Category: Միջազգային
Գահիրէ Թուրքիոյ, Իրանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Մասնակցութեամբ Շրջանային Ժողով Մը Կ՛առաջարկէ. «Այն Ինչ Որ Սուրիոյ Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ Միայն Անոր Դէմ Ուղղուած Չէ, Այլեւ Ամբողջ Շրջանին Դէմ» Ըսաւ Ասատ
Պորուժերտի եւ նախագահ Ասատ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Իրանի ազգային ապահովութեան յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուժերտիի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ «այն ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ միայն ... Շարն.
Թեհրանի Մէջ Ընթացք Առաւ Ոչ Յանձնառու Երկիրներու Շարժումին Վեհաժողովը
Ալի Աքպար Սալեհի Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ երէկ ընթացք առաւ Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումին վեհաժողովը, որ թիւով 16-րդն է եւ պիտի տեւէ վեց օր: Ռուսական «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ... Շարն.
Յունաստանի Վարչապետը Հոլլանտէն Եւս Յաւելեալ Ժամանակ Խնդրած Է
Անթոնիս Սամարաս Յունաստանի վարչապետ Անթոնիս Սամարաս Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղած է հակաճգնաժամային բարեփոխումներ կատարելու համար Յունաստանին աւելի երկար ժամանակ տալ: Նախապէս Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի ... Շարն.
Ռումանիան Գաղթականներու Համար Արգելակ Գօտիի Վերածելու Առաջարկ
«Եուրոմակ» կը գրէ, որ Հոլանտայի ազգայնականները կ՛առաջարկեն Ռումանիան վերածել արգելակ գօտիի այն մարդոց համար, որոնք կը սպասեն Եւրոպական Միութեան անդամ այլ երկիրներու մէջ ապաստանի տրամադրման վերաբերեալ որոշումին: Առաջարկին հեղինակն է ... Շարն.
Լիպիոյ Մէջ Միջցեղային Բախումներու Պատճառով 12 Զոհ Արձանագրուած Է
«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը` յղում կատարելով տեղւոյն իրաւապահ մարմիններու անդամ իր աղբիւրին, կը հաղորդէ, որ Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիէն 145 քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք, գտնուող Զլիտան քաղաքին մէջ լաւապէս զինուած երկու ցեղախումբերու միջեւ տեղի ... Շարն.
Իրան Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Ծրագիր Մը Պիտի Առաջարկէ
Ալի Աքպար Սալեհի Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի իրանեան պատկերասփիւռի կայանի մը հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իրան Թեհրանի մէջ յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի ... Շարն.
Ըստ «Մաարիւ»-ի Իրան Սուրիական Վարչակարգին Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Վերջինս Հըզպալլային Քիմիական Զէնքեր Փոխանցէ
Քիմիական զէնքեր Ըստ իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին, ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները վերջերս նոր տեղեկութիւններ ստացած են, թէ «Իրան Պաշշար Ասատի վարչակարգին վրայ իր ճնշումները բարձրացուցած է, որպէսզի վերջինս իր մօտ գտնուող քիմիական ... Շարն.
«Ամերիկային Արտօնեցինք Իր Բանակի Զրահապատ Մեքենաները Մեր Հողերուն Ճամբով Աֆղանիստանէն Դուրս Բերելու» Կ՛ըսէ Ռոկոզին
Տմիթրի Ռոկոզին Ռուսական «Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզին յայտնած է, թէ «Ռուսիա Միացեալ Նահանգներուն արտօնեց իր հողերուն ճամբով ամերիկեան բանակի զրահապատ մեքենաները Աֆղանիստանէն դուրս բերելու»: ... Շարն.
Թուրքիայէն Դէպի Չինաստան Կառուցուելիք Փոխադրամիջոցի Ցանցը Վրաստանէն Եւ Ազրպէյճանէն Պիտի Անցնի
«Վրեմիա օնլայն» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թրքալեզու երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի երկրորդ վեհաժողովին ընթացքին որոշուած է կառուցել Թուրքիայէն դէպի Չինաստան տանող փոխադրամիջոցի ցանց մը, որ պիտի անցնի Վրաստանէն, Ազրպէյճանէն եւ Ղազախստանէն: ... Շարն.
Ֆրանսա Եւրոպական Միութեան Վեհաժողովի Ընթացքին Գնչուներու Հարցը Պիտի Արծարծէ
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով «Եուրաքթիւ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը մտադիր է գնչուներու ընկերատնտեսական համարկման հարցը կառոյցի հերթական վեհաժողովի օրակարգին վրայ ներառելու համար դիմել Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը ստանձնած ... Շարն.
Թուրք-Քրտական Զինեալ Բախում Մը 21 Զոհ Կը Պատճառէ
Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Հաքքարի նահանգի Շեմտինլի շրջանին մէջ թուրքերու եւ քիւրտերու միջեւ հերթական բախում մը տեղի ունեցած է` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Ըստ թրքական «Տողան» լրատու գործակալութեան, Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ... Շարն.
Իրաք Սուրիոյ Կացութեան Շրջանային Միջամտութեանց Չի Զօրակցիր. Միացեալ Նահանգներ Եւ Բրիտանիա Ասատը Կը Զգուշացնեն Իր Ժողովուրդին Դէմ Քիմիական Զէնք Օգտագործելէ
Հոշիար Զիպարի Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը զգուշացուցին ըսելով, որ իր ժողովուրդին կամ ընդդիմադիր ուժերուն դէմ քիմիական զէնքերու օգտագործումը կամ ... Շարն.
Տեւլեթ Պահչելի Կրկնեց Իր Առաջարկը. «Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Կառավարութիւնը Թրքական Դրօշակ Պէտք Է Պարզէ Կորդուաց Լերան Վրայ»
Տեւլեթ Պահչելի «Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ազգային շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլեթ Պահչելի հինգշաբթի օր իր ճառախօսութեան մէջ պահանջեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քաջութիւնը ունենայ թրքական դրօշակ պարզելու ... Շարն.
Քի Մուն Իրան Պիտի Այցելէ` Հակառակ Իսրայէլի Եւ Միացեալ Նահանգներու Առարկութիւններուն
Պան Քի Մուն «Նիւ Եորք Թայմզ» կը գրէ, որ «Իրանը մեկուսացնելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի գլխաւորութեամբ թափուող ջանքերը ձախողութիւն ունեցան, երբ ՄԱԿ յայտարարեց, որ ընդհանուր քարտուղարը պիտի միանայ Ոչ ... Շարն.
Յունաստանի Վարչապետը Նոր Վարկերէն Հրաժարած Է
Անթոնիս Սամարաս «Վեսթի Ֆայնենս» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի իշխանութիւնները պաշտօնապէս իրենց «ուսերը թօթուած» են` խոստովանելով, որ անկարող են սահմանուած ժամկէտերուն մէջ իրականացնել ստանձնուած տնտեսական պարտաւորութիւնները: Յունաստանի վարչապետ Անթոնիս Սամարաս այդպիսի ... Շարն.
Ասորիներու Դպրոց Բանալու Խնդրանքը Մերժուեցաւ
«Մարմարա» կը գրէ, որ ասորիները Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան դիմում ներկայացուցին, որպէսզի իրենց արտօնուի բանալ մանկապարտէզ մը, ուր պիտի կարենան իրենց մանուկներուն սորվեցնել ասորերէնը, բայց անոնց դիմումը մերժուեցաւ: Կրթութեան նախարարութիւնը պատասխանեց, ... Շարն.
Այսօր Սուրիոյ Հարցով Թուրք-Ամերիկեան Աշխատանքային Խմբակը Կը Գումարէ Իր Առաջին Ժողովը
Սուրիոյ հարցով թուրք-ամերիկեան աշխատանքային խմբակը այսօր Անգարայի մէջ իր առաջին ժողովը պիտի գումարէ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերով տեղակալ Էլիզապեթ Ճոնսընի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն ... Շարն.
Ըստ Հարցախոյզի Մը Օպամայի Եւ Ռոմնիի Քուէները Իրարու Մօտ Են
Նոյեմբերին նախատեսուած Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան շուրջ կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ գործող նախագահ Պարաք Օպամայի եւ անոր հանրապետական մրցակից Միթ Ռոմնիի քուէները իրարու մօտ են: «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու ... Շարն.
«Եգիպտական Հրասայլերու Սինայի Մէջ Տեղակայումը Խաղաղութեան Համաձայնութեան Բացայայտ Խախտում Մըն Է» Կ՛ըսէ Լիպըրման
Աւիկտոր Լիպըրման Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Սինայի մէջ եգիպտական հրասայլերու տեղակայումը նկատած է «Քեմփ Տէյվիտի խաղաղութեան համաձայնութեան բացայայտ խախտում մը»` Թել Աւիւին կոչ ուղղելով «եգիպտական կողմին Իսրայէլի սահմանին ... Շարն.
Եգիպտոս Կը Մերժէ Իր Հարցերուն Միջամտութիւնը
Եգիպտոսի նախագահական բանբեր Ալի Եասեր յայտնեց, որ «կարեւոր է, որ Ոչ յանձնառու երկիրներու վեհաժողովին մասնակից բոլոր կողմերը ՄԱԿ-ի որոշումներու գործադրութեան, հիւլէական ու հաւաքական քանդումի զէնքերու տարածման սահմանափակման համաձայնութեան կարեւորութեան շուրջ ... Շարն.

