Category: Գաղութային
Աշակերտական Գծագրական Ցուցահանդէս
Ուրբաթ, 5 յուլիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի «Մուսա Լեռ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական գծագրական ցուցահանդէսի բացում` ներկայութեամբ միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներուն, վարժարանի խնամակալութեան, ուսուցչակազմին ... Շարն.
Ահազանգ. Հալէպ Յայտնուած Է Սնունդի Եւ Վառելանիւթի Պաշարման Մէջ
Երբ օրեր առաջ «Երկիր Մետիա» կը հաղորդէր հալէպահայ համայնքի կրթական յաջողութիւններուն մասին, այդ քաղաքին մէջ կը շարունակէր տիրել լարուած մթնոլորտ: «Երկիր Մետիա» կը յայտնէ, որ յատկապէս դժուար կացութիւն կը տիրէ ... Շարն.
Սուրիահայ Ընտանիքներու Նպաստներու Բաշխման Յուլիս Ամսուան Երկրորդ Հանգրուանը
Երէկ տեղի ունեցան սուրիահայութեան նպաստաբաշխումի յուլիս ամսուան երկրորդ հանգրուանի աշխատանքները` կազմակերպութեամբ Սուրիահայութեան օժանդակութեան լիբանանահայ միջբարեսիրական մարմինին: Մէկ շաբաթ առաջ կատարուած նպաստաբաշխումէն օգտուած էին Լիբանան ... Շարն.
Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Հայաստան Ժամանած Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը
Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան կողմէ Պէյրութ-Երեւան-Պէյրութ ուղիղ թռիչքի բացման առիթով Հայաստան ժամանած Լիբանանի պատուիրակութիւնը: Յակոբեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Սիրելի՛ հիւրեր, ... Շարն.
Հալէպի Հայաբնակ Թաղամասերուն Մէջ Մարտական Գործողութիւնները Հանդարտած Են
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան Panarmenian.net լրատուական կայքէջին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերուն մէջ այս պահուն մարտական գործողութիւններ չեն ընթանար` աւելցնելով սակայն, որ ... Շարն.
ԼՕԽ-ի Նորակառոյց «Ալեքսան Եւ Արաքսի Գլպաշեան» Կազդուրման Կայանի Հանդիսաւոր Բացում
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբին, երէկ` կիրակի, 7 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ` Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովները Կը Սկսին Իրենց Աշխատանքին
Ինչպէս ծանօթ է, 12-15 յունիսին տեղի ունեցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին ընտրուեցան Ազգային կեդրոնական վարչութեան նոր Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները հետեւեալ կազմերով. Կրօնական Ժողով Կորիւն արք. ... Շարն.
Սարկաւագաց Ձեռնադրութիւն` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Շաբաթ, 6 յուլիս 2013-ին, Լիբանանի թեմի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող 9 կիսասարկաւագներ յատուկ արարողութեամբ սարկաւագ ձեռնադրուեցան: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ անմահ ... Շարն.
Լեւոն Զէքի Ետալեան Կը Ստանձնէ «Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքէջի Հովանաւորութիւնը
«Ազդակ»-ի արաբերէն կայքին հետեւողները նկատած են արդէն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան, սփիւռքի եւ Հայ դատի վերաբերող լրատուութիւններու մեկնաբանութիւններու թարմացումին կշռոյթը հետզհետէ կ՛արագանայ: Շաբաթական հերթականութեամբ կատարուող թարմացումները արդէն վերածուած են ոչ միայն ... Շարն.
«Ազիրեան» Ակումբին Մէջ. Արաբական Աշխարհի Վերջին Իրադարձութիւններուն Մասին Շահեկան Զեկուցում
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 5 յուլիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փաուըր փոյնթի դրութեամբ զեկուցում, որուն նիւթն էր «Արաբական ... Շարն.
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Շահէ Տէր Յարութիւնեանի «Երազային Հայաստան» Խորագիրով Ցուցահանդէսի Բացում
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ հովանաւորութեամբ լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագէտ Ռոզվարդ Սիսեռեանի, երէկ` հինգշաբթի, 4 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, բացումը կատարուեցաւ Շահէ Տէր Յարութիւնեանի «Երազային Հայաստան» խորագրեալ ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ մեծ ... Շարն.
Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ
Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտ Դամասկոսի Օմայատ հրապարակի վրայ բանակի միաւորները կրցան ականազերծել ինքնաշարժ մը, որ պայթելու նպատակով զետեղուած էր Օփերայիի տան մօտ: Անցնող օրերուն մայրաքաղաքի ... Շարն.
«Երբ Մարդ Կը Հեռանայ Բնութենէն, Իր Բնականոն Կեանքէն Դուրս Կը Մնայ» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Արուեստագէտ Շահէ Տէր Յարութիւնեան
Այսօր երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագէտ Ռոզվարդ Սիսեռեանի, տեղի կ՛ունենայ Շահէ Տէր Յարութիւնեանի «Երազային Հայաստան» թեմայով ցուցահանդէսը: Արուեստագէտը սերամիք օքսիտ եւ ջնարակով կը ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Դրամատան Աւագ Խորհրդատու Սարգիս Եողուրթճեանը
Երէկ առաւօտ, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական դրամատան աւագ խորհրդատու Սարգիս Եողուրթճեանը: Լիբանան ծնած եւ իր համալսարանական ուսումը Միացեալ Նահանգներու մէջ ստացած Սարգիս Եողուրթճեան աւելի ... Շարն.
Սուրիահայ 400 Ընտանիքի Նպաստներու Բաշխում
Երէկ ընթացք առին սուրիահայութեան նպաստաբաշխումի յունիս ամսուան աշխատանքները, կազմակերպութեամբ Սուրիահայութեան օժանդակութեան լիբանանահայ միջբարեսիրական մարմինին, որ ինչպէս անցնող ամիսներուն, երէկ եւս նպաստաբաշխում կատարեց Լիբանան ... Շարն.
Շնորհակալական Նամակ. Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Լիբանանի Տեղական Մարմնին
Յարգելի՛ անդամներ, Սուրիահայութեան Շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին անունով կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը, Սուրիոյ տագնապին պատճառով Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններու յաղթահարման աշխատանքներուն մէջ ձեր ցուցաբերած աջակցութեան համար: Ձեր կողմէ ... Շարն.
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 30-ամեակ. 2012-2013 Կրթական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը այս տարի ամբողջացուց իր 30-ամեակը: Այս առիթով տարուան ընթացքին կազմակերպուած էին շարք մը ձեռնարկներ, որոնց եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 1 յուլիս 2013-ի, երեկոյեան ժամը ... Շարն.
15-ամեակ. «Ովասիս 2013» Ամառնային Ծրագիրը Սկսաւ Նոր Եռանդով Եւ Իւրայատուկ Ծրագիրներով
Շաբաթ, 29 յունիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Ովասիս 2013» ամառնային ծրագիրի անձնակազմին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին քննութեան առարկայ դարձան «Ովասիս»-ի ծրագիրը, աշխատանքներն ու հոլովոյթը: Այս առիթով, Մեսրոպեան վարժարանի ... Շարն.
100-ամեակի մարմինը այցելեց Հայ կաթողիկէ Պատրիարքին
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը այցելեց հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր տէր Ներսէս-Պետրոս ժԹ. պատրիարքին։ Մարմինը իր գոհունակութիւնը յայտնեց հոգեւոր տիրոջ՝ Ֆրանչիսկոս պապին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ կատարած յայտարարութիւններուն գծով։ ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Քաթարի Իշխանը
Վսեմաշուք Շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի Իշխան Քաթարի Կը շնորհաւորենք Ձերդ վսեմութեան ընտրութիւնը` իբրեւ Քաթարի իշխան: Ձեզի կը մաղթենք ամբողջական յաջողութիւն` երկրի բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան ի խնդիր Ձեր յառաջիկայ ... Շարն.

