Category: Միջազգային
ԹՈՒՐՔԻԱ, ԻՐԱՆ, ՍՈՒՐԻԱ ԵՒ ԻՐԱՔ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՆՑԱԳԻՐ Կ՛ՈՐԴԵԳՐԵՆ
Իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա, Իրան, Սուրիա եւ Իրաք համաձայնեցան չորս երկիրներու համար ի զօրու եղող անցագիր որդեգրելով զբօսաշրջութիւնը դիւրացնել: Իրանի փոխնախագահ Ալի Աղամոհամատի յայտնած է, որ ... Շարն.
ԷՊԱՏԱՀԱԿԱ՞Ն, ԹԷ՞ ԴԻՏՈՒՄՆԱՒՈՐ ՔԱՅԼ
«Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 27 յունուարէն 6 փետրուար Թուրքիոյ Էրզրում քաղաքին մէջ տեղի ունեցած են Համաշխարհային ուսանողական 25-րդ ձմեռնային խաղերը, որոնց բացման եւ փակման արարողութիւններուն ընթացքին, ըստ թրքական ... Շարն.
ՈՒԿԱՆՏԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՈՐՈՇԱԾ Է ՈՒՏԵԼ ԻՐ ԸՆԴԴԻՄԱԽՕՍԸ
Դարձեալ Ուկանտայի նախագահ վերընտրուած Իովերի Քակութա Մուսնենի որոշած է ուտել իր գլխաւոր քաղաքական ընդդիմախօս Քիզզա Պեսիճէն: Մեկնաբանելով նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերող Պեսիճէի քննադատութիւնը` Մուսնենի յայտարարած է. «Մենք զինք պիտի բռնենք ... Շարն.
«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԷՐԿԵՆԵՔՈՆԻ ՀԱՐՑԸ Կ՛ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԻ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ ԼՌԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ» ԿԸ ԳՐԷ «ԹԱՅՄԶ»
«Թայմզ» պարբերաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած ձերբակալութիւնները կարծես կը վկայեն, թէ այդ երկրին մէջ Էրկենեքոնի գործը ընդդիմութիւնն ու ընդդիմադիր լրատուամիջոցները լռեցնելու իբրեւ գործիք կ՛օգտագործուի: «Երբ ... Շարն.
ԴԷՊԻ ԹՐԻՓՈԼԻ ՅԱՌԱՋԱՑՈՂ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՀԱՄԱԿԻՐ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԲՈՒՌՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ
Մինչ Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերու պատերազմական ուղղաթիռներ կրակ բացին դէպի մայրաքաղաք յառաջացող ըմբոստներու ուժի մը վրայ, Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերը բուռն բախումներ ունեցան այդ ուժերուն հետ: Ընդդիմադիր ուժերը Արեւելեան Լիպիայէն դուրս գալով` ... Շարն.
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔՆԵՐԸ Կ՛ԱՐԳԻԼՈՒԻՆ
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը արգիլած է երկրի տարածքին հանրահաւաքներու կայացումը: Սէուտական Արաբիոյ պատկերասփիւռի կայանին ճամբով հաղորդուած է, որ զանգուածային ընդդիմադիր հաւաքները, անկախ իրենց ... Շարն.
ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԷՋ ՇԻԻ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ԿԸ ՊԱՇԱՐԵՆ
Մինչ Պահրէյնի մէջ բարեփոխումներ պահանջող արշաւը իր երրորդ շաբաթը մուտք կը գործէ, հազարաւոր շիի ցուցարարներ երէկ փակեցին երկրին վարչապետին գրասենեակը, սակայն ձախողեցան արգելք հանդիսանալ այդտեղ գումարուող կառավարական ժողովի մը: Ցուցարարները ... Շարն.
ԵՄԷՆԵԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՑՈՅՑԵՐԸ ԱՇԽՈՒԺԱՑՆԵԼ
Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ տարուան վերջաւորութեան հրաժարիլ մերժելէն ետք, Եմէնի ընդդիմադիր շարժումը երէկ խոստացաւ վարչակարգին դէմ բողոքի ցոյցերը աշխուժացնել: Միացեալ Նահանգներ եւ Բրիտանիա իրենց քաղաքացիները զգուշացուցին Եմէն այցելելէ, իսկ ... Շարն.
ՕՊԱՄԱ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՄԵԾ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ ԿԸ ՏԵՍՆԷ
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նահագահ Պարաք Օպամայի կարծիքով, արաբական աշխարհի իրադարձութիւնները մեծամասնութեամբ կարելի դարձան նոր արհեստագիտութեան զարգացման շնորհիւ` նկատի ունենալով հակակառավարական բողոքի հաւաքներուն մասնակիցներուն կողմէ ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԵՐԺԱԾ Է ԻՐԱՆՑԻՆԵՐԸ ԼԻՊԻԱՅԷՆ ՀԵՌԱՑՆԵԼ
Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը` վկայակոչելով իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ թրքական նաւերը մերժած են իրանցիները Լիպիայէն հեռացնել: Թրքական նաւերը Թուրքիոյ քաղաքացիներու հետ միատեղ Լիպիայէն կը հեռացնեն նաեւ այլ պետութիւններու ... Շարն.

