Category: Լիբանանեան
Պըրրի Կը Մերժէ Փոքր Ընտրաշրջանները, Իսկ Արսլան` 1960-ի Օրէնքը
Պըրրի` Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` ... Շարն.
Ռաատ Կոչ Կ՛ուղղէ 1960-ի Օրէնքին Հիման Վրայ Ընտրութիւններ Չկատարելու
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ երէկ կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւնները 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ չկատարելու: Ան ըսաւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը ... Շարն.
Ժոմպլաթ. «Սուրիոյ Տագնապը Հրահրող Բոլոր Կողմերը Կը Հրկիզեն Ու Կը Քանդեն Հալէպը»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած իր տեսակէտին մէջ գրեց, որ Հալէպը քանդուած է եւ հետզհետէ մոխիրի կը վերածուի, որովհետեւ Սուրիոյ տագնապը հրահրող բոլոր ... Շարն.
«Իբրեւ Քրիստոնեաներ Յանձնառու Ենք Արեւմուտքին Ծանօթացնել Իսլամական Կրօնին Ճշմարտութիւնը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ հովուապետական այցելութեամբ մը կը գտնուի Հունգարիա, երէկ Հունգարիոյ լիբանանեան դեսպանատան մէջ յայտնեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը մարդկային արժանիքներով հարուստ ժողովուրդ է եւ իբրեւ այդպիսին կարեւոր ... Շարն.
Անգարայի Մէջ Ժեմայէլ Կը Հաստատէ Քրիստոնեաներուն Նախանձախնդրութիւնը Միջին Արեւելքի Մէջ Փոփոխութեան Նկատմամբ
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Անգարայի մէջ գումարուող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին, հաստատեց, որ թէեւ «Արաբական գարուն»-ը մտահոգիչ է եւ երկարատեւ, սակայն անիկա խոստմնալից ... Շարն.
Շարպել. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կազմակերպումը Ժամանակի Կը Կարօտի»
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կազմակերպումը ժամանակի կը կարօտի` աւելցնելով, որ ինք անտեղի կը գտնէ կարգ մը երեսփոխաններու կողմէ իր կատարած յայտարարութիւնը քննադատելու քայլը: Շարպել ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ ցարդ ներկայացուած ընտրական բոլոր օրինագիծերը Թաէֆի համաձայնագիրին հետ հակադրութեան մէջ կը գտնուին: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրի մը համաձայն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով սուրիացի իր ... Շարն.
Զօր. Աուն Երկօրեայ Այցելութեամբ Մը Ուղղուեցաւ Ժիպէյլ
Զօր. Աուն Ժիպէյլի մէջ կ՛ողջունէ իր համակիրները Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն անցեալ շաբաթավերջին երկօրեայ այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Ժիպէյլ, ուր ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ Ազգային ազատ ... Շարն.
ԶՈՄ-ականներ Եւ ԼԵՄ-ականներ Ներկայ Գտնուեցան «Ֆեթիհ 1453» Ժապաւէնին Դէմ Կատարուած Ցոյցին
Շաբաթ, 29 սեպտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, կազմակերպութեամբ ուղղափառ Մաշրեք կուսակցութեան հիմնադիր խորհուրդին, Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ բազմամարդ ցոյց մը` առ ի բողոք լիբանանեան շարժապատկերի սրահներուն մէջ ցուցադրուելիք թրքական ... Շարն.
Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրներու Ներկայացուցիչները
Միքաթի` Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անցեալ շաբաթավերջին վերադարձաւ Լիբանան` աւարտելէ ետք Նիւ Եորք կատարած իր այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան տարբեր երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ հանդիպումներ ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Մեկնեցաւ Փերու
Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ մեկնեցաւ Փերու, ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ արաբական-լատինամերիկեան տնտեսական վեհաժողովին: Վեհաժողովը կը սկսի վաղը` մայրաքաղաք Լիմայի մէջ: Նախագահ Սլէյման ... Շարն.
Նիւ Եորքի Մէջ Մանսուր Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Տարբեր Երկիրներու Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ
Նախարար Ատնան Մանսուր - ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ: Մանսուր հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի ... Շարն.
Ռայի Պատրիարքը Վերահաստատեց 1960-ի Ընտրական Օրէնքին Իր Մերժումը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Հունգարիա: Նախքան իր մեկնումը, Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն յանգելու համար բոլորին շահերուն համապատասխանող ... Շարն.
Սայտայի Մար Եուսեֆ Եկեղեցին` Կրակոցի Թիրախ
Շաբաթ կէս գիշերին անծանօթ զինեալներ մուտք գործած են Սայտայի Պքասթա գիւղաքաղաքի Մար Եուսեֆ եկեղեցին եւ իրենց գնդացիրներով կրակ բացած են եկեղեցիին վրայ` հսկայ վնասներ պատճառելով անոր: Ներքին ապահովութեան ուժեր ուղղուեցան ... Շարն.
Լիբանանի Գեղեցկութեան Թագուհին` Ռինա Շիպանի
Շիպանի քոյրերը Զբօսաշրջութեան նախարարութեան հովանաւորած եւ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին կազմակերպած հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Ժունիէի «Փլաթէա» թատերասրահին մէջ, շաբաթ, 29 սեպտեմբերին Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհի ընտրուեցաւ Ռինա ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Պըրրի կը մերժէ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել եւ համաձայն է ներկայ ընտրական օրէնքին հիման վրայ կատարել ... Շարն.
«Պաապտայի Յայտարարութիւնը Կանխարգիլած Է Շրջանային Իրադարձութիւններուն Լիբանանի Մէջ Ունենալիք Հետեւանքները» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Նախագահ Սլէյման` Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպաններուն հետ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպանները` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան ... Շարն.
Պքերքէի Յանձնախումբը Անշեղ Կը Մնայ Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կայացնելու Կեցուածքէն
Յանձնախումբի նիստէն պահ մը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիաքը երէկ երեկոյեան Պքերքէի մէջ նախագահեց ընտրական օրինագիծ մը մշակելու նպատակով մարոնի համայնքի քաղաքական ուժերուն ընդարձակ հանդիպումին յառաջացուցած Պքերքէի յանձնախումբի նիստին: Նիստին ... Շարն.
Պըրրի. «Լիբանանի Ապագան Կը Գտնուի Անոր Բանակին Հզօրացման Մէջ»
Պըրրի` Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպաններուն հետ հանդիպման ընթացքին Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպանները, որոնց ներկայութեան մտավախութիւն յայտնեց Սուրիոյ տագնապին ... Շարն.
Սապունճեան Ընդունեց Դեսպան Քոչարեանը
Դեսպան Քոչարեան եւ նախարար Սապունճեան Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը եւ զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Քոչարեան ... Շարն.


