Category: Միջազգային
«Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամակցելու Համաձայնագիրը Գրեթէ Պատրաստ Է» Կ՛ըսէ Խըրխըզիստանի Վարչապետը
Ճոմարթ Օթորպայեւ «Vz. ru» կայքը կը հաղորդէ, որ Խըրխըզիստանի վարչապետ Ճոմարթ Օթորպայեւ յայտնած է, որ իր երկիրը գրեթէ աւարտած է Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու մասին համաձայնագիրի պատրաստութեան աշխատանքները: Խըրխըզիստանի` Մաքսային ... Շարն.
Ֆրանսա Ողջակիզումէն Վերապրածներուն 60 Միլիոն Տոլար Պիտի Վճարէ
«Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթընի մէջ ֆրանսական դեսպանատան ներկայացուցիչ Առնօ Կիյուա յայտարարած է, որ երկուշաբթի օր ֆրանսական իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ ստորագրած են համաձայնագիր մը` Ողջակիզումէն վերապրած մարդոց 60 միլիոն ... Շարն.
«Ռուսական Երկաթուղիներ»-ը Կը Դադրեցնէ Գնացքներու Հաղորդակցութիւնը Ազրպէյճանի Եւ ԱՊՀ Այլ Երկիրներու Հետ
«Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան «Դաշնակցային ուղեւորատար ընկերութիւն» դուստր կազմակերպութիւնը 14 դեկտեմբեր 2014-էն կը դադրեցնէ Ազրպէյճանի, Ղազախստանի, Տաճիկիստանի եւ Ուքրանիոյ սպասարկումը: Պաշտօնապէս այս որոշումը կը բացատրուի «այս երկաթուղիներով ... Շարն.
Մոալլեմ Եւ Զարիֆ Կը Դատապարտեն Իսրայէլեան Օդային Հարուածները
Սուրիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Ուալիտ Մոալլեմ եւ Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ երէկ Թեհրանի մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին դատապարտեցին Դամասկոսի մօտ Իսրայէլի կատարած օդային հարուածները` զանոնք նկատելով ... Շարն.
«Կռիւի Սառեցումը Միայն Հալէպով Պիտի Չսահմանափակուի Եւ Տարբեր Տարազներով Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Տը Միսթուրայի Տեղակալը
Ռամզի Իզէտտին Ռամզի Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի տեղակալ դեսպան Ռամզի Իզզէտտին Ռամզի յայտնեց, որ սուրիական ճգնաժամի լուծումը շրջանին մէջ բազմաթիւ ճգնաժամերուն, նախ եւ առաջ միջյարանուանական կռիւներուն ... Շարն.
«Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Են Իրանի Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ Արդիւնքի Հասնիլ 3-4 Ամիսէն» Կ՛ըսէ Քերրի
Ճոն Քերրի «Քորրեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած է, որ իր երկիրը չի պատրաստուիր Իրանի հետ բանակցութիւններ վարելու երկար ժամանակ եւ յոյս ունի հիւլէական ... Շարն.
Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը Արգելք Չի Տեսներ, Որ Իրան Իրաքի Մէջ Օդային Հարուածներ Հասցնէ
Իպրահիմ Ժաաֆարի Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Մուսուլի ճակատամարտը մօտ է, եւ ատիկա շաբաթներու հարց է»: «Արգելք չկայ, որ Իրան ... Շարն.
Միջազգային Կարճ Լուրեր
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ահաբեկչութեան առնչուած հարցերով ձերբակալած է 135 ամբաստանեալներ, որոնց շարքին` 26 օտարահպատակներ` լիբանանցի մը, 16 սուրիացիներ, 3 եմէնցիներ, եգիպտացի մը, պահրէյնցի մը եւ իրաքցի ... Շարն.
Տաւութօղլու. «Թուրքիա Կիպրոսի Մօտ Ծովուն Մէջ Գտնուող Ուժանիւթի Պաշարներէն Բաժին Կ՛ուզէ»
Տաւութօղլու եւ Սամարաս Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ իր երկիրը Կիպրոսի մօտ ծովուն բացը գտնուող ուժանիւթի պաշարներէն բաժին կ՛ուզէ: Այդ հարցը Նիկոսիոյ եւ Աթէնքի հետ լարուածութիւն ստեղծած էր: Տաւութօղլու ... Շարն.
Օրհան Փամուք Քննադատած Է Թուրքիոյ Մէջ Տիրող «Վախի» Մթնոլորտը
Օրհան Փամուք «Ֆրանս 24» կը հաղորդէ, որ 2006-ին գրականութեան Նոպելեան մրցանակի արժանացած թուրք գրող Օրհան Փամուք հարցազրոյցի մը մէջ դատապարտած է իր երկրին մէջ իշխող «վախի» մթնոլորտը: «Ամէնէն վատը այն ... Շարն.
Իսրայէլեան Օդուժը Դամասկոսի Օդակայանին Մօտ Գտնուող Երկու Պահեստանոց Եւ Տիմասի Մէջ Երկու Շրջան Հարուածեց
Իսրայէլեան օդուժը երէկ Դամասկոսի միջազգային օդակայանին մօտ գտնուող երկու պահեստանոցներ եւ Լիբանանի հետ սահմանին մօտ գտնուող Տիմասի մէջ երկու շրջան հարուածեց: Ըստ տեղեկութեանց, իսրայէլեան ռմբաձիգները ընդհանուր առմամբ 10 յարձակումներ գործեցին: ... Շարն.
Պայտըն. «Ուաշինկթըն Բանակցութեան Ծիրին Մէջ Իրանի Պիտի Չարտօնէ Հիւլէական Զէնքի Տիրանալ»
Ճօ Պայտըն Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ իր երկիրը Թեհրանի հետ հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութեան ծիրին մէջ Իրանի պիտի չարտօնէ հիւլէական զէնքի տիրանալ: Ան Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի աջակցող ... Շարն.
Ըստ «Տը Կարտիըն»-ի. Իրան Խոստովանած Է, Որ Իրաքի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքեր Հարուածած Է
Իպրահիմ Ռահիմփուր Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Իպրահիմ Ռահիմփուր բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատած է, որ Իրան օդային հարուածներ հասցուցած է Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն: Ռահիմփուր յայտնած ... Շարն.
Քիւրտերը Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Աջակցութեան Մէջ Թրքական Դերակատարութեան Շուրջ Հետաքննիչ Յանձնախումբի Մը Կազմութիւնը Կը Պահանջեն
Շրջանի քիւրտերուն եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութիւնը աճ արձանագրեց, երբ Իրաքի, Սուրիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ քիւրտերը ներկայացնող կուսակցութիւններ ներկայացուցած են տուեալներ, որոնք Արաբ Բունարի եւ Սինճարի իրադարձութիւններուն մէջ Անգարայի մեղսակցութիւնը կը ... Շարն.
Քերրի Խոստացած Է Միջամտել, Եթէ Ռուս-Աբխազական Համաձայնագիրին Հետեւանքները Հեռուն Երթան
Պերուչաշվիլի եւ Քերրի «Ռոսպլաթ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Թամար Պերուչաշվիլի քննարկած են ռուս-աբխազական համաձայնագիրին ստորագրութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Երկու ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին Մէջ Քննարկուած Է Ազրպէյճանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Թեկնածուի Հարցը
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ քննարկուած է Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպանի թեկնածուի առաջադրման հարցը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Ազրպէյճանի մէջ դեսպանի ... Շարն.
Միջազգային Կարճ Լուրեր
- ԹՈՒՐՔԻՈՅ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշած է, որ «ծայրայեղական խմբաւորումները թուրք-սուրիական սահմանին մօտ գտնուող Այնթապ քաղաքին մէջ սուրիական ընդդիմադիր կառավարութեան կեդրոնատեղիին դէմ յարձակում կը ծրագրեն»: Դեսպանատունը ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներու Տնտեսութիւնը Իր Դիրքը Զիջած Է Չինաստանի Տնտեսութեան
«Մարքեթ Ուաչ» կը հաղորդէ, որ Չինաստանի տնտեսութիւնը Միացեալ Նահանգներու տնտեսութենէն յառաջ անցնելով դարձած է աշխարհի մեծագոյնը: Միջազգային դրամական ֆոնտը վերջերս հրապարակած է համաշխարհային տնտեսութեան վերջին ցուցանիշները: Չինաստան այս տարի 17,6 ... Շարն.
Ազհարի Խորհրդաժողովին Մասնակից Աւելի Քան 700 Հոգեւորականները Կը Յայտարարեն. «Քրիստոնեաներուն Վնաս Հասցնելը Կրօնի Ճիշդ Համարածէն Եւ Մարգարէին Հրամայածէն Շեղում Է»
Երէկ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ «Ահաբեկչութեան ու ծայրայեղականութեան դիմակայման Ազհարի միջազգային խորհրդաժողով»-ը, որուն կը մասնակցէին շուրջ 120 երկիրներէ աւելի քան 700 իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւորականներ: Խորհրդաժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն ... Շարն.
«Միացեալ Նահանգներ Չեն Պատրաստուիր Ռուսիան Մեկուսացնելու» Յայտարարած Է Քերրի
Ճոն Քերրի «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած է, որ իր երկիրը Ռուսիոյ հետ ո՛չ ճակատումի կը ձգտի, ո՛չ ալ զայն մեկուսացնելու: «Միացեալ ... Շարն.

