Category: Միջազգային
ՔԱԿ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԻՐԱՆԻՆ. ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ԶՕՐՔԵՐ ԿԸ ԿՈՒՏԱԿԷ
Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական բանակը Իրանի հետ սահմանին վրայ մասնայատուկ ուժեր տեղակայած է: Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ թրքական ուժերու շարժումները կապուած են իրանեան բանակին կողմէ ... Շարն.
ԸՍՏ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԹԻՖԼԻՍԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄՆԵՐԸ ՌՈՒՍԻԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ Է
Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը գրէ, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւններուն կարծիքով, անցեալ տարուան աշնան Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած պայթումներուն ետին կանգնած է ռուսական գաղտնի սպասարկութիւնը: Օրաթերթը այս տեղեկութիւնը ստացած ... Շարն.
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՕՍԵԹԻԱ Կ՛ՈՒԶԷ ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԵՏ ԴԱՇՆԱԿՑԱՅԻՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵԼ
Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Էտուարտ Քոքոյթի ճափոնական «Մայնիթի» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հարաւային Օսեթիա մտադիր է Ռուսիոյ հետ դաշնակցային պետութիւն ստեղծել: «Մենք կը կառուցենք անկախ պետութիւն մը, ... Շարն.
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ոստիկանութիւնը դադրեցուցած է փնտռտուքի աշխատանքները Ութոյա կղզիին վրայ, ուր անցեալ ուրբաթ օր Անտերս Պրիվիք 68 անձ սպաննած էր: Կ՛ենթադրուի, որ Պրիվիքի դատավարութիւնը սկսի յաջորդ տարուան ընթացքին: ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան նախագահութիւնը ... Շարն.
ԿԻՊՐՈՍԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ ՏՈՒԱՒ
Կիպրոսի Հանրապետութեան նախարարաց խորհուրդը երէկ հրաժարական տուած է ամբողջ կազմով: Ատիկա տեղի ունեցած է կառավարութեան արտահերթ նիստին ժամանակ, զոր հրաւիրած է երկրի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս: Ան խնդրած էր, որ կառավարութեան ... Շարն.
ԸՍՏ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՍԱՏ ԱՆԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԱԶԴԱԿԻ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ ԵՒ ԻՐ ՕՐԻՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԱԾ Է
Միացեալ Նահանգներ յայտնեցին, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ մէջ «անկայունութեան» ազդակի վերածուած է, եւ երկրորդ անգամ ըլլալով նշեցին, որ ան «իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ Ս. ՓԻԼԻՊՊՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ Է
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ 32 տարիէ ի վեր հնագիտական պեղումները գլխաւորող իտալացի հնագէտ Ֆրանչեսքօ տ՛Անտրիա յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ յայտնաբերուած է Քրիստոսի 12 առաքեալներէն Ս. Փիլիպպոսի գերեզմանը: Նշելով, ... Շարն.
ՊԵԼՃԻՔԱՅԻ ՄԷՋ ՄԶԿԻԹԻ ՄԸ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴՐՕՇԸ ՊԱՏՌՏԱԾ ԵՆ
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Պելճիքայի մէջ թրքական Ալատտին մզկիթի ներկայացուցիչ Մոհամետ Քարաօսման յայտնած է, որ անծանօթ անձ մը կամ անձեր կանխամտածուած կերպով յարձակում գործած են մզկիթին դէմ եւ Պելճիքայի ... Շարն.
ԷՐՏՈՂԱՆ ԿԸ ՊՆԴԷ, ՈՐ ԻՍՐԱՅԷԼ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ՆԵՐՈՒՄ ՊԷՏՔ Է ՀԱՅՑԷ
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը վերահաստատէ, որ եթէ Իսրայէլ «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ իր կատարած յարձակումին համար Թուրքիայէն ներում չհայցէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց ... Շարն.
ԹՐՔԱԿԱՆ ՀՐԱՍԱՅԼԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ ԻՐԱՆ. ՔԻՒՐՏԻՐԱՆԵԱՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԻՐԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ԲԱՐՁՐԱՑԱԾ Է 255-Ի
Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) իրանեան թեւին` Քրտական ազատ կեանք կուսակցութեան (ՔԱԿԿ) եւ իրանեան բանակին միջեւ տասը օրէ ի վեր շարունակուող բախումներուն պատճառով 255 ... Շարն.
ՆՈՐՎԵԿԻԱ. ՈՒԹՈՅԱ ԿՂԶԻԻՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՇԱՐՔԻՆ Է ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ԳԱՀԱԺԱՌԱՆԳԻ ԿՆՈՋ ԽՈՐԹ ԵՂԲԱՅՐԸ
Նորվեկիոյ թագաւորական պալատի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ութոյա կղզիին վրայ կատարուած ոճրային յարձակումին ընթացքին զոհուած է նաեւ Նորվեկիոյ գահաժառանգ արքայազն Հոքոնի կնոջ խորթ եղբայրը: 51ամեայ Թրոնտ Պեռնթսեն երիտասարդական ճամբարի ... Շարն.
ՕՊԱՄԱ ԵՒ ՔՈՆԿՐԵՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԵԼՈՅԹՈՎ ԴԻՄԱԾ ԵՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոն Պէյնըր երկրին սպառնացող պետական պարտքերու չվճարման վտանգի հարցին առնչութեամբ պատկերասփռուած արտակարգ ուղերձով մը դիմած են ժողովուրդին: Պետական պարտքի առաստաղը եթէ ... Շարն.
ՊԱՔՈՒ ԱՌԱՅԺՄ ԿԸ ԲԱՑԱՌԷ ԹՈՒՐՔԻԱ-ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԱՊՐԱՆՔԻ ԱԶԱՏ ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
Ազրպէյճանի տնտեսական զարգացման նախարար Շահին Մուսթաֆայեւ թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ յառաջիկային Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ապրանքի ազատ շրջանառութիւնը բացառուած է: Նշելով, որ Պաքու ... Շարն.
ՄԱՐՈՔԻ ՄԷՋ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒ ՄԸ ՋԱԽՋԱԽՈՒԵՑԱՒ
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով մարոքեան իշխանութիւնները, կը հաղորդէ, որ Հարաւային Մարոքի մէջ «Լոքհիտ Սի-130 Հերքուլզ» տիպի զինուորական օդանաւի ջախջախման պատճառով 78 զոհ արձանագրուեցաւ: Օդանաւը բախած է Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթէն 700 ... Շարն.
ՕՍԼՕ. ՅԱՆՑԱԳՈՐԾԻՆ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԴՌՆՓԱԿ
Օսլոյի դատարանին որոշումով, Նորվեկիոյ զոյգ յարձակումները գործած գլխաւոր կասկածելիին` Անտերս Պեհրինկ Պրիվիքին դատավարութիւնը առաջին ունկնդրութիւնները կատարուեցան դռնփակ` առիթ չտալով յանցագործին, որ իր հակաիսլամական գաղափարներով վարակէ հանրութիւնը: Դատավարութեան առաջին ունկնդրութիւններուն աւարտին ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՊԱՍՏԱՆԱԾ ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾ ՄԱՍԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱԾ ԵՆ ԻՐԵՆՑ ՏՈՒՆԵՐԸ
Թուրքիոյ վարչապետարանի աղէտներու շտապ լուծման մարմինին (Էյ. Էֆ. Էյ. Տի.) պաշտօնական կայքէջին վրայ հրապարակուած տեղեկագիրին համաձայն, վերջին ամիսներուն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող բախումներէն փախչող հազարաւոր սուրիացի քաղաքացիներուն մեծ մասը վերադարձած ... Շարն.
ՆՈՐՎԵԿԻԱՆ ՀԱԿԱԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽ. ԶՈՅԳ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ՀԱՍԱՒ 93-Ի
Մինչ հազարաւոր նորվեկիացիներ երէկ Օսլոյի Մայր տաճարին մէջ հոգեհանգստեան պատարագ մատուցեցին Նորվեկիոյ զոյգ յարձակումներուն զոհուած 93 զոհերուն յիշատակին, շաբաթավերջին ի յայտ եկան դէպքին դրդապատճառները մասամբ բացայայտող մանրամասնութիւններ: Պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, ... Շարն.
ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՉՄԵԿՈՒՍԱՑՆԵԼՈՒ ՊԻԵԼՈՌՈՒՍԻԱՆ
Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի համաձայն, պիելոռուսական վարչաձեւը պակաս ժողովրդավար է, քան Ռուսիայինը, եւ Եւրոպական Միութեան առաջնորդներուն կոչ կ’ուղղէ զերծ մնալ Մինսքը մեկուսացման ենթարկելէն: Եւրոպական Միութեան երկիրները 2010-ի վերջաւորութեան Պիելոռուսիոյ մէջ ... Շարն.
ԼԻՊԸՐՄԱՆ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՐԲԱԳՐՈՒՄԸ` Ի ՎՆԱՍ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՇԱՀԵՐՈՒՆ
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու սրբագրութիւնը պէտք չէ ըլլայ Իսրայէլի շահերուն հաշուոյն: Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթի կայքէջին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Լիպըրման ... Շարն.
ԿԱԶԱՅԻ ՄԷ՞Ջ ԱԼ ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ
Թուրքիոյ մէջ գործող Գործակցութեան եւ բարգաւաճման թրքական հիմնարկ կազմակերպութեան տնօրէնութիւնը (ԹԻՔԱ) երէկ յայտնեց, որ կը ծրագրէ Կազայի մէջ հիմնել հիւանդանոց մը` գործակցութեամբ եգիպտական եւ պաղեստինեան իշխանութիւններուն: ԹԻՔԱ-ի պատասխանատուներէն մէկը նշեց, ... Շարն.

