Category: Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 8, 2014

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը շարունակեց ռմբակոծել Արսալի բարձունքները եւ Ռաայանի հովիտը` թիրախ դարձնելով զինեալ խմբաւորումները, որոնց շարքերուն մէջ արձանագրուեցան երեք զոհեր: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց կառավարութեան ... Շարն.

Վերջին Ժամ.  Ժապհաթ Նուսրա Մահապատիժի Ենթարկեց Առեւանգուած Զինուորական Ալի Պազզալը

Վերջին Ժամ. Ժապհաթ Նուսրա Մահապատիժի Ենթարկեց Առեւանգուած Զինուորական Ալի Պազզալը

December 6, 2014

Երէկ կէս գիշերուան տուեալներով, Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումը իրականացուց մահապատիժը առեւանգուած զինուորական Ալի Պազզալի նկատմամբ` զգուշացնելով բանակին, որ եթէ իր մօտ գտնուող երկու կին բանտարկեալները անմիջապէս ազատ չ՛արձակէ, ապա մահապատիժի պիտի ... Շարն.

Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակներուն Տագնապը Աւարտեցաւ

Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակներուն Տագնապը Աւարտեցաւ

December 6, 2014

Հայեք, Շեհայէպ եւ Նազարեան Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները երէկ վերջ տուին ընկերութեան կեդրոնական շէնքին մէջ իրենց սկսած նստացոյցին, որ տեւած էր 125 օր: Սարակները մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեցին, որ նկատի ... Շարն.

Ապահովական Նիստ` Նախագահութեամբ Վարչապետ Սալամի

Ապահովական Նիստ` Նախագահութեամբ Վարչապետ Սալամի

December 6, 2014

Ապահովական նիստէն պահ մը Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ապահովական ընդարձակ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, առողջապահութեան նախարար ... Շարն.

Պէյրութի Մէջ .  «Պիտի Շարունակենք Օժանդակել Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան»  Շեշտեց Մ. Պոկտանով

Պէյրութի Մէջ . «Պիտի Շարունակենք Օժանդակել Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան» Շեշտեց Մ. Պոկտանով

December 6, 2014

Պոկտանով եւ Սալամ Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Միխայէլ Պոկտանով, որ նախանցեալ երեկոյեան ժամանած էր Պէյրութ, երէկ առաւօտեան ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր ընդունուեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ... Շարն.

Ապու Ֆաուր Ներքին Գործոց Նախարարութենէն Պահանջեց Փակել Պեքաայի Քֆարզապատ Ագարակը

Ապու Ֆաուր Ներքին Գործոց Նախարարութենէն Պահանջեց Փակել Պեքաայի Քֆարզապատ Ագարակը

December 6, 2014

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքէն պահանջեց փակել Պեքաայի Քֆարզապատ ագարակը, որուն մէջ սատկած կովեր կը մորթուին: Ապու Ֆաուր պահանջեց փակել նաեւ Տէյր Զնունի մէջ ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 6, 2014

ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի տնօրէն Ժան Ֆրանսուա Ժիրօ շաբաթասկիզբին պիտի այցելէ Պէյրութ, ուր պիտի քննարկէ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ նախագահական ընտրութենէն առաջ ... Շարն.

«Ահաբեկչութեան Դէմ Յայտարարուած Պատերազմը Կրնայ Արիւնալի Ըլլալ, Իսկ Մենք Զօրաւոր Ենք Եւ Ոչ Թէ Տկար»  Շեշտեց Զօր. Քահուաժի

«Ահաբեկչութեան Դէմ Յայտարարուած Պատերազմը Կրնայ Արիւնալի Ըլլալ, Իսկ Մենք Զօրաւոր Ենք Եւ Ոչ Թէ Տկար» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի

December 5, 2014

Առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակման բանակցութիւնները վարող քաթարցի պատուիրակը` Ահմետ Խաթիպ ժամանեց Պէյրութ: Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի յայտնեց, որ ահաբեկչութեան եւ ահաբեկիչներուն միջեւ սկսած պայքարը բաց պատերազմ է, որ ... Շարն.

Կառավարութեան Նիստէն Ետք .  «Առեւանգուած Բանակայիններուն Ազատ Արձակման Ջանքերը Կը Շարունակուին, Սակայն Այդ Թղթածրարը Բաւական Բարդ Է»  Ըսաւ Ռ. Ժրէյժ

Կառավարութեան Նիստէն Ետք . «Առեւանգուած Բանակայիններուն Ազատ Արձակման Ջանքերը Կը Շարունակուին, Սակայն Այդ Թղթածրարը Բաւական Բարդ Է» Ըսաւ Ռ. Ժրէյժ

December 5, 2014

Կառավարութեան նիստէն պահ մը Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ տեղեկատուութեան մարզին կողմէ տեղեկութիւններ սպրդեցնելու ... Շարն.

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Նախագահական Ընտրութեան Նիստի Մը

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Նախագահական Ընտրութեան Նիստի Մը

December 5, 2014

Փլամպլի եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին: Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն ... Շարն.

Ռընէ Մուաուատի Նահատակութեան 25-Ամեակի Նշում

Ռընէ Մուաուատի Նահատակութեան 25-Ամեակի Նշում

December 5, 2014

Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ռընէ Մուաուատի նահատակութեան 25-ամեակին առիթով երէկ Սահել Ալմայի «Փլաթէա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` «Միայն Լիբանանը կրնայ մեզի փրկել» կարգախօսին ներքեւ: Ներկայ գտնուեցան նահատակ նախագահին կինը` ... Շարն.

Ասիրի. «Ռիատ Մուսթաքպալի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Կատարուելիք Երկխօսութիւնը Դրական Կը Գնահատէ»

Ասիրի. «Ռիատ Մուսթաքպալի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Կատարուելիք Երկխօսութիւնը Դրական Կը Գնահատէ»

December 5, 2014

Ալի Աուատ Ասիրի Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ Ռիատ Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Հըզպալլայի միջեւ կատարուելիք երկխօսութիւնը դրական կը գնահատէ եւ կը մաղթէ, որ երկխօսութիւնը կատարուի ... Շարն.

Մաշնուք. «Առեւանգուած Բանակայիններուն Ազատ Արձակումը Կրնայ Մօտալուտ Չըլլալ»

Մաշնուք. «Առեւանգուած Բանակայիններուն Ազատ Արձակումը Կրնայ Մօտալուտ Չըլլալ»

December 5, 2014

Նուհատ Մաշնուք Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին առումով բանակցութիւնները կը կատարէ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, ինչպէս նաեւ կան շարք մը այլ բանակցութիւններ, ... Շարն.

Ազհարի Մէջ .  Միւֆթի Տըրիան Կը Հաստատէ Շրջանի Արաբներուն Եւ Իսլամներուն Գոյութիւնը Երաշխաւորելու Եգիպտոսի Դերակատարութիւնը

Ազհարի Մէջ . Միւֆթի Տըրիան Կը Հաստատէ Շրջանի Արաբներուն Եւ Իսլամներուն Գոյութիւնը Երաշխաւորելու Եգիպտոսի Դերակատարութիւնը

December 5, 2014

Թայիպ եւ Տըրիան Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Ազհարի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ազհարի գերագոյն իմամ շէյխ Ահմետ Թայիպի հետ: Հանդիպումին ընթացքին միւֆթի Տըրիան ընդգծեց շրջանին մէջ արաբներուն եւ ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 5, 2014

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի չափաւորական ճառերը բոլորին ողջոյնին եւ համակրանքին արժանի են: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի կատարած շրջապտոյտներն ու ... Շարն.

Նահատակուած Բանակայինները Յանձնուեցան Հողին

Նահատակուած Բանակայինները Յանձնուեցան Հողին

December 4, 2014

Լիբանան երէկ հողին յանձնեց Ռաս Պաալպեքի մէջ յարձակումի ենթարկուած իր վեց բանակայինները: Հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի գիւղաքաղաքները զարդարուեցան սպիտակ ժապաւէններով` հարսանիքի համազօր յուղարկաւորութեան արարողութիւններով վերջին հրաժեշտը տալու ահաբեկչութեան թիրախ դարձած ... Շարն.

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Զօրակցելու Բանակին

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Զօրակցելու Բանակին

December 4, 2014

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն զօրակցելու բանակին` ահաբեկչութեան դէմ մղած անոր պատերազմին առնչութեամբ: Ան ... Շարն.

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Դատապարտեց Սահմանադրութեան Դէմ Գործուած Օրինազանցութիւնը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Դատապարտեց Սահմանադրութեան Դէմ Գործուած Օրինազանցութիւնը

December 4, 2014

Եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստէն մաս մը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ բարձր գնահատուեցաւ Ռայի պատրիարքին Աւստրալիա կատարած հովուապետական այցելութիւնը` ... Շարն.

Ղանեմ. «Ընտրական Օրէնքին Գծով Մուսթաքպալի, Լիբանանեան Ուժերու Եւ Պըրրիի Առաջարկներուն Միջեւ Մեծ Տարբերութիւններ Չկան»

Ղանեմ. «Ընտրական Օրէնքին Գծով Մուսթաքպալի, Լիբանանեան Ուժերու Եւ Պըրրիի Առաջարկներուն Միջեւ Մեծ Տարբերութիւններ Չկան»

December 4, 2014

Ենթայանձնախումբի նիստէն պահ մը Ընտրական օրինագիծի մշակման խորհրդարանական յատուկ ենթայանձնախումբը երէկ խորհրդարանին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի: Նիստին ներկայ գտնուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ ... Շարն.

Պոկտանով Այսօր Երեկոյեան Պիտի Ժամանէ Լիբանան

Պոկտանով Այսօր Երեկոյեան Պիտի Ժամանէ Լիբանան

December 4, 2014

Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Միխայէլ Պոկտանով այսօր երեկոյեան պիտի ժամանէ Պէյրութ: Լիբանան կատարած իր այս պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Պոկտանով հանդիպումներ պիտի ունենայ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն, ներկայ եւ ... Շարն.