Category: Հայկական
ԳԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ. «ՕՐ ԱՌԱՋ ՊԷՏՔ Է ՁԵՐԲԱԶԱՏԻԼ ԱՅՍ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ» ԿԸ ՇԵՇՏԵՆ ՀՅԴ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Շաբաթ, 3 սեպտեմբերին Գիւմրիի Թատերական հրապարակին վրայ կայացած ՀՅ Դաշնակցութեան հանրահաւաքին ՀՅԴ գործիչները հաստատեցին, որ կը նախաձեռնեն Հայաստանի տարածքին հանրահաւաքներու շարքի մը եւ որովհետեւ Շիրակի մարզը կը նկատուի Հայաստանի ամէնէն ... Շարն.
ԸՍՏ «ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ»Ի ԹՈՒՐՔ-ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԵԾՑՆԷ
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Անգարայի կողմէ Թել Աւիւի հետ յարաբերութիւնները նուազագոյնի հասցնելու առնչութեամբ տուած որոշումը Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութիւնը կը մեծցնէ: «Թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու խզման պատճառով ... Շարն.
ՄԻՆՉԵՒ 15 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ Կ՛ԱՅՑԵԼԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հերթական այցելութիւնը կ’իրականացնեն շրջան: Այս մասին կը տեղեկացնէ SalamNews–ը` վկայակոչելով անանուն դիւանագիտական աղբիւրներ: Այցելութեան ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ մինչեւ 15 սեպտեմբեր, համանախագահները պիտի հանդիպին Հայաստանի ... Շարն.
ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՆՇԵՑ ԻՐ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԸ
Երէկ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը նշեց իր անկախութեան 20-ամեակը: Յոբելենական հանդիսութեանց մասնակցելու համար հինգշաբթի օր Ստեփանակերտ մեկնած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ղարաբաղ էին նաեւ շարք մը գործող եւ նախկին բարձրաստիճան ... Շարն.
ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԱՅՐԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱՐԹՈՒՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆԻ ՇԻՐԻՄԻՆ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահ Արկադի ... Շարն.
ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ. «ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՈՒՂՂԱԿԻ ԲԱՆԱԿՑԵԼՈՒ ՊԱՔՈՒԻ ՀԵՏ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչումը Արցախի առաջնահերթ խնդիրներէն մէկն է: Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակին առիթով «Նեզաւիսիմայա կազեթա» թերթին տրուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Արցախի անկախութեան չճանաչման ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՏԱՃԻԿԻՍՏԱՆ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Տաճիկիստան: Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի նախագահը Տուշանպէի մէջ պիտի մասնակցի 2-3 սեպտեմբերին տեղի ունեցող ԱՊՀ անդամ երկիրներու ... Շարն.
«ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ՆԵՐՇՆՉԱՆՔ» ԾՐԱԳԻՐԻ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ` ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍՈՎ ԵՒ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՈՒՄՈՎ
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս» մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարեց Հայաստանի մշակոյթի տուներու, արուեստներու եւ արհեստներու դպրոցներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած «Գարնանային ներշնչանք 2011» նախագիծին աւարտը: Ծրագիրին մասնակցեցան 3000 աշակերտներ եւ ուսուցիչներ` Հայաստանի մարզերը եւ Երեւանը ներկայացնող ... Շարն.
ՍՓԻՒՌՔԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉ ԿՈՄԻՏԷԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏ
Երէկ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովի կազմակերպիչ կոմիտէի հերթական նիստը: Նիստին կը մասնակցէին սփիւռքի համահայկական կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ ... Շարն.
ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱԽԱԶԸ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Հայաստանի զինուորական դատախազ, Հայաստանի ընդհանուր դատախազի տեղակալ Գէորգ Կոստանեանը եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան պետ Արմէն Յարութիւնեանը: Հանդիպումին, որուն ներկայ էր Արցախի ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԻՆ 1936-Ի ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐԸ
Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն համար պայքարին մէջ կարեւոր շրջադարձ արձանագրուած է: Թուրքիոյ կառավարութիւնը պաշտօնապէս հրապարակած է վաքըֆներու, այսինքն` կալուածներու մասին օրէնքի փոփոխութիւնը: Այսպիսով, երկրի փոքրամասնութիւններուն, որոնց շարքին հայերուն կը վերադարձուին 1936-էն ... Շարն.
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
30-31 օգոստոս Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական անձնակազմի եւ արտերկրի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն հանդիպումը: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ելոյթ ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԳԾՈՎ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԸ ՄՆԱՅ ՆՍՏԻԼ ԵՒ ԼՈՒՐՋ ՄՏԱԾԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԼԵՒՈՆ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգէն Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները հանելու փաստը կը շարունակէ քննարկման առարկայ մնալ: «Երկիր» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին քաղաքագէտ Լեւոն Շիրինեան յայտնեց, որ Թուրքիա իր քաղաքականութեան մէջ կը վերակողմնորոշուի եւ ... Շարն.
«ԵԹԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԽՆԴԻՐԸ ՇԱՏ ՄՕՏ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՉԼՈՒԾՈՒԻ, ԱՊԱ ԱՆԻԿԱ ՇԱՏ ԵՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿՈՎ ՊԻՏԻ ՅԵՏԱՁԳՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՊՐԱՅԶԱ
Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզա ազրպէյճանական «Զերքալօ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին համար առաջնահերթութիւն է: «Նուազ կարեւոր չէ ... Շարն.
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼԵԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Գերմանիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հռչակման 20-ամեակին առիթով Գերմանիոյ մէջ սեպտեմբերին նախատեսուող ձեռնարկներուն առնչութեամբ Պերլինին ներկայացուցած է բողոքագիր մը, որուն մէջ Գերմանիոյ կոչ ... Շարն.

