեակին առիթով: «Ես կը շնորհաւորեմ ձեր ժողովուրդը` Արցախի անկախութեան ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԱՀԿ-Ի ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԷՆ ՔՈՊԵՐԱՑՔԻՆ
Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց ԵԱՀԿ-ի տագնապներու կանխարգիլման կեդրոնի տնօրէն Ատամ Քոպերացքին: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին ԵԱՀԿ-ի շրջանային տագնապներու կանխարգիլման առնչուող շարք մը հարցեր: Հիւրին խնդրանքով` Է. ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը 13 սեպտեմբերին վաւերացուցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններուն թեկնածութիւնները: Քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք` Ֆրենսիս Ռիքարտոնէ, ... Շարն.
ՀԱԿԱՀԱՅ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Վրաստանի մէջ կը բարձրանայ հակահայկական ջղագարութեան ալիքը: «Արմթուտէյ.ինֆօ» կը տեղեկացնէ, որ Վրաստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Գիորգի Գուգավան երէկ յայտարարեց, որ Վրաստանի որոշ շրջաններուն մէջ կը պատրաստուին պետական կարգավիճակ տալու հայերէն, ... Շարն.
ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԵՐՑՆԵԼ
Երէկ սկսաւ Ազգային ժողովի 10-րդ նստաշրջանը: Ներկայ էին 91 պատգամաւորներ: Նիստի պաշտօնական բացումէն ետք Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի արտաքին հարցերու մնայուն յանձնախումբի ղեկավար Արմէն Ռուստամեան բարձրացուց Հայաստան ... Շարն.

