Category: Մարզական
Ըստ «Մարքա»-ի. Ռոնալտօ` 2013 Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը
Սպանական «Մարքա» պարբերաթերթը ամփոփեց արդիւնքները տարուան լաւագոյն մարզիկի քուէարկութեան, որուն մասնակցեցան թերթին ընթերցողները: ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի ի նպաստ քուէարկեցին ընթերցողներուն 24,5 առ ... Շարն.
«ՖԻՏԷ»-ի Նոր Դասաւորման Մէջ. Հինգ Հայ Կրանտմասթըրներ` Առաջին Հարիւրին Մէջ. Հայաստան` 6-րդ Դիրքին Վրայ
Չորեքշաբթի, 1 յունուար 2014-ին, «ՖԻՏԷ»-ն հրապարակեց ճատրակի աշխարհի նոր դասաւորումը: Տղոց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը շարունակէ գրաւել նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն (2872): 2-րդ դիրքը կը գրաւէ Լեւոն Արոնեան (2812), ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Միջմասնաճիւղային Մրցաշարք
Շաբաթ, 28 դեկտեմբեր 2013-ին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի միջմասնաճիւղային երկրորդական խումբերու (97-98-ի ծնունդ) մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումները: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. ՀՄԸՄ Ժըտէյտէ - Նաւասարդեան ... Շարն.
Անգլիական Ֆութպոլ. Առաջին Չորս Դիրքերը Գրաւող Խումբերը` Յաղթական
Չորեքշաբթի, 1 յունուար 2014-ին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումները: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արսենալ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Քարտիֆը` 60 հազար ... Շարն.
Ճատրակ. Զաւէն Անդրէասեան Տիրացաւ Կրոնինկընի Բաց Մրցաշարքի Տիտղոսին
Զաւէն Անդրէասեան (աջէն` երկրորդը) 21-30 դեկտեմբեր 2013-ին աւարտեցաւ ճատրակի Կրոնինկընի (Հոլանտա) բաց մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 103 ճատրակ խաղացողներ: Հայրենի կրանտմասթըր Զաւէն Անդրէասեան առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով ... Շարն.
Թիակօ Սիլվա` Եւրոպայի Մէջ Հանդէս Եկող Լաւագոյն Պրազիլցին
Պրազիլական Sambafoot.com կայքէջէն կատարած հարցախոյզին արդիւնքներուն հիմամբ, Եւրոպայի մէջ հանդէս եկող պրազիլցի լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յետսապահ Թիակօ Սիլվա, որուն ի նպաստ քուէարկած են հարցախոյզին մասնակցողներուն 24,19 առ ... Շարն.
Այսօր` Հուփսի Մամլոյ Ասուլիսը
Հուփս Ռիատի ակումբի նախագահ Ժասեմ Քանսօ այսօր` ուրբաթ, 3 յունուար 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հազմիէի մէջ գտնուող ակումբին կեդրոնատեղիին մէջ պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի խօսի ... Շարն.
Սարգիս Յովսէփեան Նշանակուեցաւ Փիւնիկ Երեւանի Գլխաւոր Մարզիչ
Երէկ` երկուշաբթի, 30 դեկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ մրցանիշ հաստատած Սարգիս Յովսէփեան նշանակուեցաւ Փիւնիկ Երեւանի գլխաւոր մարզիչ, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքէջը: ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ ակումբի նախագահ ... Շարն.
Մասնակցութեամբ Ա. Դասակարգի Բոլոր Ակումբներուն. Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
PROFOTO Երէկ` երկուշաբթի, 30 դեկտեմբերին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը գումարեց իր ժողովը` մասնակցութեամբ Ա. դասակարգի բոլոր ակումբներուն նախագահներուն եւ ներկայացուցիչներուն: Այս ժողովին ներկայ էին հետեւեալ 12 ակումբները. Շանվիլ (Էլի Ֆարհաթ), Ռիատի ... Շարն.
Անգլիական Ֆութպոլ. 1 Յունուար 2014-ին` Դարձի Առաջին Հանգրուանի Մրցումները
Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումները կը սկսին 1 յունուար 2014-ին` Սուանզի - Մանչեսթըր Սիթի բացման մրցումով, որմէ ետք կը շարունակուին մնացեալները: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը ... Շարն.
Մեսսի Ֆութպոլի Դաշտերը Կրնայ Վերադառնալ 5 Յունուարին
Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի իր ստացած վնասուածքէն կ՛ապաքինի աւելի արագ, քան` ինչ որ կը նախատեսուէր: Իր լուրը քաղելով սպանական մամուլէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը ... Շարն.
Շումախըր Փոխադրուեցաւ Հիւանդանոց
«Ֆորմիւլա-1»-ի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրած գերմանացի վարորդ Միքայէլ Շումախըր նախորդ շաբաթավերջին փոխադրուեցաւ Ֆրանսայի մէջ գտնուող հիւանդանոցներէն մէկը: Ան ունեցաւ արկած մը ոչ թէ ինքնաշարժ վարելու ժամանակ, այլ` դահուկարշաւի մարզով ... Շարն.
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ` «Կլոպ Սաքըր»-ի Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը
Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ «Կլոպ Սաքըր»-ի կողմէ ճանչցուեցաւ 2013 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը` լուրը քաղելով արքայական ակումբին պաշտօնական կայքէջէն: ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզի 18-րդ Պարտութիւնը
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան հինգ մրցումներ: Լոս Անճելըս Լէյքըրզ կրեց իր 18-րդ պարտութիւնը` այս անգամ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզէն, 111-104 արդիւնքով: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Կոլտըն Սթէյթ ... Շարն.
Վալենսիա` Տիուքիչը Փոխարինեց Փիցցիով
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Լա լիկա»-ի կազմերէն Վալենսիայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ծնունդով արժանթինցի Խուան Անթոնիօ Փիցցի նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ, այսպիսով փոխարինելով Միրոսլաւ Տիուքիչը, ... Շարն.
«Լա-Լիկա-2013». Ամէնէն Արդիւնաւէտ Զոյգը Ռոնալտօ – Պենզեմա Զոյգն Է
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը հաղորդեց, որ 2013 տարուան «Լա լիկա»-ի ամէնէն արդիւնաւէտ զոյգն է Քրիսթիանօ Ռոնալտօ - Քարիմ Պենզեմա զոյգը: Ռէալ Մատրիտի վերոնշեալ մարզիկները միասնաբար նշանակած են 53 կոլ (Ռոնալտօ` ... Շարն.
Իլիա Ցիմպալար Մահացաւ
Շաբաթ, 28 դեկտեմբերին Օտեսայի մէջ մահացաւ Սպարտակ Մոսկուայի եւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Իլիա Ցիմպալար (44 տարեկան), որ անցեալին ռուսական ակումբին հետ 6 անգամ հանդիսացած է երկրի ախոյեան: ... Շարն.
Թերիի 600-րդ Մրցումը` Չելսիի Հետ
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երթի մրցումները: 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումը յատկանշական եղաւ Չելսիի խմբապետ եւ յետսապահ Ճոն Թերիի համար, ոչ թէ ... Շարն.
Ճատրակ. Աշխարհի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Արամ Յակոբեան Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան
Արամ Յակոբեան Նախորդ շաբաթավերջին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն քաղաքին մէջ աւարտեցաւ աշխարհի ճատրակի կրտսերներու ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները: Հայաստանէն 28 մասնակցողներուն մէջ կարեւոր իրագործում մը ... Շարն.
Ճատրակ. Աշխարհի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Լիբանանահայ Մասնակցողները Արձանագրեցին Գոհացուցիչ Արդիւնքներ
Շաբաթ, 28 դեկտեմբերին աւարտեցաւ ճատրակի աշխարհի կրտսերներու ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն քաղաքին մէջ: Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանան` իր ախոյեաններով: Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին ... Շարն.

