Category: Մարզական
ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ 2013-Ի ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՈՒՍՈՒՄՆԱՄԱՐԶԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ
Եւրոպայի 2013-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով, յառաջիկայ 7 յունիսին Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականը իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ 7 յունիսին` հիւրընկալելով Մոնթենեկրոն: Իր կազմը լաւապէս պատրաստելու համար այս մրցումին, Հայաստանի ... Շարն.
«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ՇԱԼՔԷ ԵՒ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԱՊԱՀՈՎԵՑԻՆ ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐԵՆՑ ՏՈՄՍԵՐԸ
Երէկ յստակացան «Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը ապահովող վերջին երկու խումբերը, երբ տեղի ունեցան քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները: Շալքէ, որ երթին 5-2 արդիւնքով յաղթած էր Ինթեր Միլանի, ... Շարն.
«ԵՈՒՐՈՓԱ ԼԻԿ». ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ ՔԱՌՈՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԴԱՐՁԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
«Եուրոփա Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի յստականան կիսաւարտականի իրենց տոմսերը ապահովող խումբերուն անունները: Փորթօ, Վիարէալ եւ Պենֆիքա, որոնք երթին, իրենց ... Շարն.
ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԵՒ ԸՆԹԱՑԻԿ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ
Այսօր` հինգշաբթի, 14 ապրիլին կ՛աւարտի Էն. Պի. Էյ.ի ընթացիկ ախոյեանութիւնը, երբ տեղի կ՛ունենան 15 ճակատումներ: Երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները, Նիւ Եորք Նիքս- Շիքակօ Պուլզ` ... Շարն.
ԱՐՍԷՆ ՓԵՔԼԱՐԵԱՆ. «ԵԹԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՀՐԱՒԷՐ ՍՏԱՆԱՄ, ՄԵԾ ՀԱՃՈՅՔՈՎ Կ՛ԸՆԴԱՌԱՋԵՄ»
Ռուսական Քրասնոտար ֆութպոլի ակումբի երիտասարդներու խումբի բերդապահ Արսէն Փեքլարեան տեղական մամուլին հետ ունեցած իր մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ եթէ Հայաստանէն որեւէ հրաւէր ստանայ, շատ մեծ հաճոյքով պատրաստ է ընդառաջելու ... Շարն.
ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ՍՄԲԱՏ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ԱՌԱՋԻՆ ՄԵՏԱԼԸ
Ռուսիոյ Քազան քաղաքին սկսած Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 2011-ի ախոյեանութեան մրցումներուն առաջին օրը, 56 քկ դասակարգին մէջ, Սմբատ Մարգարեան, Հայաստանին ապահովեց առաջին մետալը: 18 տարեկան ծանրաբարձը, որ նախորդ ախոյեանութեան տիրացած էր արծաթ ... Շարն.
ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԳԱԳԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ՍԿՍԱՒ
Երէկ, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ սկսաւ Գագիկ Ծառուկեանի անուան կռփամարտի միջազգային մրցաշարքը բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք: Հայկական մամուլը տեղեկացուց, որ բացման արարողութեան թրիպիւնները ամբողջութեամբ լեցուն էին, նոյնիսկ քանի ... Շարն.
ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ԷԼԵՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ
Թաթարստանի մայրաքաղաք Քազանի մէջ կը շարունակուին տեղի ունենալ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումները: Աղջկանց 53 քկ դասակարգին մէջ Էլեն Գրիգորեան` ընդամէնը բարձրացնելով 195 քկ հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան: Պէտք է նշել, որ ... Շարն.
«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏ ԵՒ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ԱՊԱՀՈՎԵՑԻՆ ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐԵՆՑ ՏՈՄՍԵՐԸ
«Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի երկու ճակատումները տեղի ունեցան երէկ գիշեր: Անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Պարսելոնա ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը: Մանչեսթըր, որ երթին 1-0 արդիւնքով ... Շարն.
ԱՆԳԼԻԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՎԻՐԱՒՈՐ ԹԵՒԵԶ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏԻ ԴԷՄ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՄՐՑՈՒՄԷՆ
Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Քարլոս Թեւեզ, որ նախանցեալ օր Լիվըրփուլի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Փրեմիեր Լիկ) վիրաւորուեցաւ, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել շաբաթ, 16 ապրիլին Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ տեղի ունենալիք Անգլիոյ ... Շարն.
ՌՈՊԵՆ ԵՒ ԻՊՐԱՀԻՄՈՎԻՉ ԿԱԽԱԿԱՅՈՒԵՑԱՆ
ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ֆութպոլի ֆետերասիոնը շաբաթասկիզբին երկու մրցումով կախակայեց Պայէրն Միւնիխի մարզիկներէն Արժեն Ռոպենը` նկատի ունենալով, որ ան նախորդ շաբաթավերջին Նիւրեմպերկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին կարմիր քարտ ստացած էր: Ատկէ բացի, 27 ... Շարն.
ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ՎԱՂԸ Կ՛ԱՒԱՐՏԻ ԸՆԹԱՑԻԿ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով երէկ տեղի ունեցան 11 ճակատումներ: Այսօրուան յայտագիրին վրայ են երեք մրցումներ: Վաղը` հինգշաբթի, 14 ապրիլին կ՛աւարտի ընթացիկ ախոյեանութիւնը, երբ տեղի կ՛ունենան 13 հանդիպումներ: Կարճ ... Շարն.
ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՏՂԱՔԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ ՉՈՐՐՈՐԴ
Նախորդ շաբաթավերջին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցան Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումները: Տղոց պարագային Պարաղեմ Նապաթիէ տիտղոսը պահեց իր մօտ` վերջին հանգրուանի մրցումներուն յաղթելէ ... Շարն.
ԳԱԳԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ԿՌՓԱՄԱՐՏԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՏԻՏՂՈՍԱԿԱԿԻՐՆԵՐՆ ՈՒ ԱՆՈՆՑ ՄԱՐԶԻՉՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻՆ
Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ եւ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ Դերենիկ Գաբրիէլեան իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին անդրադառնալով այսօր` 12 ապրիլին սկսելիք Գագիկ Ծառուկեանի անուան կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին, ըսաւ, որ տիտղոսակակիրները, ... Շարն.
«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ԱՅՍՕՐ` ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏ-ՉԵԼՍԻ ԵՒ ՇԱԽՏԻՈՐ ՏՈՆԵՑՔ- ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ
«Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները տեղի պիտի ունենան այսօր եւ վաղը` ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ (փակագիծերուն մէջ նշուած են երթի մրցումներուն արդիւնքները. ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՅՍՕՐ ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, կիրակի, 10 ապրիլին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան պասքեթպոլի երեք մրցումներ: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Մեսրոպեան - Քաղաքի Հայ Սքուլ (մեծ տղաք) ... Շարն.
ՀԱՇՄԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԼՈՂԱՐՇԱՒԻ ԲԱՑ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՈՒԹ ՄԵՏԱԼԻ
Հայաստանի հաշմանդամներու լողարշաւի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ նախորդ շաբաթավերջին Ռուսիոյ մէջ աւարտած 2011-ի հաշմանդամներու լողարշաւի բաց ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչները սքանչելի արդիւնքներ արձանագրելով տիրացան ութ մետալի: Արտակ Դաւթեան (13 տարեկանէն ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻՆ ԱՂՋԿԱՆՑ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
Երէկ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը լիբանանեան մարզական մամուլին յղեց Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը. անոնք կը սկսին այսօր: Առաջին մրցումին Անդրանիկ Պէյրութ իր դաշտին` «Տեմիրճեան» կեդրոնին ... Շարն.
ՃԱՏՐԱԿ- ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԱԿՈՒՄԲՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՍԵՐԿԷՅ ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱԽՈՅԵԱՆ
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտած Գերմանիոյ ճատրակի տղոց ակումբներու ախոյեանութեան 14-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Պէյտըն- Պէյտըն խումբը 5-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք Վերտըր Պրեմընի, ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացաւ մրցաշարքին աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ: ... Շարն.
ԺԻՒՏՕ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՐԿՈՒ ՈՍԿԻ ՄԵՏԱԼՈՎ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԷՆ
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ ժիւտոյի Եւրոպայի երիտասարդներու բաժակի մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ (Յունաստան): Այս մրցաշարքին Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերաւ 9 մարզիկով: Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Դաւիթ Խիթարեան յայտարարեց, որ ... Շարն.

